Հրանդ Տինք Հիմնարկ ըլլալով, կը պայքարինք պահպանելու, գրանցելու, ծանօթացնելու եւ երեւելի դարձնելու մշակութային ժառանգութիւնը՝ շօշափելի եւ անշօշափելի ժառանգութիւնը, ստեղծուած սերունդներու շարունակականութեան ընդմէջէն, որ ապրած են այս հողերուն վրայ։ Մենք խորապէս հետաքրքրուած ենք նոր ուսումնասիրութիւններով, որ կը քննարկեն անատոլիայի վարպետներու, արհեստաւորներու եւ արուեստագէտներու միջեւ յարաբերութիւնները, մշակութային փոխանակութիւնը հասարակութիւններու միջեւ եւ թէ ինչպէս այս փոխանակութիւնը տեղի ունեցած է, ինչպէս նաեւ նոր հորիզոններ բանալ այս ուսումնասիրութիւններուն համար։
Ներշնչուած Անատոլիայի բազմամշակութային կառուցուածքէն, մեր գործունէութիւնը կը կատարենք նկատի առնելով իրար սնուցանող զանազան խմբաւորումներու կողմէ ստեղծուած աշխատանքները։ Այս տեսակէտէն մեկնելով զարգացուցած մեր ծրագիրները մշակութային ժառանգութեան յիշողութիւնը վառ կը պահեն մարդոց միտքերուն մէջ։
Հիմնարկը կը հաւատայ, որ պէտք է Թուրքիոյ զանազան մշակոյթները ընդունիլ ոչ թէ որպէս կարօտի առարկաներ, որ պէտք է յիշուին, այլ որպէս հարստութիւնը մը, որ տակաւին կենդանի է այսօր, եւ պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Երբ բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութիւնները կ՚արժեւորուին հաւաքական յիշողութեան մէջ, բաժնեկցելով եւ միասին ստեղծագործելով կարելի կ՚ըլլայ գոյացնել համակեցութեան տարածքը։