Արեւմտահայերէնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ընդգրկուած է բացարձակ վտանգուած լեզուներու ցուցակին վրայ։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նպատակն է ներկայիս ոչնչացման վտանգին դէմ յանդիման գտնուող ու առաւելաբար սփիւռքի մէջ տարածուած արեւմտահայերէնը պահպանել ո՛չ միայն որպէս մշակութային ժառանգութիւն, այլեւ զայն գործածել որպէս կենդանի լեզու։ Ուրախ ենք ձեզի ներկայացնելով արեւմտահայերէնով պատրաստուած մեր կայքէջը, որ տեղեկութիւններ կը պարունակէ Հրանդ Տինքի մասին ու ընդհանուր պատկերացում մը կու տայ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի վերաբերեալ։ Առօրեայ գործունէութեան ու հնարաւորութիւններու մասին մանրամասն գիտելիքները հասանելի են անգլերէն, թրքերէն ու արեւելահայերէն լեզուներով պատրաստուած մեր էջերուն շնորհիւ։
Հրանդ Տինք ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1954-ին Մալաթիոյ մէջ: Հինգ տարեկանին ընտանիքը Իսթանպուլ տեղափոխուեցաւ: Հօրն ու մօր բաժանման պատճառով Կետիկփաշայի Հայ բողոքական եկեղեցւոյ մանկապարտէզը գիշերօթիկ մնալ սկսաւ:
Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը տարածք մըն է, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հրանդ Տինքի կողմէ որդեգրուած հաւաքական արժէքները, ինչպէս նաեւ յիշողութեան եւ յոյսի միջեւ կամուրջներ կապելու կարեւորութիւնը։
ՊՈԼԻՍ կու գայ յունարէն «պոլիս» բառէն, որ կը նշանակէ քաղաք։ Պոլիս բառը երկար ժամանակ է ի վեր հայերու կողմէ կը գործածուի Իսթանպուլ քաղաքին մատնանշելու համար:
Լեզուն մշակոյթի մը ամենէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է։ Հրանդ Տինք Հիմնարկին նպատակն է, ոչ թէ միայն պահպանել արեւմտահայերէնը որպէս մշակութային ժառանգութիւն, այլ որպէս ապրող լեզու:
2009 թուականէն ի վեր, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը ներկայացնէ Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, Հրանդ Տինքի տարեդարձ, ամէն տարուան Սեպտեմբեր 15-ին։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի նպատակն է Թուրքիա եւ իր «ամենէն հեռու» դրացի Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը եւ զարգացումը։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի գրադարանը հիմնուած է Հիմնարկի յարկին տակ հաւաքուած հատորները ունենալով որպէս սկզբնական հաւաքածոյ։ Հրանդ Տինք Հիմնարկի գրադարանին այցելուները կրնան օգտուիլ բոլոր նիւթերէն եւ աղբիւրներէն տեղւոյն վրայ։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի երդիկին տակ հիմնուած «Ասուլիս՝ խօսոյթի, երկխօսութեան եւ ժողովրդավարութեան տարրալուծարան»-ը առաջին նման հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնն է Թուրքիոյ մէջ։
«Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» պատկերագիրքը, եւ Հրանդ Տփնքի յօդուածները խմբագրող երկու գիրքեր «Երկու Մօտ Ժողովուրդ Երկու Հեռու Հարեւան» ու "Bu Köşedeki Adam" (The Man on the Corner) եւ այս գիրքէրու զանազան լեզուի թարգմանութիւնները: