Ասուլիս բառը կու գայ «ասել» եւ «լսել» բայերու շաղկապումէն, եւ կը նշանակէ զրոյց եւ երկխօսութիւն։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի երդիկին տակ հիմնուած «Ասուլիս՝ խօսոյթի, երկխօսութեան եւ ժողովրդավարութեան տարրալուծարան»-ը առաջին նման հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնն է Թուրքիոյ մէջ, որ կը պայքարի զատողութեան դէմ, կ՚աշխատի խօսոյթի ուսումնասիրութիւններու վրայ եւ կ՚օժանդակէ այս բնագաւառէն ներս կատարուած ճիգերը։ Շարունակելով 2009 թուականին հիմնուած Հրանդ Տինք Հիմնարկի «Մամուլի մէջ ատելութեան խօսոյթի հետապնդումի ծրագիր»-ը, Ասուլիս պիտի իրականացնէ ուսումնասիրութիւններ եւ երկխօսութիւններ, կրթութեան, մամուլի, օրէնսդրութեան եւ քաղաքականութեան շուրջ։ Բաղձալով դառնալ առաջատար, նորարար եւ միջգիտակարգային կառոյց մը, Ասուլիս պիտի հակադրէ զատողութեան եւ զատողական խօսոյթին զանազան շուրջառներու մէջ եւ պիտի ստեղծէ տարածք մը, որ կը ծառայէ մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարացման, հաւասարութեան եւ բազմազանութեան։
Կեդրոնը կազմակերպուած է որպէս «տարրալուծարան»։ Այս որակը ունենալով ի միտի, կեդրոնին տեսլականն է ընդունիլ եւ օժանդակել ակադեմական ուսումնասիրութիւններ եւ շարժումային բնոյթ ունեցող նախաձեռնութիւններ, որ նման սկզբունքներ կը բաժնեն։ Կեդրոնը նաեւ կ՚ընդունի եւ կ՚օժանդակէ ճիգեր, որ կ՚ուզեն ատելութեան խօսոյթի, զատողութեան խօսոյթի, վտանգաւոր խօսոյթի շուրջ գիտակցութիւն զարգացնել, ինչպէս նաեւ այն ճիգերը, որ կրթական պատրաստութեան աշխատանքներ կը տանին այս ուղղութիւններով։
Ասուլիսը պիտի աշխատի բազմագիտակարգային մօտեցումով, զանազան բնագաւառներէ ներս՝ երկխօսութիւններ, կրթութիւն, դասական եւ նորարար մամուլ, օրէնսդրութիւն եւ քաղաքականութիւն։ Ասուլիսի լսարանն են ակադեմական գիտաշխատողները, անկախ ուսումնասիրողները, օրէնսդրական բնագաւառի աշխատակիցները, աշխատանքային արհմիութիւնները, ուսանողները, երեխաները, երիտասարդները, կրթական բնագաւառի աշխատակիցները, տեղական կառավարութիւնները, քաղաքագէտները, կրօնական պաշտօնեաները, լրագրողները, հրատարակիչները, հասարակական ցանցեր գործածողները եւ արուեստագէտները։ Ասուլիս պիտի դառնայ հասարակական գիտութիւններու տարրալուծարաններու առաջին օրինակներէն մէկը Թուրքիոյ մէջ, որուն համար բազում օրինակներ կան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ։
Ասուլիս տարրալուծարանի կողմէ իրականացուող ծրագիրները հետեւեալներն են՝
- Մամուլի մէջ ատելութեան խօսոյթի հետապնդում
- Դէպի նոր խօսոյթ եւ երկխօսութիւն
- Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հեղինակութիւնը բարձրացնել եւ փոփոխութիւն խրախուսել