Հրանդ Տինք Հիմնարկը մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառները կը դիտարկէ որպէս բազմազան, ընդգրկող եւ մասնակցային հարթակ։ Հիմնարկը կը հաւատայ, որ պէտք է Թուրքիոյ զանազան մշակոյթները ընդունիլ ոչ թէ որպէս կարօտի առարկաներ, որ պէտք է յիշուին, այլ որպէս հարստութիւններ, որ տակաւին կենդանի են այսօր, եւ պիտի փոխանցուին սերունդէ սերունդ։ Երբ բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութիւնները կ՚արժեւորուին հաւաքական յիշողութեան մէջ, համակեցութեան տարածքը կարելի կ՚ըլլայ ստեղծել, բաժնեկցելով եւ միասին ստեղծելով։
Մեր աշխարհագրութեան մշակութային տեսակաւորութեան գիտակից ըլլալէն եկած պարտականութեան զգացումով, Հիմնարկը կը տանի աշխատանքներ, որոնք կը քաջալերէն բազմազանութիւնը եւ համակեցութիւնը մշակոյթի եւ արուեստներու բնագաւառին մէջ։ Ստեղծելով միջմշակութային երկխօսութեան առիթներ, Հիմնարկը կը նպատակադրէ քաջալերել համակրանքը, փոխ հասկացողութիւն եւ երկխօսութիւնը մշակոյթի եւ արուեստներու միջոցաւ։
Հրանդ Տինք Հիմնարկէն ներս, կը հաւատանք, որ նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կը ձախողի արտայայտութեան ազատութեան պայքարին մէջ, արուեստները տակաւին կ՚ունենան կեցուածք ցոյց տալու կարողութիւնը, եւ մենք հպարտ ենք այս խաղաղ հաւատքը ունենալով։ Մենք գիտենք, որ արուեստը միակ բանալին է գոց սահմանները բանալու եւ նեղ միտքերը ընդլայնելու համար։