Ամէն տարի, Յունուար 19-ին տեղի կ՚ունենայ Հրանդ Տինքի ոգեկոչումը հազարներու կողմէ, Սէպաթ շէնքին առջեւ։ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու կողքին, ներկաները կը բարձրացնեն իրենց արդարութեան պահանջը։ Ամէն Յունուար 19-ի, մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, մտերիմ մը կորսնցուցած անհատներ, Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար պայքարող անձնաւորութիւններ, ներկաներուն իրենց խօսքը կ՚ուղղեն Սէպաթ շէնքի պատշգամբէն։