Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի 13 տարի է ի վեր։ Ամբողջական հետաքննութիւն մը չէ կատարուած բոլոր անոնց շուրջ, որ դեր ունեցած են Տինքի հանդէպ սպառնալիքներու եւ զինք թիրախաւորելու մէջ։ Արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաստատման եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար խիստ կարեւոր է, որ այս ոճիրը գործողները պատժուին եւ խրախուսողներէն հաշիւ պահանջուի եւ մեղադրուին։
Ակօս թերթի խմբագրատան առջեւ, 19 Յունուար 2007 թուականին Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ծրարները բաղկացած են զանազան հանգրուաններու, տարբեր փաստաբաններու կողմէ պատրաստուած տեղակագիրներէն։