2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, Հրանդ Տինքի տարեդարձ, ամէն տարուան Սեպտեմբեր 15-ին։ Մրցանակին նպատակն՝ այն կազմակերպութիւններուն, խմբակներու, որ կը յոյս ներշնչեն մարդոց որ կառչած մնան իրենց պայքարներուն, անոնք որ կ՚աշխատին աւելի ազատ եւ արդար աշխարհի մը համար, զերծ զատողութենէ եւ բռնութենէ, կը վտանգեն իրենց անձը իրենց գաղափարներուն համար, եւ կը գործածեն խաղաղութեան լեզուն, որ իրենք առանձին չեն։ Ամէն տարի, մրցանակը կը շնորհուի երկու անձերու, կազմակերպութիւններու կամ խումբերու, մէկը Թուրքիայէն, եւ միւսը Թուրքիայէն դուրս։
Բուն մրցանակէն զատ, ընտրելու ընթացքէ մը ետք, մրցանակի կոմիտէն ընտրութիւն մը կատարէ անհատներու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու, որ Հրանդ Տինք Մրցանակի նպատակային ուրուագիծին մօտ աշխատանք կը տանին եւ անոնց անունները կը յայտարարէ հանրութեան մրցանակաբաշխումի ընթացքին, «Ներշնչումներ» խորագիրի տակ։
Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի թեկնածուները կա՛մ կ՚ընտրուին մրցանակի կոմիտէին կողմէ, ըստ տարեկան որոնման ընթացքի արդիւնքներուն, եւ կա՛մ կ՚առաջարկուին այլ անհատներու, կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ։