Hrant Dink HYW
Հրանդ Տինքի կենսագրութիւնը
https://hrantdink.org/hyw/hrant-dink/998-hrant-dinki-gensakrutyun
Հրանդ Տինքի յօդուածներ
https://hrantdink.org/hyw/hrant-dink/3200-hrant-dinki-hotvadzner
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ծրարները
https://hrantdink.org/hyw/hrant-dink/3265-hrant-dinki-spanutyan-tadavarutyan-dzrarnere
Հրանդ Տինքի արխիւը ի պահ կը մնայ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի գրադարանի հովանիին տակ։ Ան կը պարունակէ Հրանդ Տինքի յօդուածները, լուսանկարները, ելոյթները, ձայնագրութիւնները, տեսալսողական առարկաներ, ինչպէս նաեւ դատական գործընթացին վերաբերող փաստաթուղթեր ու Հրանդ Տինքի մասին գրուած յօդուածներ։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն ալ այս արխիւի ամբողջացումը, դասակարգումն ու տարածումն է։ Հրանդ Տինքի վերաբերող կամ իր մասին եղած տեսագրութիւնները, լուսանկարներն ու փաստաթուղթերը մեզի հետ բաժնելով կրնաք նպաստել արխիւի ճոխացման։ Արխիւի մասին մանրամասն տեղեկութիւն ստանալու եւ անկէ օգտուելու համար հաճեցէք դիմել «Հրանդ Տինք» հիմնարկ։
Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954-ին Մալաթիոյ մէջ: Հինգ տարեկանին ընտանիքը Իսթանպուլ տեղափոխուեցաւ: Հօրն ու մօր բաժանման պատճառով Կետիկփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցւոյ մանկապարտէզը գիշերօթիկ մնալ սկսաւ:
«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պատկերագիրքը, եւ Հրանդ Տփնքի յօդուածները խմբագրող երկու գիրքեր «Երկու Մօտ Ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեւան» ու "Bu Köşedeki Adam" (The Man on the Corner) եւ այս գիրքէրու զանազան լեզուի թարգմանութիւնները:
Մեծ ուրախութեամբ կը ներկայացնենք Հրանդ Տինքի գրութիւններ եւ յօդուածները, խմբագրուած զանազան օրատետրերէ գիրքերէ ու լրագիրներէ դարձնելով մատչելի մեր կայք էջի վրայ:
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի 13 տարի է ի վեր։ Ամբողջական հետաքննութիւն մը չէ կատարուած բոլոր անոնց շուրջ, որ դեր ունեցած են Տինքի հանդէպ սպառնալիքներու եւ զինք թիրախաւորելու մէջ։
Ամէն տարի, Յունուար 19-ին տեղի կ՚ունենայ Հրանդ Տինքի ոգեկոչումը հազարներու կողմէ, Սէպաթ շէնքին առջեւ։ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու կողքին, ներկաները կը բարձրացնեն իրենց արդարութեան պահանջը։