Սոյն ծրագիրը կ՚օժանդակէ Եւորպական Միութիւնը, կ՚իրագործէ Հրանդ Տինք Հիմնարկը, համագործակցութեամբ Օլօֆ Փալմ միջազգային կեդրոնի եւ Իսթանպուլի քաղաքականութիւններու կեդրոնի, սատարելու համար քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարներուն, որ կը պայքարին Թուրքիոյ մէջ զատողութեան դէմ։
Ծրագիրին նպատակն է պարտադրել բազմազանութիւն, բազմամշակութային մօտեցում եւ սատար կանգնիլ երկխօսութեան եւ ժողովրդավարութեան, նախընտրութիւն տալով բոլոր տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքի խօսոյթին։ Ծրագիրին միջոցները կը ներառնեն՝ ենթա-օժանդակութիւններու ծրագիր, փոխադրութիւններու ծրագիր, լաւագոյն կիրառութիւններու փորձերու ծանօթացում, աշխատանոցներ եւ զատողութեան դէմ պայքարելու աղբիւրներու պատշաճեցում։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի «Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հեղինակութիւնը բարձրացնել» ծրագիրը կը տրամադրէ նիւթական օժանդակութիւն այն ծրագիրներուն, որոնք կ՚աշխատին Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները զօրացնելու, իրաւունքներու եւ ազատութիւնները պահպանելու, կը պայքարին զանազան ազգային, հասարակական, քաղաքական խմբաւորումներու միջեւ համակեցութիւն կառուցելու։ Այս բոլորը մշակութային երկխօսութեան, փոխհասկացողութեան եւ վստահութեան միջոցաւ։
«Ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու շարժականութեան ծրագիր»-ը կը նպատակադրէ առիթ ընծայել Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան մասնագէտներուն օգտուիլ նորարական մեթոտներէն եւ լաւագոյն կիրառութիւններու փորձերէն, աշխատելով քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու մէջ, որ կը գտնուին Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Աֆրիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ասիոյ մէջ։
Լաւագոյն կիրառութիւններու փորձերու ծանօթացում, աշխատանոցներ, զատողութեան դէմ աղբիւրներու պատշաճեցում, մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան բնագաւառներու մէջ աշխատող քաղաքացիական հասարակութեան ազգային եւ միջազգային ներկայացուցիչներու միջեւ փոխանակում՝ տեղեկութեան, փորձառութեան, գործնական գիտելիքներու եւ միջոցներու։