KarDes՝ Բազմամշակութային Յիշողութեան Շրջապտոյտներու Ուղեցոյց
Ի՞նչ է KarDes-ը:
KarDes-ը բջջային հեռախօսներու յարմարեցուած ծրագիր մըն է, որ նախատեսուած է իբրեւ անձնական շրջապտոյտի ուղեցոյց այն գործածողներուն համար, որոնք կը փափաքին բացայայտել Թուրքիոյ բազմամշակութային ժառանգը ու բազմաշերտ կառուցուածքը: KarDes-ը կարելի է գործածել թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Այս ծրագիրը, գործածողներուն առիթ կու տայ բացայայտելու Թուրքիոյ մէջ գտնուող աւելի քան 2000 բազմամշակութային կառոյցներու տեղն ու պատմութիւնը, յիշողութեան շրջապտոյտներու միջոցաւ տարբեր թաղերու մէջ ճեմելու ընթացքին լսելու այն անձերուն պատմութիւնները, որոնք ապրած են հոն եւ տեսնելու թաղերուն ու կառոյցներուն հին լուսանկարները: KarDes-ը կը նպաստէ հասարակական յիշողութեան լոյս սփռելու՝ պատմելով քաղաքներու բազմակողմանի պատմութիւնները: KarDes-ի միջոցաւ, գործածողները կրնան բացայայտել մշակութային ժառանգութեան ցանկը, որ կը բովանդակէ եկեղեցիներ, սինակոկներ, մզկիթներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ գերեզմանատուններ: Բազմամշակութային ժառանգութիւնը տեսանելի դարձնող ուղիներով քալելով՝ կարելի է լսել քաղաքներու թաքուն պատմութիւնները յայտնի արուեստագէտներու ձայներով, ինչպէս նաեւ պտոյտները կատարել առանց այդ վայրերը այցելելու:
KarDes-ը անվճար ներբեռնելու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ:
Քաղաքներու Մշակութային Ժառանգութիւնը Բացայայտեցէ՛ք
Այն վայրերը, ուր կը գտնուինք ամէնօրեայ կեանքին մէջ, այն շէնքերը, որոնց քովէն կ'անցնինք, այն փողոցները, ուրկէ կը քալենք հարուստ պատմութիւններու մաս կը կազմեն, սակայն այս պատմութիւնները յաճախ կը միօրինակացուին եւ կը կորսնցնեն իրենց զանազանութիւնը պաշտօնական պատմութիւններուն շուքին ներքեւ: KarDes-ը նպատակ ունի քաղաքներու անտեսանելի հարստութիւնները բացայայտելու եւ գործածողներուն ներկայացնելու մշակութային ժառանգութեան կառոյցները: Ծրագիրին մէջ գտնուող «Բացայայտէ՛» յատկութեամբ կարելի է հասնիլ Իսթանպուլի, Անգարայի, Իզմիրի եւ Տիգրանակերտի մանրամասն մշակութային ժառանգութեան ցանկին: Գործածողները կրնան բացայայտել աւելի քան 2000 մշակութային արժէքներու տեղը, պատմութիւնը եւ հին լուսանկարները, որոնք կրնան ամէնօրեայ կեանքին մէջ անտեսանելի դառնալ կամ այսօր արդէն իսկ գոյութիւն չունենալ:
Յիշողութեան շրջապտոյտներ
Ծանօթ թաղերու անծանօթ վայրերը՝ տեսանելի, պատմութիւնները՝ լսելի դարձնելու նպատակով, KarDes-ը կը ներկայացնէ յիշողութեան պտոյտներ, որոնք կը բացայայտեն տարբեր շրջաններու բազմամշակութային անցեալը: Գործածողները աւելի քան 40 յիշողութեան շրջապտոյտներու միջոցաւ կրնան ծանօթանալ քաղաքներու այլընտրական պատմութիւններուն, թաղամասներուն եւ որոշ նիւթերու մասին թեմատիկ շրջապտոյտներուն:
Իսթանպուլէն՝ Գատըգիւղ, Պէյօղլու, Պատմական Թերակղզի, Թաթավլա, Պաղլարպաշը, Կղզիներ. Անգարայէն՝ Ուլուս, Հրեաներու Թաղամաս, Գավաքլըտէրէ. Իզմիրէն՝ Քէմէրալթը, Գորտոն, Ֆրանքական Թաղամաս. Տիգրանակերտէն՝ Խանչէբէք, Եէնի Շէհիր եւ աւելին կը սպասեն բացայայտուիլ: Ատկէ զատ, կարելի է մասնակցիլ նաեւ՝ Իսթանպուլի Սէրերը Պտոյտին, Պէյօղլուի Թատրոնը Պտոյտին, Տիրէքլերարասը Թատրոնը Պտոյտին, Իսթանպուլի Բազմամշակութային Կանանց Պատմութիւնները Պտոյտին, Իսթանպուլի Ջուրի Ժառանգութեան Պտոյտին եւ Իսթանպուլի Հայկական Դպրոցներու Պտոյտներուն պէս զանազան վերնագիրներով շրջապտոյտներու:
KarDes-ը, որ նոր շրջապտոյտներով շարունակ կը վերանորոգուի, առիթ կու տայ բացայայտելու՝ Եօրկոյի Վարդաստանի, Սքէյթինկ Փալասի, Պուլղարի Գինետունի, Ադամեան Թատրոնի, Ափոյեւմաթինի թերթի, Թոփալեաններու խանութի, Սուրբ Քլէմէնս Եկեղեցիի, Պէթ Իսրայէլ Սինակոկի, Տէտէեան Տպարանի, Չարշիյա Շեւիթիի եւ Թիւմէսի Փուռի պէս վայրերը: Կրնաք լսել նաեւ՝ Արա Կիւլէրի, Քնար Սվաճեանի, Հայիմ Ալպուքրէքի, Ալիյէ Պէրկէրի, Զարուհի Քավաճեանի, Տէնիզ Քըզը Էֆթէլեայի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Թահիր Էլչիի եւ Տարիօ Մօրէնոյի պատմութիւնները:
Շրջապտոյտներու համապարփակ հետազօտութեամբ պատրաստուած գրութիւնները, որոնց ձայնագրութիւնները կատարուեցան տարբեր կամաւորներու ինչպէս նաեւ՝ դերասաններու եւ երաժիշտներու կողմէ, հասանելի են թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Վայրերու Պատմութիւնները Լսեցէ՛ք Այդ Վայրին Բնակիչներէն
KarDes-ը՝ նպատակ ունենալով տեսանելի դարձնել քաղաքային եւ ընկերային յիշողութիւնը, որ կը գտնուի անհետանալու եզրին, առիթ կու տայ լսելու՝ թաղամասներու պատմութիւններն ու անոնց փոփոխութիւնները բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներու միջոցաւ, որոնք կատարուած եւ այդ թաղերու հին եւ ներկայ բնակիչներով: KarDes-ը, իր մէջ ընդգրկած աւելի քան 70 բերանացի պատմութեան հարցազրոյցներով, որոնք ունին նաեւ անգլերէն ենթախորագիր ալ, տարբեր թաղամասներու մէջ գտնուող վայրերուն պատմութիւնները կը հաղորդէ կենդանի ու ուժաբանական ներկայացումով:
Քաղաքները Բացայայտեցէ՛ք KarDes-ով
KarDes՝ «Բազմամշակութային Յիշողութեան Շրջապտոյտներ» շարժական ծրագիրին որոշ բովանդակութիւնները այժմ՝ հասանելի են նաեւ Արեւմտահայերէնով:
Շրջապտոյտ՝ Զմիւռնիոյ Հայկական թաղերու մէջ
Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։