Լեզուն մշակոյթի մը ամենէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է։ Հրանդ Տինք Հիմնարկին նպատակն է, ոչ թէ միայն պահպանել արեւմտահայերէնը որպէս մշակութային ժառանգութիւն, այլ որպէս ապրող լեզու մը, որ պէտք է նոր սերունդներու փոխանցել, լեզուն սորվեցնելով ապրող եւ փոփոխուող աշխարհի մը յարմար միջոցներով։ Այս դիտանկիւնէն նայելով, Հրանդ Տինք Հիմնարկի պարտականութիւններէն մէկն է արեւմտահայերէնի դասընթացքներ ունենալ, պատրաստել դասաւանդման ծրագիրներ եւ կազմակերպել արեւմտահայերէն նիստեր։
Արեւմտահայերէն առցանց աղբիւրներ
Հայերէնի ծրագիրի առաջին առցանց զեկոյցը, «Արեւմտահայերէն առցանց աղբիւրներ» խորագրով կայացած է 11 Յունիս 2020 թուականին։ Զեկոյցավար Վահագն Քէշիշեանը հրամցուց արեւմտահայերէն բառարաններ, գրականութեան կայքէջեր, սրբագրիչներ, ցանցասփռումներ, տեսերիզներ եւ արխիւային հաւաքածոներ։
Զեկոյցին տեսերիզը կարելի է տեսնել ստորեւ։
Արեւմտահայերէնի դասընթացքներ
Հրանդ Տինք Հիմնարկի պարտականութիւններէն մէկն է արեւմտահայերէնի դասընթացքներ ունենալ, պատրաստել դասաւանդման ծրագիրներ եւ կազմակերպել արեւմտահայերէն նիստեր։