ՊՈԼԻՍ կու գայ յունարէն «պոլիս» բառէն, որ կը նշանակէ քաղաք։
Պոլիս բառը երկար ժամանակ է ի վեր հայերու կողմէ կը
գործածուի Իսթանպուլ քաղաքին մատնանշելու համար:
Պոլիս ինստիտուտը կ՚աշխատի որպէս ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել անցեալը, ծանօթացնել հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու մշակոյթները, քաջալերել եւ ներշնչել նոր ուսումնասիրութիւններ, զարգացնել նորարական մեթոտաբանութիւններ եւ բաժնեկցիլ արտադրուած տուեալները եւ գիտութիւնը։ Ուսումնասիրողներ, ակադեմականներ, մասնագէտներ եւ այլ հետաքրքրուած անձեր կրնան հայագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարել, իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով աղբիւրներով հարուստ արխիւ եւ գրադարան։ Պոլիս Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ինստիտուտի երդիքին տակ կը կիրառուին բանաւոր պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան ծրագիրներ, արխիւներու հաւաքագրութիւն, փորձառութիւններ բաժնեկցելու նիստեր եւ միջազգային գիտաժողովներ, նիւթ ունենալով որոշուած քաղաքի մը հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւնը։
Այս նպատակով, ՊՈԼԻՍ կը գործադրէ մեթոտներու լայն ծիր մը, ներառեալ ուսումնասիրութիւններ եւ սերտողութիւններ, ծրագիրներու զարգացում եւ գործադրութիւն, տեղեկագիրներու, յօդուածներու, պարբերական եւ ոչ պարբերական հրատարակութիւններու պատրաստութիւն, գրադարանի եւ արխիւի ստեղծում եւ զարգացում, օժանդակութիւն անհատներու եւ կազմակերպութիւններու իրականացնելու ակադեմական եւ անկախ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպութիւն հանդիպումներու, աշխատանոցներու, ցուցահանդէսներու, նիստերու, գիտաժողովներու եւ այլ նման միջոցառումներու։
Թուրքիոյ բազմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու եւ երեւելի դարձնելու համար, ՊՈԼԻՍ կը ստեղծէ կառուցուած ժառանգութեան տուեալներու շտեմարաններ, որ կը ներառնեն եկեղեցիներ, սինակոկներ, մզկիթներ, ճեմեվիներ, դպրոցներ, վանքեր, հիւանդանոցներ, որբանոցներ եւ գերեզմանատուներ։ Այս կառոյցները կարեւոր մասնիկներն են տարբեր մշակոյթներու, յատկապէս հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ հրեաներու։ ՊՈԼԻՍ նաեւ կ՚աշխատի պահպանելու եւ վերագործադրուելու իր ցանկերուն վրայի կառոյցները, գործածելով ստեղծարար մեթոտներ, կառոյցներուն շուրջ գիտակցութիւն գոյացնելու համար։ Իրաւունքերու վրայ հիմնուած մօտեցում մը գոյացնելու համար, ՊՈԼԻՍ կ՚իրականացնէ գործունէութիւն՝ ակադեմական ուսումնասիրութիւնները հասցնելու հասարակութեան, կը զարգացնէ եւ կը գործածէ վարժութիւններ եւ դասային ծրագիրներ՝ հիմնուելով արխիւներու եւ գիտութեան վրայ։ ՊՈԼԻՍ ի մի կը բերէ եւ կը դասաւորէ անձնական արխիւներ, լուսանկարներ, վաւերաթուղթեր եւ գիրքեր, եւ անոնք հասանելի կը դարձնէ ուսումնասիրողներուն, ինչպէս նաեւ կը տանի բանաւոր պատմութեան աշխատանք, Թուրքիոյ հայերու յիշողութիւնը արխիւացնելու նպատակով։
ՊՈԼԻՍ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային, հայագիտութեան որակական բարելաւման։ Այս նպատակով եւ ի միտի ունենալով արեւմտահայերէնի առաձգական դերը հայագիտութեան մէջ, ՊՈԼԻՍ կը ստեղծէ արեւմտահայերէնը նոր սերունդներու փոխանցման ծրագիրներ, լեզուն սորվեցնելով ապրող եւ փոփոխուող աշխարհի մը յարմար միջոցներով։
Ինստիտուտը կը գործադրէ հետեւեալ ծրագիրները՝