Պտոյտ Մը Գընալը Կղզիի Մէջ
Գընալը Կղզին Իշխանաց Կղզիներուն մէջ Պոլսոյ ամենամօտը ըլլալով Բիւզանդական շրջանին կը կոչուէր Փռոթի, որ Յունարէն կը նշանակէ «առաջին»։ Իսկ Օսմանեան շրջանին անուանուեցաւ Գընալը, ներշնչուելով իր շէկ հողէն։
Կղզիի առաջին շէնքերը վանքերն էին, որոնք Իշխանաց Կղզիներու միւս վանքերուն նման Բիւզանդական շրջանին գործածուած են որպէս աքսորավայր ճգնաւորներու կամ գահակալական պայքարի մէջ պարտուածներու։ Մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ կղզիի հարաւային բլուրին վրայի Մէթամորֆոզիս վանքը։ Իսկ նաւամատոյցի մօտակայ Վարտանիոս վանքը յետին թողած է միմիայն սիւնի մը գլուխը եւ մարմարիոնի մը կտորը։
Կը պնդուի թէ՝ Բիւզանդական բանակի հրամանատար հայազգի Պարտանէս, աքսորուած էր՝ Գընալը Կղզիի մէկ վանքը եւ հոն ալ մահացած։ Այս դէպքին պատճառաւ Գընալըն հայերու կողմէ ընդունուեցաւ իբր սրբավայր կղզի։ 1830ական թուականներուն Անգլիացիները Օսմանեան կայսրութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունէին, եւ անոնք պետութենէն պահանջեցին որ Գընալըի մէջ հողատարածքներ բաժնուին Անկլիքան դաւանանքը ընդունող հայերու։
Այս որոշումէն յետոյ հայերը սկսան տեղաւորուիլ Գընալը Կղզիի մէջ: Անոնցմէ Աղասի Աղա Էժտէրխանեան, Բարթիկ Աղա Իսթիմարճեան եւ Ասապա Էֆէնտի Եիղիթպաշճեան դարձան կղզիի կարեւորագոյն բնակիչները։ Այդքան որ ներկայի Աքասիա փողոցը մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերը կ'անուանուէր Աղասի Էֆէնտիի անունով։ Իսկ Յակոբ Պարոնեան տասնըիններորդ դարու վերջերը կղզին այցելած եւ Ասապա Էֆէնտին կոչած էր կղզիի ամենակարեւոր անձնաւորութիւնը։
19րդ դարու դէպի կէսերը կղզիի Անկլիքան Հայ բնակիչներուն մէկ մասը արդէն մահացած էր մինչ ժառանգի օրէնք մը դեռ գոյութիւն չունէր, մահացող հայերու կալուածները պարապ մնացած էին։ Թանզիմաթէն յետոյ երբ ժառանգի օրէնքը ընդունուեցաւ հայ ազգի գործարարներու, կղզիի հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելցաւ: Օսմանեան Կայսրութիւնը նկատի ունենալով պարագան տուներ կառուցանելու փոխարէն Գընալըի մէջ հայերու անվճար կը բաժնէր հողատարածք։ Կղզիին շինարարական առաջին ծրագիրը կը պատրաստէ անուանի սեղանաւոր Սարգիս Թաշճեան, կը հաստատուի կղզի, կը գնէ հողատարածքներ։
19րդ դարու սկիզբը կղզիի բնակչութեան թիւը բարձրացաւ, սկսաւ շոգենաւերու սպասարկութեան դրութիւնը։ Դարու տեւողութեան Հայերու կողմէ կառուցուեցան հիւրանոցներ, դպրոց եւ եկեղեցի մը։ Նոյն շրջանին Յոյներու բնակչութիւնն ալ բազմացաւ կառուցուեցաւ Փանակիա Եկեղեցին եւ դպրոց մը։ Ադամեան Թատրոնի եւ Շահապ Պանդոկի համերգասրահին բացմամբ կազմակերպուեցան զանազան թատերախաղեր եւ համերգներ որոնց մէջ դեր ստանձնեցին շրջանի նշանաւոր արուեստագէտները։ Կղզեցիք խրախճանքներ կը կազմակերպէին մեծ Չինարին շրջակայքը կամ Քորփի կոչուած վայրը։ Գընալը կղզին մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներու կողքին դարձած էր նաեւ կարեւոր կեդրոն մը զանազան մարզախաղերու: Ի մասնաւորի Պոլսահայ երիտասարդներ ամրան շրջանին կղզիին մէջ վրան կը լարէին, կը մարզուէին՝ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, ձեռնագնդակի, լողալու, վազելու եւ այլ մրցումներու համար։
Կղզիի ընկերային եւ մշակութային կեանքը սկսաւ տկարանալ երբ 1964ին Յոյները աքսորուեցան երկրէն դուրս, միայն 20 տոլարով եւ 20 քիլօ կշռող պայուսակով մը։ Այս թուականներէն սկսեալ մանաւանդ 1970 եւ 80ականներուն շինարարութիւններու ալ ծաւալումով, կղզին հեռացաւ հանդարտ եւ անձայն արձակուրդի վայր մը ըլլալէ։
Յակոբ Այվազի Տունը
Տաղանդաւոր դերասան, թատերագիր եւ հրատարակիչ Յակոբ Այվազ, երկար տարիներ իր կնոջ հետ միասին ապրեցաւ Ալսանճաք պողոտայի վրայ գտնուող շէնքի մը երրորդ յարկը։
Յակոբ Այվազ ծնած է 1911ին Պոլսոյ մէջ: Ան փոքր տարիքին ծանօթացաւ թատրոնի հետ. 17 տարեկանէն սկսեալ բեմ բարձրացաւ զանազան թատերախումբերու մէջ: Ինչպէս՝ Սէս, Միլլէթ, Ինճի թատրոնները...։ Դերասանութեան կողքին ապրուստը ապահովելու համար աշխատեցաւ զանազան գործերու մէջ... Բուրդ, կերպաս վաճառել, տպագրութիւն...։ 1946ին հայերէնով բեմադրութեան արգելքը վերցուելէ յետոյ կազմեց «Փոքր Թատերախումբ»ը, հրատարակեց «Քուլիս» հայերէն պարբերաթերթը, որ իր բովանդակութեամբ՝ բեմադրութիւններու, արուեստագէտներու ծանօթացում, քննադատութիւններ, նկարներով դարձաւ Թուրքիոյ թատրոնի պատմութեան կարեւորագոյն գրաւոր աղբիւրներէն մին։ Ան կը վաճառուէր երկրէ դուրս ալ, այսպէսով Թուրքիոյ թատրոնը կը ծանօթացնէր համայն աշխարհի։ Յակոբ Այվազ Քուլիսը ծանօթացնելու եւ բաժանորդագրելու համար պարբերաթերթի օրինակներով ճամպրուկը ի ձեռին այցելեց՝ Հալէպ, Պէյրութ, Պաղտատ, Թեհրան, Աթէնք եւ Երեւան, տեսակցեցաւ թատրոնի շրջանակներու հետ։ Քուլիս, որպէս կիսամսեայ հանդէս 50 տարի, անդադար հրատարակուեցաւ: Բաժանորդներու թիւին անբաւարարութեամբ հրատարակութիւնը վերջ գտաւ 1996ին:
Փոքր Թատերախումբը Այվազի բեմադրութիւններով բեմ բարձրացաւ՝ Բանկալթը Մխիթարեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական Սանուց Միութիւններու մէջ:
Քուլիս հանդէսը փակելէ յետոյ Յակոբ Այվազ Ակօսի Թրքերէն եւ Հայերէն էջերուն մէջ հրատարակեց թատրոնի մասին յօդուածներ։ 1997ին Թուրք Գրողներու Միութեան կողմէ «Մամլոյ Ծառայութեան», իսկ 2005ին Թատրոնի Գրողներու Միութեան կողմէ ալ «Պատուոյ Մրցանակ» ստացաւ։ Յակոբ Այվազ մահացաւ 2006ին: Ան կը ննջէ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, թատրոնի բեմի մը նման ծրագրուած իր դամբարանը։
Կոմիտաս եւ Գընալը Կղզի
Անուանի երաժիշտ եւ հոգեւորական Կոմիտաս վարդապետ ծնած է 1869-ին Քիւթահիոյ մէջ։ Բուն անունն էր Սողոմոն Սողոմոնեան։ Փոքր տարիքին մօրմէ եւ հօրմէ որբացաւ: 12 տարեկանին ղրկուեցաւ Հայաստան Էջմիածնայ վանքը, երբ արդէն յայտնուած էր իր բացառիկ տաղանդը երաժշտութեան հանդէպ: Որոշեր էր կրօնական կեանքի նուիրուիլ, ստանալով Կոմիտաս անունը։ Կարճ միջոց մը յետոյ Վարդապետի աստիճանի բարձրացաւ: Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան զինքը ղրկեց Պէրլին ստանձնելով ուսման բոլոր ծախսերը: Ուր Քաիսէր Վիլհէլմ թագաւորական համալսարանի մէջ ուսանեցաւ երաժշտութեան պատմութիւն, նուագարաններու գիտութիւն եւ երաժշտական տեսութիւն։ Կոմիտաս գաւառի ժողովրդական երգերը հաւաքելով իւրայատուկ ոճով մշակեց, յօրինեց եւ առաջնորդը եղաւ անոնք ամբողջ աշխարհի ծանօթացնելու։
1909ին Ղալաթիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ երգչախումբը Պատրիարքարանի միջնորդութեամբ Կոմիտասը Էջմիածինէն Պոլիս հրաւիրեց։ Տարի մը յետոյ Ան եկաւ Պոլիս, նախ հիմնեց 200 հոգինոց «Գուսան Երգչախումբ»ը եւ համերգներ սարքեց զանազան քաղաքներու նաեւ արտերկրի մէջ։ Կոմիտաս շրջան մը պաշտօնավարեց Գընալը-ի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ըստ պատմուածներու Կոմիտաս կ'իջեւանի կղզիի Փրօթի պանդոկը: Ամէն առաւօտ կը դիտէ արեւածագը եւ երբեմն ալ ժայռերուն վրայ նստած կ'երգէ ընկերներով միասին։ Նաեւ մեծ հաճոյք կ'առնէ կիրակի օրուան պատարագներէն յետոյ եկեղեցւոյ վարիչներու, կրօնաւորներու եւ ընկերներու հետ մէկտեղուելէ: Պայծառ Տայեանի տան պարտէզին մէջ կազմուած սեղաններուն շուրջ կʾերգէր ընկերներուն հետ։ Այդ պահերուն վկայ եղած Պերճուհի Շնորհքեան սապէս կը պատմէ այդ օրերը․
Վեհապանծ մարդ մըն էր Վարդապետը։ Ճիշդ քովս էր կեցած։ Երբ երգել սկսաւ ես տեղէս վեր ցատկեցի․․․ այնչափ գոռ ձայն ունէր որ․․․ կարծեցի որ եկեղեցին գլուխս պիտի փլի։ Ետքը երգչախումբը մեր պարտէզը եկաւ։ Ծառերուն տակը տարածուեցան, ճաշեցին, մինչեւ իրիկուն երգեցին։ Իսկ Կոմիտաս Վարդապետ Տայեանենց գնաց։
Ըստ Պերճուհի Շնորհքեանի, նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեան, Կոմիտասի գորգի վրայ նստած, եղեւինի կռթնած համբաւաւոր նկարը գծած է Գընալը Կղզիի Տայեանենց տունէն անդին։ Շնորհքեան կը մատնանշէ որ նկարին մէջի վրանը Հայ աղջկանց դպրոցին ճամբարն է, իսկ սափորը՝ իր մօրաքրոջ Ռիթային սափորն է։ Նկարը արձանագրութիւններուն անցած է թէ 1913ին Կուտինայի ջերմուկի մը մէջ գծուած է. ըստ Շնորհքեանի, գծագրիչ Փանոս Թէրլէմէզեան Կոմիտասին հետ այդ տարիներուն Պոլսոյ մէջ կը բաժնէր նոյն տունը եւ նկարը գծուած է անոնց կղզիի այցելութիւններէն օր մը։
Տայեաններու Գընալը կղզիի տունը ներկայիս վերաշինուած է նոյն ոճով քարաշէն ըլլալով... Ուր պարտէզը Կոմիտաս եւ ընկերները կը զուարճանային ու կ'երգէին։ Յետ մահու ի յիշատակ վարդապետին, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ զետեղուեցաւ խաչքար մը։
Շահապ Պանդոկը
Ատենին Փրօթի պանդոկին մատակարարը Յարութիւն Շահապ, 19րդ դարուն վերջաւորութեան իր մականունը կրող պանդոկ մը կառուցանեց։ Grand Hotel Chahab անուանեալ 3 յարկանի պանդոկին տակի յարկը պատշգամով ճաշարան մը կը գտնուի։ Հոս ճաշի ժամերուն հնչող զանգակի ղօղանջը կարճ ժամանակաւ պանդոկին խորհրդանիշը դարձաւ։ Առաջին զանգակը պատրաստ ըլլալու, երկրորդը սեղաններուն շուրջը նստելու, իսկ երրորդը ճաշի սպասարկութեան լուրը կու տայ։ Նաւամատոյցին մօտ, որակաւոր ծառայութեամբ, նաեւ առաջին յատուկ հեռաձայնի տէր պանդոկը Իշխանաց Կղզիներուն նշանաւոր օթեւաններէն մէկն էր։ Ան համբաւաւոր կը դառնայ նաեւ իր այցելուներով. որոնց միջեւ են՝ Եահեա Քէմալ Պէյաթլը, Հալիտէ Էտիփ Ատըվար, Եագուբ Գատրի Գարաօսմանօղլու եւ Զապէլ Ասատուրի նման անուններ։
Որպէս օթեւան կղզիին թիւ մէկ վայրը կը նկատուի, իսկ ետեւի սրահն ալ երկար շրջան կղզիի հարսանիք եւ խրախճանքներուն գլխաւոր տեղը համարուեցաւ։ Բացի այդ, պանդոկին երկու կողմի սրահներու մէջ ալ թատրոնի ներկայացումներ եւ պարահանդէսներ կազմակերպուեցան։
Պանդոկը, Յարութիւն Շահապին մահուընէ յետոյ 1965ին ձեռք փոխեց։ Մինչեւ 2000ականներու սկիզբը որպէս՝ պանդոկ, բանսիոն, զբօսավայր գործեց տարբեր անուններով։ Այս ընթացքին կատարուած վերանորոգումներով արտաքին տեսքը իր հին վիճակէն բաւական հեռացաւ: Այսօր շէնքը լքուած է։
Սիրագեան Երկուորեակ Տուներ
20րդ դարու սկիզբը Զգոն Սիրագեանի կողմէ Աւետիսեան Գալֆային համար շինուած երեք յարկանի փայտաշէն համաչափ զոյգ տուները, նաւամատոյցը աչքի զարնող առաջին շէնքերն էին։ Գընալը Կղզիի խորհրդանիշները նկատուող այս շէնքերուն կը հանդիպինք անցեալի բացիկներու եւ կրաւիւրներու մէջ։ Սիրագեանին մահէն ետք տուները ձեռքէ ձեռք անցան: Մինչեւ 1990ականներ ճիշդ իր դիմացի՝ «ծովու օթօպիւս»ի նաւամատոյցի կառուցումը, Սիրագեանի տուները ծովքէն ամբողջութեամբ տեսանելի էին։
Զապէլ Ասատուրի Տունը
Բանաստեղծ, ուսուցիչ Զապէլ Ասատուր եւ ամուսինը գրող, ուսուցիչ Հրանդ Ասատուր 20րդ դարու սկիզբը, 12 տարի ամառուան ամիսները անցուցած են «Տէրունեանի Տուն» ըլլալով ալ ծանօթ շէնքին մէջ:
Զապէլ ծնած է 1863ին Սկիւտար, ուսանած է թաղին Ճեմարան վարժարանը։ Մասնակցած է՝ աշակերտուհիներուն կրթաթոշակ հայթայթելու նպատակաւ ուսուցիչը՝ Սուրբիկ Աշճեանի եւ ուսանողներուն կազմած միութեան։ Զապէլ 16 տարեկանին վերջին դասարանի ութը ընկերներով միատեղ հիմնեց «Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւն»ը։ Միութեան առաքելութիւնն էր՝ գաւառի Հայ աղջիկներուն համար դպրոցներ բանալ, ուսում տալ անոնց առողջապահական, իրաւաբանական, թուաբանական նիւթերու շուրջ եւ տնտեսապէս անկախ դարձնել զանոնք։
Ասատուր, երբ ինք վերջին դասարանն էր, սապէս կը նկարագէ իրենց տանը նախկին օգնական Յակոբ Աղբարին իր հայրենիքէն վերադարձին հանդիպած օրը.
Ու կը տեսնեմ ողորմելի գեղջուկ մը, վրան գլուխը թափթըփած, աղտոտ, կոպիտ շարժուձեւերով, ապուշ ծիծաղով, կատարեալ յուսախաբութի՜ւն մը: Ո՞ւր էր մեր մաքուր, կոկիկ, քաղաքավար ծառան: [...] Եւ ահա կ՛սկսին տեղալ խեղճ մարդուն գլխին մանկական անգութ, անխորհուրդ հարցումները: - Ինչո՞ւ ատանկ հագուեր ես: - Կինդ ինչո՞ւ հագուստներդ չէ կարկտեր: - Մազերդ ինչո՞ւ սանտրուած չեն: - Զավակնե՞րդ ալ քեզի պէս կը խօսին: - Ձեր երկիրը ջուր չկա՞յ… : Ու խեղճ մարդը գլուխը կախ ձեռքերը կուրծքին վրայ բարեւ բռնած, աչքերը լեցուած, դժբախտ, ամօթահար կը պատասխանէ թէ իր երկիրը շատ աղքատ է, թէ հազիւ հաց կը գտնեն ուտելու, թէ այրերուն համար գործ չկայ. Թէ կիները մաքրութեան, առողջապահութեան վրայ գաղափար չունին, թէ ո՜չ կարդալ գիտեն, ո՜չ գրել, ո՜չ հաշուել, ո՜չ կարել, ո՜չ ձեւել: Թէ բժիշկ չունին, դեղագործ չունին, եւ հիւանդներէն շատը կը մեռնին անդարման: թէ տղաքը դպրոց չունին, գիրք չունին ու ամառը տաքին ձմեռը ցուրտին փողոցները կը թափառին անտէրունչ: Բոլոր օրը, բոլոր գիշերը այդ մղձաւանջը կը ցանգորդէ երեւակայութիւնս. աչքիս առջեւէն չի հեռանար թափորը թշուառ տղոց. բոկոտն, անլուայ, գիսախռիւ, գունատ, հիւանդ, անխնամ:
Քանի՜ քանի՜ անգամներ երգած եմ հոգիիս բոլոր թափովը Եփրատի ծաղկաւէտ ափերը, Շաւարշանի բուրումնագեղ շուշանները իմ սկսնակի ձախաւեր տաղերուս մէջ, եւ սակայն երբե՜ք չեմ խորհած հոն ապրող տարաբախտ ժողովուրդին վրայ: Մեqի սորվեցուցած են շատ մը քաջերու անունները, անոնց պատկերները եթերաճեմ ճաճանչի մը մէջ ամպածրար հայրենիքի սուրբ իտեալն է մեզի համար անմատոյց, պաշտելի... : Իսկ Յակոբ աղբարները, անոնց անոք, անօգնական, անուս, անօթի զաւակները որոնք հողին վրայ կ'ապրին, եւ ստանաւոր ուղերձներէ աւելի լուրջ եւ հիմնաւոր դաստիարակութեան մը պետք ունին իբրեւ մարդ ապրելու համար: Մենք ոչինչ գիտենք անոնց մասին: Հետեւեալ օրն իսկ կը հրաւիրեմ դպրոցական 8 դասընկերուհիներս որոնք այն տարին շրջանաւարտ պիտի ըլլան ինծի հետ ճեմարանէն: Ու կու գան կը հաւաքուին մեր Սկիւտարի տանը մէջ: Ամենքն ալ կը խանդավառուին, կը յուզուին, կու լան եւ կ'ուխտեն աշխատիլ Հայրենիքին համար:
Կարճ ժամանակի մէջ խումբին անդամներու թիւը կը հասնի 150ի: Միութիւնը ժողովները կը գումարէ իրենց ուսուցիչին Սկիւտարի տանը մէջ։ Միութիւնը իր գործունէութեան առաջին տարին պարահանդէսէ մը հաւաքուած գումարով Յակոբ Աղբարին հայրենիքը, Քղիի մէջ աղջկանց դպրոց մը բացաւ։ Կարճ ժամանակի մէջ միութիւնը դարձաւ Պոլսահայութեան կանանց ամենամեծ մարմնաւորումը: Կառավարութեան ճնշումներով 1894ին մինչեւ որ գոցուեցաւ Անատոլիա զանազան գիւղերուն մէջ բացաւ 15 դպրոց, հարիւրաւոր աղջկան ուսում ջամբեց։ Միութիւնը կը վերաբացուի Բերայի մէջ Բ. Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ: Գործունէութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1915։
Զապէլ Ասատուր, իր հասարակական գործունէութեան առընթեր տարած է նաեւ գրական աշխատանք: Սիրոյ, հայրենասիրութեան եւ մարդկային զգացումներու վրայ կեդրոնացած բանաստեղծութիւնները ու գրութիւնները «Սիպիլ» ծածկանունով հրատարակուած են Հայերէն գրական զանազան հանդէսներու մէջ: Ամուսինը՝ Հրանդ Ասատուրի հետ միասին դասագիրքեր պատրաստած են։ Ասոնցմէ «Նոր Թանգարան» գրական հաւաքածոն Պոլսոյ հայ վարժարաններուն մէջ դեռ կը գործածուի։
Ան երկար տարիներ ուսուցչագործած է Էսաեանի, Կեդրոնականի մէջ: Մահացած է 1934ին Պոլսոյ մէջ։ Մահուընէ մօտաւորապէս 70 տարի վերջ Հայ Կին Կանանց հարթակը Տէրունեան տան մուտքին զետեղեցին ցուցատախտակ մը, ուր գրուած էր՝ «Գրող, բանաստեղծ Զապէլ Ասատուր եւ ամուսինը գրող Հրանդ Ասատուր ապրեցան այս տան մէջ»։ Քանի մը շաբաթ յետոյ ցուցատախտակը տեղէն կը քակուի անյայտ մարդոց կողմէ։ Երկար տարիներ անխնամ մնալէ վերջ 2011ին տեղի կ'ունենայ հրդեհ, բացի մուտքի յարկէն շէնքը ամբողջութեամբ հրոճարակ կը դառնայ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի
Կղզեցի Հայեր կրօնական արարողութիւնները Պոլիսէն եկած քահանաներու միջոցաւ տուներու մէջ կը կատարէին։ 19րդ դարու կէսին Կղզիի Հայ բնակչութիւնը կը բազմանայ, պէտքը կը զգացուի եկեղեցիի մը: Կղզի ճամբորդելը բաղդատմամբ այսօրուան շատ աւելի դժուար էր, կաղացումներ տեղի կ'ունենար։ Իտալացի Պարոն Գորփի իր տան գետնայարկը մատուրի վերածելով կը տրամադրէր կղզեցիներուն: Կրօնական կարիքը հետզհետէ աւելցաւ: Կղզեցի Յովհաննէս Եազըճեան եւ Աղասի Էժտէրխանեան իրենց սեփական հողերը նուիրեցին եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան շինութեան համար: 1855ին հիմը կը դրուի եկեղեցւոյ շէնքին, Հայերէն Մասիս շաբաթաթերթը կ'անդրադառնայ նիւթին․
Ուրբաթ օրը Գընալը կղզւոյն մէջ շինուելու վրայ եղած Հայոց Ս․ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հիմանց օծութեան հանդէսը կատարուեցաւ ի մեծ ուրախութիւն հայազգի բնակչաց կղզւոյն։
Այս կղզին ինչպէս ամէնուն յայտնի է, Իշխանաց կղզիներուն ամէնէն մօտաւորն է մայրաքաղաքիս․ ասոր հետ գերազանց օդ մը եւ առատ անուշ ջուր ունենալով, հետզհետէ շէննալու ու բազմամարդանալու վրայ է հայազգի բնակիչներով. ուստի տարակոյս չկայ, որ քանի մը տարիէն խիստ զուարճալի ու գեղեցիկ ամարաստան մը պիտի ըլլայ Հայոց համար։ Արդէն ստացած կարեւորութեանը պատճառաւ, արքունի նաւարանին ընկերութեան շոգենաւերէն «Կիրիտ» շոգենաւը ամէն իրիկուն ժամը տասնին կամուրջէն ճանապարհորդ կ'առնէ, մէկ ժամու մէջ Գընալը կղզին կը տանի եւ առտուները ժամանակին հոն
հանդիպելով Կ․ Պոլիս կը դառնայ։
Վերոյիշեալ եկեղեցւոյն շինութեամբը այս հայաբնակ կղզիին աւելի շուտով շէննալուն տարակոյս չունինք։
Երկու տարուայ ընթացքին շինութիւնը կը լրանայ եւ Հայ Սուրբերէն Լուսաւորիչ Գրիգորին նուիրուած եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը կ'առնէ, փառաւոր հանդիսութեամբ մը պաշտամունքի կը բացուի։
1894ի Պոլսոյ երկրաշարժը, ամբողջ Պոլսոյ նման կ'ազդէ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին ալ։ Եկեղեցւոյ պատերը տեղ տեղ ճեղքուած, պատուհանները կոտրուած, զանգակատունը եւ երկաթէ պատնէշները վնասուած էին։ Այս շրջանին, Սենեքերիմ Մանուկեան անունով բարերար մը չուզելով կղզեցիները զրկել իրենց պաշտամունքէն եկեղեցւոյ նուիրեց նաւամատոյցի մօտը գտնուող իր կալուածը հոն կառուցուած փայտաշէն մատուրով ապահովեց արարողութիւններուն հետեւողականութիւնը։
Եկեղեցւոյ առաջին քահանան՝ Տիոնիսիոս Չիզմէճեան, 55 տարի պաշտօնավարեց առանց դադարի։ Տիոնիսիոս, դեր կը ստանձնէ նաեւ եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դաս երգչախումբի կազմութեան մէջ: Ան, Չընարալթը թաղամասի Սօսիի շուքին տակ կղզեցի տղոց մատուցած կարդալ գրելու դասերով ալ ուրոյն տեղ մը գրաւեց կղզեցիներուն մտքին մէջ։ Ներսէսեան դպրոցին մէջ կրօնքի դաս տուաւ։ Կղզիին սիրուած քահանան Տիոնիսիոսի փափաքը իրականացաւ եւ իր մահէն յետոյ թաղուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Անոր շիրիմը այսօր ալ իր տեղը կը գրաւէ եկեղեցւոյ պարտէզը։
Հրանդ Տինք Զբօսայգի
Հրանդ Տինք կը ծնի 1954ին Մալաթիոյ մէջ. կ'աւարտէ Շիշլիի լիկէոնը, բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Իսթանպուլի Համալսարանի Գիտական Ֆաքիւլթէի Կենդանաբանութեան եւ Փիլիսոփայութեան ճիւղերը։ Կʾամուսնանայ իր նախակրթարանէն ընկերոջ Ռաքէլ Եաղպասանի հետ: Միասին կը վարեն Թուզլաի մանկական ճամբարը տէր կ'ելլեն կարիքաւոր տղոց։ Ճամբարը կը փակուի պետութեան կողմէ «մարտիկ հասցնելու» մեղադրանքով։ Նոյն շրջանին Տինք իր քաղաքական հայեացքներուն եւ հետեւանքով երեք անգամ հսկողութեան եւ կալանքի տակ առնուեցաւ։
Եղբայրներով միասին աշխատցուց գրախանութ մը: 90ական թուականներուն Հայերէն Մարմարա օրաթերթին աշխատակցեցաւ եւ գրի առաւ Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած Հայոց պատմութեան վերաբերեալ գիրքերու քննադատականներ։ 1996ին Ակօս շաբաթաթերթը հիմնեց։ Ակօսը Հանրապետական շրջանին թրքերէն-հայերէն հրատարակուող առաջին թերթը եղաւ։ Թերթին բուն նպատակն էր՝ մայրենիէն զրկուած թրքահայերուն հետ շփուիլ, թրքահայոց խնդիրները բարձրաձայնելով ժողովուրդին աջակցութիւնը առնել ու հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան բաժնեկից ընել թուրք ժողովուրդը։ Ակօսը ուշադրութիւն գրաւեց իր ձախակողմեան եւ ընդդիմադիր կեցուածքով: Քննադատեց Թրքահայ ժողովուրդին ինքնամփոփ կեանքը, առաջարկեց հասարակական այլ ընտրանքային ծրագիրներ։
Հրանդ Տինք յօդուածներ գրեց նաեւ Ենի Պինյըլ եւ Պիրկիւն թերթերուն մէջ։ Ան պաշտպան հանդիսացաւ՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացման, սահմանի բացման, Թուրքիոյ աջակցութեան, որպէսզի հոն զարգանայ ժողովրդավարութիւնը եւ պաշտպանեց նաեւ 1915ի դէպքերուն խօսակցական ոճի կարեւորութիւնը, երկու ժողովուրդին արժանապատուութեանը փոխ ըմբռնումը, նկատառումը։
2004 թուականին գրի առած իր մէկ յօդուածին հետեւանքով, Թուրքիոյ Սպարապետութեան կողմէ խիստ ոճով մը քննադատուեցաւ: Իր մասին «Թրքութիւնը նախատել»ու մեղադրանքով դատեր բացուեցան: Հակառակ փորձագէտի կողմէ տրուած անմեղութեան տեղեկագրին վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ եւ մամլոյ յարձակումներով թիրախ ցոյց տրուեցաւ։
Ակօս թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինք, 19 Յունուար 2007ին մեզմէ բաժնուեցաւ զինեալ յարձակումի մը ենթարկուելով։ 2010ին Կղզիներու քաղաքապետութիւնը «Հրանդ Տինք Մանկանց Զբօսայգի» անուանեց Գընալը Կղզիի նաւամատոյցի դէմի խաղավայրը։
Ադամեան Թատրոնը
1891ին փայտաշէն թատրոնի սրահ մը հիմնուեցաւ, ներկայիս Գընալը կղզիի մզկիթին դիմաց հանդիպակաց մասը։ Անունը առաւ այդ տարի մահացող թատրոնի արուեստագէտ Պետրոս Ադամեանէն: Անուանուեցաւ նաեւ Ազգային Թատրոն ուր Ֆասուլեաճեան, Մնաքեան եւ Պենլիեանի նման շրջանի կարեւոր թատերախումբերը խաղեր բեմադրեցին։
Ադամեանի թատրոնը մինչեւ Հանրապետութեան հռչակուիլը ամառները ամէն երեքշաբթի եւ շաբաթ, խաղեր ներկայացուց: Թատրոնը տանտիրութիւն ըրաւ նաեւ Թուրքիոյ թատրոնի պատմութեան առաջին կին դերասաններէն Քնար Սվաճեանի, Շէքսփիրի խաղերու յաջող ելոյթներով ծանօթ Վահրամ Փափազեանի, Օսմանեան շրջանի առաջին երկարաշունչ շարժանկարի դերասանուհիներէն Րօսալի Պենլիեանի եւ նոյնպէս շարժանկարի դերասան Հրաչեայ Ներսէսեանի նման անուններու։
Մասնաւորաբար նախքան թատրոնի փակման տարիներուն, Վահրամ Փափազեանի Թատրոնին «Շէքսփիրի Գիշեր» անուան տակ բեմադրած Համլէթ, Օթհէլլօ, Մաքպէթ, Թագաւոր Լիր, Տօն Ժուանի նման ներկայացումները կղզեցիներու մօտ մեծ ուրախութիւն պատճառեց։ Բացի թատրոնէ օփերայի եւ երաժշտութեան արուեստագէտներ եւս Ադամեան սրահին մէջ համերգներ սարքեցին։ Կղզի եկող արուեստագէտներուն մեծ մասը Շահապ Պանդոկը կ'իջեւանէին։
Նոյն տարիներուն Պենլեան Թատերախումբին ներկայացուցած «Աշուղներ» խաղին մասին Հայերէն Վերջին Լուր թերթի ազդին մէջ գրուած է հետեւալը․
«Պենլեան Խումբին պատրաստած «Աշուղներ» թատերախաղը այս գիշեր Հայոց Կղզիի Ադամեան Սրահին, իսկ վաղը գիշեր Սկիւտարի Թէփէ Թատերասրահին մէջ առաջին անգամ պիտի ներկայացուի։ Պր․ Պենլեան իր աշուղի դերով անպատրաստից բանաստեղծութիւններով պիտի մրցի իսկական աշուղներու դէմ։ Այս թատերախաղը դիտողն ալ չդիտողն ալ կը զղջայ»։
Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ կղզիի պահապաններէն Զէգի Եավրու, շէնքը օգտագործեց որպէս շարժանկարի սրահ։ 1929ի աշնան պատահած հրդեհէն կղզիի բազմաթիւ տուներու եւ խանութներու նման թատերասրահն ալ իր բաժինը կ'առնէ եւ հրոճարակ կը դառնայ։
Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։