Հրանդ Տինք Հիմնարկին համար պատմութիւնը այն հարթակն է, ուր կարելի է առերեսուիլ անցեալին հետ եւ այլընտրանքային ապագայ ստեղծել հիմնուած խղճմտանքով լեցուն խաղաղ լեզուի մը վրայ։ Թէ՛ Հայոց պատմութեան եւ թէ՛ Թուրքիոյ պատմութեան ծրագիրները կը պատրաստուին նպատակ ունենալով փիլիսոփայական եւ բարոյական մօտեցումներ զարգացնել պաշտօնական պատումներէն դուրս պատմութիւն գրելու համար։ Այս մօտեցումը նաեւ կը ներառնէ հաշուի առնել կապը կենդանի էակներու եւ իրենց բնական շրջապատին միջեւ։
Ապրող էակներու փորձառութենէն մեկնելով, Հիմնարկը պատմութիւնը կը դիտարկէ ոչ թէ որպէս սառեցուած պահ մը անցեալի մէջ, այլ որպէս անբաժան մասնիկը մեր ներկային։ Հիմնարկը կը սատարէ բոլոր բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութիւնները, որոնց նպատակն է հաւաքական յիշողութիւն մը ստեղծելը։ Որովհետեւ խղճի պատմութիւնը կը ստեղծէ յուսալի ապագայ։