«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պատկերագիրքը, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի երախայրիքն է, նպատակ ունէր Հրանդ Տինքի սպանութեամբ յառաջացած խորունկ ցաւին յաջորդած ժողովրդային հակազդեցութիւնը վերածել հանրային յիշողութեան մէկ մասնիկի։ Գիրքը որոշ յաջորդականութեամբ մը կ՚ամփոփէ այն լուսանկարները, որոնք ընտրուած են 19-23 յունուար 2007-ի միջեւ քաշուած հազարաւորներու մէջէն։

Գիրքը մանրամասն քննելու համար սեղմեցէք:

Հրանդ Տինքը գիրք մը չունեցաւ երբեք: «Ես գիրք չունեցող գրող մըն եմ» կ՛ըսէր ինքն ալ ծաղրելով: Այս կատակը կարեւոր իրականութեան մը մատնանշում ալ էր անշուշտ: Հրանդը իսկական առումով գործիչ մըն էր: Սակայն Թուրքիոյ ժողովրդականացման գործընթացին ալ իր նպաստը բերաւ, երբ որպէս հիմնադիր ու խմբագրապետ Ակօսի՝ իր խօսքն ու գործը կը ծաւալէր Թուրքիոյ ամենահիմնական խնդիրներուն՝ ի մասնաւորի հայ-թրքական յարաբերութիւններու նկատմամբ:

Գիրքը մանրամասն քննելու համար սեղմեցէք:

Թուրքիացի եմ… Հայ եմ… Մինչեւ ողնածուծս անատոլուցի եմ։
Օր մը իսկ չմտածեցի լքել երկիրս ու ապագաս կերտել Արեւմուտք կոչուող «պատրաստ ազատութեանց դրախտ»ին մէջ. չուզեցի տզրուկի պէս փակչիլ ժողովրդավար այն երկիրներուն, որոնք ստեղծուած են այլոց զոհաբերութիւններով։

Գիրքը մանրամասն քննելու համար սեղմեցէք:

Գիրքի անգլերէն թարգմանութիւնեժը մանրամասն քննելու համար սեղմեցէք:
Գիրքի թրքերէնը մանրամասն քննելու համար սեղմեցէք: