Նախ եկէք՝ զիրար հասկնանք,
Նախ եկէք՝ մէկզմէկու ցաւերւոն յարգանք ցոյց տանք…
Նախ եկէք՝ իրար ապրեցնենք:
Հրանդ Տինք

Հրանդ Տինքի երազը

Բոլորին համար
աւելի ազատ, աւելի արդար
աւելի երջանիկ եւ աւելի յուսալիր
Թուրքիա մը եւ աշխարհ մը:

Խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ եւ սաստկութենէ մաքրուած
Թուրքիա մը եւ աշխարհ մը:

Այնպէս Թուրքիայ մը եւ աշխարհ մը ուր՝
զիրար կը լսենք,
ուր՝ մեր ցաւերը կը կիսենք,
ուրիշ ցաւեր չապրելու համար
ջանք կը դափենք:
Ուր՝ առանց «այլ» նկատուելու
Կը կարենանք տարբեր մնալ եւ
Տարբեր մնալով իսկ «մէկ» կը մնանք:

Այնպէս Թուրքիայ մը եւ աշխարհ մը ուր՝
ամէն ոք ինքզինքը «մարդ» կ'զքայ:

Հրանդ Տինքի պայքարը

Զտուած սէրէն, առանց հաշուի
մտերմութենէն, իր մէջ վախնալն ալ
պարունակող քաջութենէն եւ
Պէտք եղածին պէս ապրել է
Սնուցանուող պայքար մըն է:

Հրանդ Տինքի ոճը

Հրանդ Տինքի ոճը այնպէս է, որ
նոր խօսքերով կը սրբագրէ բոլոր ընդունուածքները, կը ցեւափոխէ ընդդիմութեան մշակոյթը եւ
երախայի մը միամտութեամբ ուղղուած հարցումներով կը գրգռէ միտքերը:
Խաղաղութեան լեզուն
կը ձայնէ խիղճերուն եւ
մեր իմացականութիւնը ու սիրտերը բանալով, առանց միջնորդի եւ առանց կանխավճիռի իրար ճանչնալու կը հրաւիրէ:

Հրանդ Տինքի սիրտը

Ճշտութեան, դափանցիկութեան,
ընկերութեան եւ մարդկութեան
հանդէպ հաւատքովն ու սէրովը
բոլորս գրկող ընդարցակ ովկիանոս մըն է:

«Հրանդ Տինքի Հիմնարկ»ը

Հրանդ Տինքի

Երազներուն, պայքարին,

սիրոյ եւ իր իւրայատուկ ոճին գոյատեւման նպատակով հիմնուած է՝ 2007 թուին:

Երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ զիրար հասկնալու հայեացքը տարածելը իր գործունէութեան հիմը համարող Հիմնարկին, կարք մը նպատակները հետեւեալին պէս են .-

  • Տղոց / պատանիներուն միջեւ առիթներու հաւասարութիւնը, Տղոց / պատանիներուն ստեղծելու կարողութիւնը զարգացնելու նեցուկ ըլլալ:
  • Մշակութային զանազանութիւններուն հարստութիւն մը եւ տարբեր ըլլալուն իրաւունք մը ըլլալու խորհուրդին հասարակութեան կողմէ ընդունուիլը ապահովել:
  • Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Եւրոպայի ժողովորդներուն միջեւ մշակութային յարաբերութիւնները զարգացնել,
  • Թուրքիոյ ժողովրդավարականութեան մէջ յառաջացումին նեցուկ ըլլալ:
  • Ազգայնամոլութենէ եւ ցեղապաշտութենէ զտուած պատմութեան հետազոտութիւններ:
  • Հրանդ Տինքի վերաբերեալ գիրերուն, նկարներուն եւ վաւերագիրներուն հաւաքուիլը:

«Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ը կը ձանկայ նաեւ՝

այս նպատակներու շուրջ գիրք հրատարակելու, դիւանատուն հիմնելու, ամառնային դպրոցներ սարքելու, ֆիլմի, երաժշտութեան, տեսողական արուեստներու կամ պարի եւ կամ գրականութեան պարունակող փառատօններ կազմակերպելու եւ Հրանդ Տինքի անուան մրցանակներ բաշխելու նման զանազան նիւթերու շուրջ աշխատութիւններ բերելու: