Ակօս շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատունը, որ նաեւ կը պարունակէ Հրանդ Տինքի անձնական գրասենեակը, փոփոխուած է յիշողութեան վայրի մը, նկատի առնելով, որ վայրը ունի խորհրդանշական իմաստ, եւ զօրաւոր ներկայութիւն հաւաքական յիշողութեան մէջ, Հրանդ Տինքի ճիշդ այս վայրին առջեւը սպանութենէն ի վեր։ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը տարածք մըն է, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հրանդ Տինքի կողմէ որդեգրուած հաւաքական արժէքները, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ ազատութիւններ, ինչպէս նաեւ յիշողութեան եւ յոյսի միջեւ կամուրջներ կապելու կարեւորութիւնը։ Իր ցուցադրութիւններով, արխիւներով եւ հասարակական ծրագիրներով, 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը կը ծառայէ որպէս տարածութիւն՝ երկխօսութեան, ուսումնասիրութիւններու, բաժնեկցելու եւ մտորելու համար։
Վայրը տեղակայուած է Սեպաթ շէնքին մէջ, Հալասքարկազի պողոտային վրայ, Իսթանպուլի Օսմանպէյ թաղամասին մէջ։ Սեպաթ շէնքը շինուած է 1920-ականներու կէսերուն, ճարտարապետն է Ռաֆայէլ Ակուատիշ։
1996 թուականին Հրանդ Տինքի եւ խումբ մը ընկերներու կողմէ հիմնուած Ակօսը, 1999 թուականին կը տեղափոխուի Սեպաթ շէնք։
19 Յունուար 2007 թուականին, Հրանդ Տինք կը սպաննուի Սեպաթ շէնքին առջեւ։ Հարիւր հազարներ ներկայ կը գտնուին իր յուղարկաւորութեան, Ակօսի խմբագրատան եւ Սեպաթ շէնքին յատուկ տեղ մը տալով հաւաքական յիշողութեան եւ հանրային խիղճին մէջ։ Ամէն տարի Յունուար 19-ին, հազարներ կը հաւաքուին Սեպաթ շէնքին առջեւ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու եւ արդարութիւն պահանջելու համար։
2015 թուականին, Ակօսի խմբագրատունը եւ Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը փոխադրուին նոր հասցէ։ Նկատի առնելով վայրին խորհրդանշական կարեւորութիւնը եւ անով տեղը հաւաքական յիշողութեան մէջ, որոշում կը կայացուի նախկին գրասենեակը վերածել յիշողութեան վայրի մը։ Չորս տարուան պատրաստութիւններէն ետք, վայրը կը բացուի հանրութեան։
Վայրը իր անունը առած է Հրանդ Տինքի «23,5 Ապրիլ» յօդուածէն, հրատարակուած Ակօսին մէջ, 23 Ապրիլ 1996 թուականին։ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը տարածք մըն է, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հրանդ Տինքի կողմէ որդեգրուած հաւաքական արժէքները, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ ազատութիւններ, ինչպէս նաեւ յիշողութեան եւ յոյսի միջեւ կամուրջներ կապելու կարեւորութիւնը։
Այցելութեան ժամեր՝
Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի, Հինգշաբթի, Ուրբաթ 10:00-17:00
Շաբաթ 10:00-18:00
Կիրակի 12:00-18:00
Յիշողութեան վայրը կը փակուի արձակուրդներուն եւ Երկուշաբթի օրերը։
Մուտքը ազատ է։
Խմբային այցելութիւններու համար պէտք է նախապէս ժամադրութիւն առնել։ Կը խնդրուիր հեռաձայնել եւ կամ գրել ելեկտրոնային հասցէին։
Հեռ՝ +90 212 240 33 65 | Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։
Halaskargazi Caddesi, Sebat Apartmanı, No: 74/1
Osmanbey 34371 Şişli, İstanbul, Türkiye