Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954-ին Մալաթիոյ մէջ: Հինգ տարեկանին ընտանիքը Իսթանպուլ տեղափոխուեցաւ: Հօրն ու մօր բաժանման պատճառով ինքը եւ երկու եղբայրները Կետիկփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցւոյ մանկապարտէզը գիշերօթիկ մնալ սկսան: Երեք եղբայր նախակրթարանի ուսումը նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Ինճիրտիպի Նախակրթարանը շարունակեցին, իսկ ամառներն ալ դպրոցին Թուզլայի քամփին մէջ անցուցին: Հրանդը միջնակարգի կրթութիւնը Պէզճեանի միջ ստացաւ, իսկ լիսէն Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ գիշերօթիկ ըլլալով ուսանեցաւ եւ վերջին տարին Շիշլի Լիսէէն շրջանաւարտ եղաւ:
Հրանդ նախակրթարանէն ծանօթացած Հայ Վարդօ գերդաստանէն Սիլոփի ծնած Րաքէլ Եաղպասանին հետ ամուսնացաւ եւ երեք զաւակ ունեցան: Ան Իսթանպուլի Գիտական Ֆաքիւլթէի Կենդանաբանական բաժնի եւ յաջորդաբար փիլիսոփայական բաժնի մէջ ուսումը ստացաւ, սակայն իր «Կենսաբանութեան փիլիսոփայութեան» ամպիոնի երազները լքեց Թուրքիոյ մէջ ծաւալող ձախակողմեան քաղաքականութեան մէջ մղած գործօն պայքարին պատճառով: Քաղաքական գործունէութիւններուն իր հայկական ծագումին հետ կապերը խզելու եւ Հայ համայնքին ասկէ վնաս կրելու մտահոգութիւնով, անունը դատարանի որոշումով «Ֆըրաթ»ի փոխեց:
Հրանդ Տինք եւ կողակիցը Րաքէլ, այս շրջանին իրենց հասած Թուզլայի Մանկանց Քամփին վարչութիւնը ստանձնեցին եւ մեծ թիւով անտէր Հայ մանկանց տէր կանգնեցան: Թուզլայի Քամփին մէջ «Հայ մարտիկներ կը մարզուին» մեղադրանքով քամփին Պետութեան կողմէ ձեռք դրուեցաւ եւ Տինք քաղաքական տեսակէտներուն պատճառով երեք անգամ հարցաքննուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ:
Տինք իր եղբայրներուն հետ գրավաճառի խանութ մը բացաւ: 90-ական թուականներուն «Մարմարա» Հայերէն Թերթին մէջ «Ջութակ» ծածկանունով Հայոց մասին Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող գիրքերուն քննադատականները գրել սկսաւ: 5 Ապրիլ 1996-ին հիմնադրեց «Ակօս» լրագիրը, որ Իսթանպուլի մէջ Թրքերէն-Հայերէն հրատարակուող առաջին շաբաթաթերթ ըլլալով պատմութեան անցաւ: Երկու լեզուի մէջ ալ գործածուող «արօրին հողին մէջ բացած, մէջը հունտ ցանուող, առատութիւն պոռթկացող» իմաստը կրող «Ակօս» , այս առատութեան եւ միասնականութեան զուգահեռ հրատարակչական քաղաքականութիւն մը որդեգրեց: «Ակօս»ի բուն նպատակը թրքահայ համայնքին մայրենի լեզուն չգիտցողներուն հասնիլ, կառավարութեան հետ ունեցած հարցերը իր ձայնով արտայայտելով հասարակաց կարծիքին աջակցութիւնը ստանալ եւ հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը բուն ակէն Թուրք ժողովուրդին ծանօթացնել էր:
«Ակօս» իր ձախակողմեան եւ հակադիր ուղիով ուշադրութիւն գրաւելէ զատ, Թուրքիոյ Հայոց համայնքին մէջ ալ տիրող կաղացող կառոյցին քննադատութիւններ բերելով աշխարհկանալուն եւ թափանցկանալուն կարեւորութիւնը շեշտեց, եւ մասնաւորաբար Հրանդ Տինքին բերնէն տարբեր այլընտրանքային ժողովրդական ծրագիրներ առաջարկեց:
Հրանդ, որ «Ակօս»ի հրատարակութեան կեանքին մէջ նոր հորիզոններ յղացող արտայայտութիւններով հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւեց, «Ենի Եիւզեըլ», եւ «Պիրկիւն» թերթերուն մէջ ալ իբրեւ գրող\' անկիւն գրաւեց: Ան օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դրացիական յարաբերութիւններուն հաստատուիլը, սահմանին բացուիլը, Թուրքիոյ ժողովրդականացման ժամանակամիջոցին նեցուկ կանգնուիլը եւ 1915-ի դէպքերու ընթացքին մեռնողներու առնչութեամբ վիրաւորիչ թուաբանական հասկացողութեան փոխարէն, մնացողներու վրայէն փոխադարձաբար երկու ժողովուրդին արժանապատուութիւնը առաջնահերթ նկատող փոխադարձ ոճով արտայայտութիւններու յղացումը, նիւթին մասին կառավարութեան պաշտօնական արտայայտութենէն անջատ\' տարբեր հրատարակութիւններուն ալ ընթացք տալու նիւթը: Տինք մասնակցեցաւ Ամերիկայի, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ բանախօսութիւններու, hայկական ինքնութեան եւ Թուրք-Հայ յարաբերութեանց մասին Հայոց աշխարհի եւ պատմութեան ընթացքին իրենց ունեցած տխուր դերին առնչութեամբ զանազան արեւմտեան երկիրներու մէջ հարցուփորձող ընթացքներու սկսելուն պատճառ դարձաւ:
Տինք Թիրախ ցոյց տալու արշաւներ եւ Դատեր
2002ին Ուրֆայի մէջ մասնակցած դասախօսութեան մը ընթացքին ըրած խօսակցութեան պատճառով բացուած դատէն 9 Փետրուար 2006ին ազատ արձակուեցաւ, բայց բուն դատական խտացման սկզբնակէտը, Աթաթիւրքին որդեգիրը Սապիհա Կէօքճէնին ծագումով Հայ ըլլալը եւ Հայաստանի մէջ ազգականներ ունենալուն մասին 6 Սեպտեմբեր 2004ին իր ստորագրութեամբ «Ակօս»ի մէջ հրատարակուող «Սապիհա Կէօքճէն»ի լուրը պատճառ եղաւ: «Սապիհա-Խաթունին Գաղտնիքը» խորագրով տրուող լուրին մէջ Այնդապ ծնած Հայաստանի քաղաքաղի Հռիփսիմէ Սեպիլճիեան Կազալեան, կը պնդէր թէ ինք Կէօքչէնին եղբօր աղջիկն էր եւ Աթաթիւրքի հոգեզաւակը\' Սապիհա Կէօքչէն իրականութեան մէջ որբանոցէն առնուած Հայ որբուհի մըն էր:
Այս լուրը 21 Փետրուար 2004ին Հիւրրիյէթ լրագրի գլխագիրով «Սապիհա Կէօքճէն՞ թէ\' Խաթուն Սեպիլճիեան» խորագրով տրուելէ վերջ 22 Փետրուար 2004ին Սպայակոյտի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը խիստ բացատրութիւն մը հրատարակեց «Ան Թրքական բանակին առաջին կին ռազմական օդաչուն ըլլալով, Թրքական օդաչուութեան պատուարժան անուններէն մին է: Սապիհա Կէօքճէնը նոյնպէս ալ Աթաթիւրքին Թուրք կնոջ հաւաքականութեան մէջ գրաւելիք դիրքը ցոյց տուող արժէքաւոր եւ հմուտ խորհրդանիշն է: Նպատակը ինչ որ ըլլայ, այսպիսի խորհրդանիշ մը վիճաբանութեան ենթարկել ազգային միաբանութեան եւ հանրային խաղաղութեան ոչ մէկ օգուտ ունեցող մօտեցում մըն է: Այս պնդումը, ազգային զգացում եւ արժանիքներն ալ շահագործելով հրատարակելը լրագրութիւն ըլլալով անուանելը անընդունելի է: Երբ այս միջոցին ամենակարեւորն է ազգային համերաշխութեան եւ միութեան ամենազօրաւոր ըլլալու պարագան, ազգային համերաշխութեան եւ միութեան եւ թէ ազգային արժէքներնուս դէմ այս տեսակի գրութիւններուն նպատակը յայտնի է եւ Թուրք հաւաքականութեան մեծամասնութեան մտահոգութիւն կը ստեղծէ» :
Այս յայտարարութեան անմիջապէս յաջորդող օրերուն Հրանդ Տինք Իսթանպուլի Կուսակալութեան մօտ կը կանչուի եւ Փոխ-Կուսակալ Էրօլ Կիւնկէօրին գրասենեակը, Փոխ-Կուսակալին մօտաւորները ըլլալով ծանօթացուող եւ մինչեւ օրս իրենց ինքնութիւնները անյայտ մնացող երկու հոգիի կողմէ \'Կ\'ազդարարդուի\' ու այս տեսակցութեան յաջորդող օրերուն անմիջապէս արմատական աջակողմեան մամուլի կողմէ նիզակ ցցնելու արշաւը կը սկսի: Շաբբարիկճէ սիւնակին գրած 8 մասնոց գրաշարքին մէջէն մաղուող եւ արտասահմանի Հայոց դէմ քննադատական մօտեցում մը պարունակող արտայայտումէն շեղելով «Հրանդ Տինքը Թուրք ինքնութեան կը հայհոյէ» վարուելակերպով ներկայացուած «Թուրքէն պարպուելիք այն թունաւոր արեան տեղը լեցնելիք մաքուր արիւնը Հայուն Հայաստանի հետ հաստատած ազնուական երակին մէջ գոյութիւն ունի» նախադասութիւնը նոր դատի մը տեղի տուաւ: Հրանդ Տինքի մասին «Թրքութիւնը հրատարակութեամբ նախատել եւ վարկաբեկե»լու մեղադրանքով բացուող դատին աւարտին, դատարանին կողմէ նշանակուած փորձագէտին տուած գրութեան մէջ որեւէ յանցանքի տարր չըլլալու ուղղութեամբ ի նպաստ տեղեկագրով հակառակ, Հրանդ Տինք Շիշլիի 2-րդ. Հիմնական Ատեանի կողմէ 7 Հոկտեմբեր 2005 թուակիր որոշումով 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Վճռաբեկի 9-րդ պատժական բաճինը այս դատարպարտութիւնը վաւերացուց եւ այսպէսով Հրանդ Տինքին մասին տրուած բանտարկութեան պատիժը վերջնական դարձաւ : Վճռաբեկ Հանրապետական Աւագ Դատախազութիւնը այս դատապարտութեան առարկեց բայց առարկութիւնը Վճռաբեկի Դատական կազմին կողմէ մերժուեցաւ: Հրանդին այս դատապարտութեան մասին բացատրութիւններէն վերջ ալ «դատին ազդել ջանալու» պատճառով նոր դատ մը եւս բացուեցաւ:
Դատին առաջին նիստին դատարանին առջեւ, թէ\' նրբանցքներուն եւ թէ դատավարութեան սրահին մէջ դատին ընդմիջել ուզող անձեր բողոքի ցոյցեր ըրին: Հրանդ Տինքը դատարանի սրահը ոստիկաններէ կազմուած նրբանցքէ մը ոստիկանի եւ իր փաստաբանին հետ կրցաւ մտնել: Այս միջոցին, իր վրայ յարձակիլ ուզողներ, հայհոյողներ եւ թքնողներ եղան: Դատավարութեան սրահը լեցնող խումբը Հրանդին փաստաբաններուն մանրուք դրամ եւ մատիտ նետեց, հայհոյեց եւ սպառնաց: Դատաւարութեան նիստէն վերջ Հրանդ Տինքը ոստիկանական ինքնաշարժ փոխադրուելով այս կատաղի բազմութեան յարձակումէն ազատեցաւ:
Այս միջոցին, 26 Փետրուար 2004ին Իսթանպուլի «Իւլքիւ Օճաքլարը»ի Քաղաքային Մասնաճիւղի նախագահը Լեւենտ Թէմիզի գլխաւորութեամբ խումբ մը, «Ակօս»ին մուտքը գալով «Սիրէ\', կամ լքէ\'»», «Անկցի Ասալան», «Գիշեր մը յանկարծակի կրնանք գալ» լոզունքները արձակեցին: «Ակօս»ին առջեւը նման ցոյց մըն ալ մի քանի օր վերջ ինքզինքնին «Անհիմն Հայկական Պնդումներու հետ Պայքարի Դաշնակցութիւն» ըլլալով անուանող խումբի մը կողմէ եղաւ:
Հրանդ Տինքը, «Պիրկիւն» լրագրին մէջ հրատարակուող «Բարի Ճանապարհ ըլլայ» վերնագիրով գրութենէն վերջ «Ենիչաղ» լրագրին 9 Հոկտեմբեր 2004 թիւին մէջ «Հայուն Նայէ\'» խորագիրով թիրախ ցոյց տրուեցաւ: Այս գիրէն վերջ Մամլոյ Յանձնախումբի Բարձրագոյն Ատեանը «Ենիչաղ» լրագրին գործածած արտայայտութեան ոճով գրողին դէմ բռնութիւն քաջալերելու վտանգ տեսնելով, «Ենիչաղ» լրագրին ազդարարելու որոշումը տուաւ: Վերջին անգամ ալ «Ակօս»ին 22 Յուլիս 2006 թիւին մէջ հրատարակուող «301ի դէմ 1 քուէ» լուրին պատճառով ալ Հրանդ Տինքի, Պատասխանատու Ընդհանուր Տնօրէն Արաթ Տինքի եւ Արտօնատէր\' Սարգիս Սերովբեանի դէմ դատի դիմուեցաւ: Խնդրոյ առարկայ լուրին մէջ Տինքին Րէօյդէրս լրատու գործակալութեան տուած յայտարարութեան մէջ ըսած «Անշուշտ ասիկա ցեղասպանութիւն մըն է կ\'ըսեմ: Որովհետեւ հետեւանքը արդէն ինքզինքը կը բնութագրէ եւ կ\'որակէ: Չորս հազար տարիէ ի վեր այս հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդի մը այս դէպքերէն վերջ այլեւս անհետացումը կը տեսնէք» արտատպումը ըստ «Թուրք Պատժական Օրէնք»ին «301» յօդուածին, Թուրքութիւնը վարկաբեկած ըլլալը պնդուեցաւ:
Բոլոր այս դատական միջոցները Հրանդ Տինքին 19 Յունուար 2007ին իր լրագրին շէնքին առջեւ ատրճանակով զարնուելէն վերջ ալ շարունակուեցան: Սպաննումէն վերջ, Հրանդի մասին եղող դատերը առանց որեւէ պատիժի վերջ գտան բայց խնդրոյ առարկայ վերջին դատով Շիշլիի 2-րդ պատժական դատարանը 11 Հոկտեմբեր 2007ին Արաթ Տինք եւ Սարգիս Սերովբեանը մէյ մէկ տարուայ բանտարկութեան ենթարկեց: «Արաթ Տինք եւ Սարգիս Սերովբեանին Թուրք ժողովուրդին ցեղասպանութիւն վերագրող լուրեր հրատարակած ըլլալը դատարաններու կողմէ հաստատուած ըլլալով, ամբաստանեալներուն զատ զատ անձնաւորութիւն եւ արարքներուն յատկութիւնները նկատի առնուելով դատապարտուելու» արտայայտութիւնը մէջբերող ոչ մէկ ազգային մամուլի եւ լրատուական միջոցներու դէմ դատ չբացուած ըլլալը մեծ վիճաբանութիւններու պատճառ դարձաւ: