Հրանդ Տինք Հիմնարկը հիմնուած է 2007 թուականին, լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, շարունակելու համար իր երազները, պայքարը, լեզուն եւ սիրտը։ Իր գործունէութիւնը հիմնելով երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ փոխհասկացողութեան մշակոյթի մը զարգացման վրայ, Հիմնարկը իր ծրագիրները կը ծառայեցնէ ժողովրդավարացման, իրաւունքներու արմատացման, հաւասարութեան, ազատութեան, զանազանութեան եւ փոխըմբռնման տարածումին։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը իրագործած է տասնեակներով նորարական ծրագիրներ, որոնք փոփոխութիւն բերած են եւ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցած են ատելութեան խօսքի, զատողութեան խօսոյթի, մշակութային ժառանգութեան, բանաւոր պատմութեան, փոխըմբռնման եւ անցեալի հետ առերեսուելու, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնագաւառներու մէջ։
Հիմնարկի նպատակները եւ գործունէութեան ոլորտներէն են՝
- Սատարել Թուրքիոյ ժողովրդավարացման գործընթացին եւ ծառայել մարդկային իրաւանց, փոքրամասնութիւններու եւ մշակութային իրաւունքներու տարածման եւ պահպանման։
- Պայքարիլ ատելութեան եւ զատողութեան խօսքի դէմ, վեւերագրելու եւ իրազեկման աշխատանքներու միջոցաւ։
- Բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութիւններ իրականացնել յանուն փոխըմբռնման զարգացման, անլսելի ձայները լսելի դարձնելու եւ անձնական պատմութիւններու միջոցաւ։
- Թուրքիոյ ոչ-Իսլամ մշակութային ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ առնել եւ աշխատանք տանիլ այս ժառանգութեան պատկանող կառոյցներու պահպանման եւ նորարական ձեւերով վերստին գործածութեան համար։
- Զարգացնել մշակութային յարաբերութիւնները Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Եւրոպայի ժողովուրդներուն միջեւ, անոնց հաղորդակցութիւնը զարգացնելու համար։
- Յիշողութեան վրայ կեդրոնացած գործունէութիւն վարել, քաջալերելու համար հասարակութիւնը իր անցեալին հետ առերեսուելու, խաղաղութիւնը որդեգրելու, փոխըմբռնումը եւ փոխհասկացողութիւնը զարգացնելու համար։
- Արտերկրէն Թուրքիա ներմուծելով լաւագոյն կիրառութիւններու փորձերը, աշխատանոցներ կազմակերպելով, եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով, զարգացնել հասարակական կազմակերպութիւնները եւ երիտասարդ մասնագէտներուն հեղինակութիւնը։