Պտոյտ Մը Գընալը Կղզիի Մէջ
Գընալը Կղզին Իշխանաց Կղզիներուն մէջ Պոլսոյ ամենամօտը ըլլալով Բիւզանդական շրջանին կը կոչուէր Փռոթի, որ Յունարէն կը նշանակէ «առաջին»։ Իսկ Օսմանեան շրջանին անուանուեցաւ Գընալը, ներշնչուելով իր շէկ հողէն։
Կղզիի առաջին շէնքերը վանքերն էին, որոնք Իշխանաց Կղզիներու միւս վանքերուն նման Բիւզանդական շրջանին գործածուած են որպէս աքսորավայր ճգնաւորներու կամ գահակալական պայքարի մէջ պարտուածներու։ Մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ կղզիի հարաւային բլուրին վրայի Մէթամորֆոզիս վանքը։ Իսկ նաւամատոյցի մօտակայ Վարտանիոս վանքը յետին թողած է միմիայն սիւնի մը գլուխը եւ մարմարիոնի մը կտորը։

Կը պնդուի թէ՝ Բիւզանդական բանակի հրամանատար հայազգի Պարտանէս, աքսորուած էր՝ Գընալը Կղզիի մէկ վանքը եւ հոն ալ մահացած։ Այս դէպքին պատճառաւ Գընալըն հայերու կողմէ ընդունուեցաւ իբր սրբավայր կղզի։ 1830ական թուականներուն Անգլիացիները Օսմանեան կայսրութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունէին, եւ անոնք պետութենէն պահանջեցին որ Գընալըի մէջ հողատարածքներ բաժնուին Անկլիքան դաւանանքը ընդունող հայերու։
Այս որոշումէն յետոյ հայերը սկսան տեղաւորուիլ Գընալը Կղզիի մէջ: Անոնցմէ Աղասի Աղա Էժտէրխանեան, Բարթիկ Աղա Իսթիմարճեան եւ Ասապա Էֆէնտի Եիղիթպաշճեան դարձան կղզիի կարեւորագոյն բնակիչները։ Այդքան որ ներկայի Աքասիա փողոցը մինչեւ քսաներորդ դարու կէսերը կ'անուանուէր Աղասի Էֆէնտիի անունով։ Իսկ Յակոբ Պարոնեան տասնըիններորդ դարու վերջերը կղզին այցելած եւ Ասապա Էֆէնտին կոչած էր կղզիի ամենակարեւոր անձնաւորութիւնը։

19րդ դարու դէպի կէսերը կղզիի Անկլիքան Հայ բնակիչներուն մէկ մասը արդէն մահացած էր մինչ ժառանգի օրէնք մը դեռ գոյութիւն չունէր, մահացող հայերու կալուածները պարապ մնացած էին։ Թանզիմաթէն յետոյ երբ ժառանգի օրէնքը ընդունուեցաւ հայ ազգի գործարարներու, կղզիի հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելցաւ: Օսմանեան Կայսրութիւնը նկատի ունենալով պարագան տուներ կառուցանելու փոխարէն Գընալըի մէջ հայերու անվճար կը բաժնէր հողատարածք։ Կղզիին շինարարական առաջին ծրագիրը կը պատրաստէ անուանի սեղանաւոր Սարգիս Թաշճեան, կը հաստատուի կղզի, կը գնէ հողատարածքներ։

19րդ դարու սկիզբը կղզիի բնակչութեան թիւը բարձրացաւ, սկսաւ շոգենաւերու սպասարկութեան դրութիւնը։ Դարու տեւողութեան Հայերու կողմէ կառուցուեցան հիւրանոցներ, դպրոց եւ եկեղեցի մը։ Նոյն շրջանին Յոյներու բնակչութիւնն ալ բազմացաւ կառուցուեցաւ Փանակիա Եկեղեցին եւ դպրոց մը։ Ադամեան Թատրոնի եւ Շահապ Պանդոկի համերգասրահին բացմամբ կազմակերպուեցան զանազան թատերախաղեր եւ համերգներ որոնց մէջ դեր ստանձնեցին շրջանի նշանաւոր արուեստագէտները։ Կղզեցիք խրախճանքներ կը կազմակերպէին մեծ Չինարին շրջակայքը կամ Քորփի կոչուած վայրը։ Գընալը կղզին մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներու կողքին դարձած էր նաեւ կարեւոր կեդրոն մը զանազան մարզախաղերու: Ի մասնաւորի Պոլսահայ երիտասարդներ ամրան շրջանին կղզիին մէջ վրան կը լարէին, կը մարզուէին՝ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, ձեռնագնդակի, լողալու, վազելու եւ այլ մրցումներու համար։

Կղզիի ընկերային եւ մշակութային կեանքը սկսաւ տկարանալ երբ 1964ին Յոյները աքսորուեցան երկրէն դուրս, միայն 20 տոլարով եւ 20 քիլօ կշռող պայուսակով մը։ Այս թուականներէն սկսեալ մանաւանդ 1970 եւ 80ականներուն շինարարութիւններու ալ ծաւալումով, կղզին հեռացաւ հանդարտ եւ անձայն արձակուրդի վայր մը ըլլալէ։

 

Գընալը Կղզիի Մզկիթը
Մահմետական բնակչութիւնը մզկիթի մը շինութեան համար հիմնեց «Գընալը Կղզիի Մզկիթի Միութիւն»ը որուն ատենապետութիւնը 1957ին ստանձնեց ճարտարապետ Թուրհան Ույարօղլուն։ Ույարօղլու եւ պաշտօնակիցը Պաշար Աճարլըն գործի լծուեցան: Սակայն ծախու առնուած հողատարածքին ծովեզերքը ըլլալը դժգոհութիւններ ստեղծեց։ Ճարտարապետ Ույարօղլուն երաշխաւորեց թէ մզկիթը այնպէս մը պիտի կառուցէր որ ծնրադրողները, աղօթողները երբեք պիտի չտեսնէին ծով մտնողները։ Առարկութիւնները վերջ գտան։ Ույարօղլու եւ Աճառլըն մզկիթի յատակագծի պատրաստման շրջանին օրակարգի նիւթ դարձաւ նաեւ Գարագիւղի Մերզիֆօնլու Գարա Մուսթաֆա մզկիթին կղզի տեղափոխումը։ Ճամբու շինութեան ընթացքին փլած մզկիթին, կղզի փոխադրութիւնը գործաւորներուն անխնամ աշխատութեան պատճառաւ չիրականացաւ։ Մզկիթի փլատակներէն միայն նաւ մը մարմար, ատաղձ եւ երկաթէ գերանի կտորներ կղզի կրցան տանիլ, փոխադրութեան ընթացքին մաս մը գերան ալ ծով ինկաւ։

Մզկիթի շինութեան մասին կայ նաեւ տարաձայնութիւն մը թէ՝ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն, Գընալը կղզին թալանելու եկող խուժանին, ոստիկանապետ Օսման Պէլկէն արգելք հանդիսացած է։ Այնպէս որ ոստիկանապետ Օսման Պէյ հրաման չէ տուած որ կղզի մօտեցող նաւերը ցամաք ոտք դնեն ու ետ ղրկած է անոնք։ Կղզեբնակ Հայ եւ Յոյն փոքրամասնութիւնն ալ պարագայէն ազդուելով մզկիթի շինութեան բերին իրենց նիւթական եւ բարոյական օգնութիւնը։ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն Գընալը կղզիին մեծ չափով վնաս կրած չըլլալը, միայն եկեղեցիներուն պատուհաններուն փշրուած եւ գերեզմանատուներուն վնասուած ըլլալը, կը պաշտպանեն սոյն տարաձայնութիւնը... Գընալը կղզիի մզկիթը 1964ին պաշտամունքի բացուեցաւ, որպէս՝ շրջանի Թուրքիոյ ամենաարդիական ոճով մզկիթը։

Զահրատ եւ Գընալը Կզղիի Կատուները
Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, 1924ին ծնած է Պոլիս։ Երեք տարեկանին կորսնցուց հայրը: Հաճը Լեւոն անունով ծանօթ մեծ հայրը՝ Լեւոն Վարդանեան ստանձնեց անոր խնամքը։ Հաճը Լեւոն 20րդ դարու սկիզբները Գընալը Կղզին հողամաս մը ծախու առնելով տուն շինել տուաւ։ Դեռ 40 օրուան Զահրատ տեղափոխուելով այդ տունը, իր կեանքի դեռ առաջին օրերուն ծանօթացաւ կղզիին հետ ու մինչեւ մահը իր բոլոր ամառները կղզին անցուց։

Շէկ Հողը

Ամբողջի մը երկու կէսերը երբ
Անջատուին իրարմէ
Ի՞նչ կ'ընեն-կ'ըսէք-
Արդեօք կը փնտռե՞ն զիրար կարօտով
Թէ ատելութեամբ խոյս կու տայ մին միւսէն
-Ես ու շէկ հողը ամբողջ մըն էինք


Զահրատ, Բանկալթը Մխիթարեան լիսէէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ 3 տարի կը շարունակէ Իսթանպուլ Համալսարանի բժշկութեան բաժինը, բայց կէս կը ձգէ: Երիտասարդ տարիներուն աշխատեցաւ դեղամթերքի, բժշկական առարկաներու հաստատութեան, թղթավաճառի եւ նոտարի նման զանազան տեղեր: 90ական թուականներէն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը զբաղուեցաւ առեւտուրով՝ գօտիի արտադրութեան, փողկապի, ծորակի եւ վերջնական ըլլալով շղթայի:

Զահրատին առաջին բանաստեղծութիւնը 19 տարեկանին հրատարակուեցաւ Ժամանակ օրաթերթին մէջ: Իսկ յաջորդող տարիներուն գլխաւորութեամբ Մարմարա օրաթերթի, Պոլսոյ եւ սփիւռքի հայերէն օրաթերթերուն եւ պարբերաթերթերուն մէջ հրատարակուեցան բանաստեղծութիւնները:

Զահրատ, կեանքի մանրամասնութիւնները, մտերմիկ եւ պատմային ոճովը միացնելով Հայ արդի բանաստեղծութեան բերաւ նոր շունչ մը: Զահրատ խուսափած է զարդարուն լեզու մը գործածելէ, գրած է կեանքի, սիրոյ, ընկերութեան եւ բնութեան ձօնուած բանաստեղծութիւններ։ Շնորհիւ իր օգտագործած պարզ լեզուին բացի Պոլիսէն մեծ ան հետաքրքրութիւն ստեղծած է նաեւ սփիւռքահայ եւ համաշխարհային գրական շրջանակներու մօտ:
Բանաստեղծին կարեւոր յատկութիւններէն մէկն էր՝ իր շատ սիրած կատուներուն յաճախ տեղ տալը բանաստեղծութիւններուն մէջ եւս: Զահրատ մանկութենէն սկսեալ յատուկ կապ մը հաստատած է կատուներուն հետ: Երիտասարդ տարիքին գրի առած «Սամաթիոյ Կայարան» անուն բանաստեղծութեան մէջ ինքը ճամբորդելու եկող ընտանիքի անդամներուն միջեւ կը յիշէ նաեւ կատուն «Ժօնտօր»ը որպէս մին ընտանիքի անդամներուն։ Զահրատին կատուներու հանդէպ սէրը ծաւալած է շնորհիւ անոր Գընալը Կղզիի մէջ անցուցած ամառնային արձակուրդներուն։ Կղզիի կատուներուն հետ բարեկամացած, անոնց տարբեր անուններ տալով անոնք յիշած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Գործերը թարգմանուած են 22 լեզուներու։

Մահացած է 2007ին։ Կատուներու մասին բանաստեղծութիւնները 2017ին Արաս Հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուեցաւ «Կատուներ» անունով։

Մայմուն

Մայմուն որ կ'ըսեմ կապիկ չկարծէք
Տան սեւ փիսիկին անունն է
Փիսիկ որ կ'ըսեմ աղուոր չկարծէք
Աշխարհիս ամէնէն տգեղ կատուն է
Սեւ է որ կ'ըսեմ սեփսեւ չկարծէք
Սեւութեանը մէջ աչքերը դեղին են
Դեղին որ կ'ըսեմ արեւ չկարծէք
Արեւը մէկ է աչքերն երկու են
Երկու որ կ'ըսեմ զատ զատ չկարծէք
Երկուքին խորն ալ երազը մէկ է
Երազ որ կ'ըսեմ մեծ բան չկարծէք
Մարդու մը կողմէ սիրուիլն է։

Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտը
20րդ դարու սկիզբէն ի վեր Շիշլիի մարզական ակումբի վարիչներէն Հրանդ Պարսամեանի եւ Պէյօղլուի մարզական ակումբի վարիչներէն Նիքօ Զերվօրաքիի Գընալը կղզիի երիտասարդներու ուղղեալ տարած մարզանքի աշխատանքները, զարգացուցած է կղզեցի երիտասարդներուն մարզանքի հանդէպ հետաքրքրութիւնները։ Պարսամեանին, կիրակի օրերը երիտասարդները մարզելու համար Շաբաթ գիշերուընէ կղզի կու գայ եւ կը գիշերէ ոստիկանատան մէջ փայտէ բազկաթոռներու վրայ: Այս պարագան կարեւոր տեղ կը գրաւէ կղզեցիներուն յիշողութեան մէջ։ Պարսամեանի և Զերվօրաքիի տարած մարզանքի աշխատանքները, միջոց մը վերջ ուշադրութիւնը գրաւեց միւս կղզիներու երիտասարդութեան: Սկսան կազմակերպուիլ կղզիներու միջեւ ոտնագնդակի, կողովագնդակի, մարմնամարզութեան և լողալու մրցումներ։ Բացի կղզիներէ, դուրսէն զանազան ակումբներ եւս մասնակցեցան մրցումներուն, ոտնագնդակի մարզադաշտը ամէն կիրակի կղզիի բնակիչներով լեփլեցուն, յուզիչ մրցումներու տանտիրութիւն ըրաւ: Թագսիմի, Պէյօղլուի, Շիշլիի պէս շրջանի Հայ և Յոյն ոտնագնդակի յայտնի ակումբները կանոնաւոր կերպով մրցեցան, Լեֆթեր Քիւչիւքանտոնիատիս, Մեթին Օքթայ, Շիւքրիւ Կիւլէսին, Էշֆաք Այքաչ, Նուպար Համամճեան, Ալեքսան Տատեան-ի նման շրջանի կարեւոր դէմքերը խաղացին այս դաշտի մէջ։

Ըստ կղզեցիներու՝ Ժարտէն կամ Հրանդ Պարսամեան մարզադաշտ անունով յիշուած դաշտին ամենէն հեւքոտ մրցումները յոյներու եւ հայերու միջեւ տեղի ունեցածներն էին: Ամառնային շրջանին կղզիներու ամէնէն շատ յաղթող ակումբը, եղանակի վերջաւորութեան կը տօնէր իր յաղթանակը նաւամատոյցի զբօսատան մէջ։ 1964ին Յոյներուն Պոլիսէն աքսորուիլը, կղզիի Յոյն բնակչութեան նուազումը, յաջորդող տարիներուն կղզիներու մէջ մարզանքի դէմ անհետաքրքրութիւնը տկարացուց նաեւ կղզիի ակումբներու միջեւ տեղի ունեցած մրցակցութիւնը: 2012 ամրան Լեֆթեր Քիւչիւքանտոնիատիսի մահէն վերջ Կղզիներու Քաղաքապետարանը Հրանդ Պարսամեան Ոտնագնդակի Մարզադաշտի մէջ կազմակերպեց «Լեֆթերի Բաժակ» անուն մրցաշարքը: Երիտասարդութեան այս մարզադաշտը ոտնագնդակ խաղացող մարզիկներէ կազմուած չորս կղզիի անունները խորհրդանշող ակումբներ մրցեցան իրենց միջեւ: Շահողն էր՝ Հէյպէլի Կղզին:

Քարահանքներ
Իշխանաց Կղզիներու միջեւ իր դիրքով Պոլսոյ ամենամօտը՝ Գընալըն, ըստ Պոլսոյ պահանջքներուն անցեալէն մինչեւ այսօր գործածուած է տարբեր նպատակներով։ Բիւզանդական շրջանին ունեցած է քարահանք մը լուրջ մեծութեամբ: Քարերը մասնաւորաբար գործածուեցան Ե. դարուն շինութեան սկսուած Պոլսոյ պարիսպներուն համար: Քարերը այդքան խոշոր էին որ, կղզիի մէջ գոյացած փոսերը այսօր նոյնիսկ աչքով տեսանելի են: Հիւսիս արեւմտեան հատուածի մեծ փոսը Մեկալի Լագգա, իսկ արեւելեան հատուածի պզտիկ փոսը անուանուած է Միգրի Լագգա:

Երկար ժամանակ դադրած հանքագործութիւնը 19րդ դարու երկրորդ կէսին սկսաւ հարաւային կողմը քարահանքի մը բացումով: Ճարտարագէտներու մեծ մասը Գերմանացի էին:

Մինչեւ 70ական թուականներ պայթուցիկներով հանուած քարերը գործածուեցան՝ Հայտարփաշայի ալեբեկին, Սալըփազարիի քարափին եւ Գումգաբուի ձկնորսատան շինութիւններուն մէջ: Պայթումներու հետեւանքով կղզիի մէջ մօտաւորապէս 20 մարզադաշտի մեծութեամբ տարածք մը գոյացաւ: Ժամանակին քարահանքերուն գտնուած կղզիի հարաւային հատուածը այժմ կը գործածուի որպէս քաղաքապետարանի աղբանոց։ Հանքագործերուն ժամանակաւոր ապրած տուներուն աւելի վերջ տէր կանգնեցին կղզիի նոր բնակիչները: Այս տուներուն որպէս «գիշերաբոյս»եր կապուեցան նաեւ ելեկտրականութիւն եւ ջուր:

Ներսէսեան Դպրոցը
19րդ դարու կէսին կղզիի Հայ բնակչութեան յաւելումով գոյացաւ նաեւ ուսման կարիքը: Այս նպատակաւ հիմնուեցաւ երկսեռ վարժարան մը, այժմ Չընարալթը անուանեալ Չընարլը Քէօշք փողոցին մէջ: Դպրոցը ստացաւ Ներսէսեան անունը, որպէս 4րդ և 5րդ դարերուն ապրած եւ Եասսը Կղզի աքսորուած Ներսէս Ա․ Կաթողիկոսի յիշատակին։

Դպրոցը բացի մանկապարտէզէ ունէր 3 դասարան, առաջին տնօրէնուհին էր՝ Շուշան Սոլաքեան: Դպրոցին գլխաւոր եկամուտն էր Ադամեան Թատրոնը որ այդ շրջանին ծանօթ էր նաեւ Միլլէթ Զբօսատուն անունով: Ի նպաստ դպրոցին, հիմնուած էր Ներսէսեան Ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր՝ աշակերտներուն բացի գրել կարդալ սորվեցնելէ, մանչերուն գրենական պիտոյքներու ծախսը հոգալ, իսկ աղջիկներուն ալ յատուկ ուսուցիչներ գտնել ու ձեռային արուեստ սորվեցնել։


Դպրոցը 1894ի երկրաշարժին վնասուեցաւ, շէնքը փլաւ եւ ուսման դադար տրուեցաւ: Կղզեցի բարերարներ և պատրիարքարանը դպրոցի նորոգութեան համար դրամ հաւաքեցին բայց բաւարար չեղաւ: Երկրաշարժէն երկու տարի վերջ պիւտճէն հաւասարակշռելու համար ի նպաստ Ներսէսեան Դպրոցին, Ադամեան թատրոնին մէջ խաղ մը ցուցադրուեցաւ: Տոմսակներէն ձեռք ձգուած գումարով դպրոցը նորոգուեցաւ եւ շարունակեց ուսման: Երկրաշարժի աղէտէն մօտաւորապէս 20 տարի յետոյ պատահած հրդեհն ալ կրկին մեծ վնաս պատճառեց դպրոցին: Ներսէսեան Միութեան օգնութիւններով նորոգուած դպրոցը, 1929ի աշնան շուկայի մասը պատահած հրդեհով բոլորովին հրոճարակ դարձաւ:

Նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով կարելի չեղաւ՝ ո՛չ շէնքը նորոգել, ո՛չ ալ ուրիշ շէնքի մը մէջ ուսման շարունակել: Հրդեհէն 4 տարի վերջ Տիգրան Գազազեան անուն բարերար մը իր երկյարկանի տունը նուիրեց դպրոցի խնամակալութեան: 11 սենեականի եւ մեծ պարտէզով տունը շրջան մը գործածուեցաւ որպէս դպրոց: Բացի Գընալը-էն Պուրկազ, Պիւյիւքատա, Հէյպէլի, Քարթալ և Փէնտիքէն ալ աշակերտներ կու գային: Հայերու կողքին դպրոց կ'ընդունուէին նաեւ կղզեցի մահմետական տղաք: Աշակերտութեան թիւը շրջան մը հասաւ 150ի իսկ 1938ին դպրոցը փակեց իր դռները աշակերտութեան թիւի անբաւարարութեամբ։ Ներսէսեան դպրոցի վերջին եօթը տարիներու «Գազազեան Տուն» շէնքը, այսօր դեռ ոտքի կը մնայ։

Քորփի
Կղզիին Պուրկազ նայող, Մանասթըր Թէփէսիի ներքեւի սարաւանդը կը կոչուէր Քորփի: Կ'ենթադրուի թէ՝ այս անունը ներշնչողն էր Քորփի անուն Իտալացի մը, որ ԺԹ. դարու կէսերը ապրած էր կղզիին այդ մասը։ Քորփիի կողմը ծառախիտ ու կանանչ էր հակառակ այդ օրերու կղզիի չոր բնութեան: Իր գագաթի դիրքով օդաւէտ, կեդրոնէն հեռու ըլլալով ալ պտըտելու կամ զուարճանալու յարմար, փախուստի միջավայր մըն էր կղզեցիներուն համար:
Առաւօտեան զբօսնելու կամ դաշտապտոյտի համար Քորփի բարձրացող կղզեցիները, գիշերներն ալ Պուրկազ կղզիի տեսարանով լիալուսնի դէմ իրենց գինիները կ'ըմպէին ու կը զրուցէին: Քորփին կղզեցի երիտասարդներուն գաղտնի ժամադրավայրն էր:

Քորփին կրօնական տօները նշելու համար ալ անփոխարինելի վայր մըն էր: Յոյները, Զատկին հոս երկար սեղաններու շուրջ հաւաքուելէ, ճաշկերոյթէն յետոյ իրենց լաթերնաները նուագելով կը պարէին, կը զուարճանային մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը: Իսկ Հայերը իրենց ձեռնադաշնակ եւ կիթառներով կ'ելլէին Քորփի, մաքուր օդով միասին կը վայելէին աննման տեսարանը: Կը յիշուի՝ կղզիի Մահմետական բնակիչներուն մանաւանդ Շէքէր Պայրամիին Քորփի ելլելը սազ եւ ձեռնաթմբուկներով զուարճանալը: Քորփիի մէջ կղզեցի ժողովուրդին բոլոր խաւերը տարբեր առիթներով ձեռնարկներ կը կազմակերպէին, դռները բոլորին բաց էր, ամէն մարդ իրար կը ճանչնար:
Կղզիի բնակչութիւնը օրըստօրէ աւելցաւ, Յոյները աքսորուեցան եւ շինարարութիւնները բազմացաւ... Երբեմնի Քորփի անուանուած տարածքը այսօր կը բարձրանան շարք շարք շէնքեր...։

Մեթամորֆոզիս Վանքը
Ժամանակին, Գընալը կղզին երկու վանք գոյութիւն ունէր: Անոնցմէ Վարտանիոսը, այժմու Շարժանաւի Նաւամատոյցին՝ Մօթօր Իսքէլէսիին դիմացը կը գտնուէր: Ժողովուրդին Վարի Վանք ալ անուանած շէնքը Հայոց համար ալ կարեւորութիւն ունի: Քանի որ վանքը կղզի աքսորուած Հայ զօրավար Պարտանես, այլ անուամբ Վարդանոսը կը հիմնէ: Այսօր Վարտանիոս վանքը գոյութիւն չունի, սակայն վանքէն մնացորդ սիւնի գլուխ մը եւ մարմարի մաս մը կը գտնուի Փանակիա Յոյն Եկեղեցւոյ պարտէզը:

Իսկ կղզիին մէկ այլ վանքը, հարաւային գագաթի Վարտանիոս Վանքէն աւելի հին՝ Մէթամորֆոզիս Վանքն է: Բիւզանդական շրջանին ամբաստանեալներ հոս կ'աքսորուէին, որոնցմէ մէկն էր Բիւզանդիոնի նշանաւոր կայսր՝ Ռոմէն Տիոժէն (Ռոմանոս Դ.):

ԺԹ. դարուն երկրորդ կէսին ամբողջովին փլատակ դարձած փայտաշէն վանքը յառաջիկային դարձեալ կը կառուցուի որպէս քարաշէն։ 1894ի Պոլսոյ երկրաշարժին լուրջ վնաս կը կրէ: Բարերարութեամբ՝ Կղզեցի վաճառական Սիմոն Սինէոսօղլուի վանքին որոշ մասերը փոփոխութեան կ'ենթարկուի եւ ամբողջութեամբ կը նորոգուի, ներկայ վիճակը կ'առնէ: Հէյպէլի Կղզիի Յունաց Դպրեվանքն ալ նոյն երկրաշարժէն վնասուելով բարձրագոյն դասարանները շրջան մը այս վանքին մէջ ուսում առին: Տարբեր շրջաններուն որպէս որբանոց ալ գործածուած շէնքին Ա. Համաշխարհային Պատերազմին զինուորականութիւնը ձեռք կը դնէ: 1917ին Յոյներուն ետ յանձնուած վանքը, երեք տարի վերջ ապաստարան դարձաւ Փիոթր Վրանկէլ-ի բանակէն խոյս տալով Պոլիս հասնող Ռուս պատսպարեալներուն:

Վանքի եկեղեցիին մէջ կը գտնուին ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերէն մնացած թանկագին սրբանկարներ։ Ըստ ենթադրութեան՝ հոս դէպի արեւմուտք ծովեզերք բացուող գետնուղիներ կը գտնուէր որպէսզի աքսորուած իշխանները կարենային փախչիլ: Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքարանին պատկանող վանքը երկար ժամանակէ ի վեր հիմնական նորոգութիւն մը չէ տեսած. ոտքի կը կանգնի այսօր եւս: Մեթամորֆոզիս վանքը մինչեւ օրս հասած է որուն մէջ մեծ է դերը բարերար Սիմոն Սինէոսօղլուի: Անոր յուշարձան-շիրիմը կը գտնուի վանքին պարտէզը:

Գընալը Կղզիի Բաղնիքը
Գընալը կղզիի բաղնիքը ԺԹ. դարուն երկրորդ կէսին, կղզեցիներուն մաքրութեան պէտքը հոգալու համար Նորատունկեան Էֆէնտիին կողմէ կառուցուեցաւ: Նորատունկեան Էֆէնտի յաջորդող տարիներուն բաղնիքը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիին նուիրեց, որպէսզի Ներսէսեան Վարժարանին նիւթական նպաստ բերէ: Ճերմակ մարմարներով պատուած բաղնիքին ներքին հատուածը կը գտնուէր տաք ու պաղ ջուրի սարքաւորումով աւազան մը: Երկար շրջան մը կղզեցի ընտանիքներ օրուան որոշ ժամերու միջեւ օգտագործեցին բաղնիքը: Մօտաւորապէս 20րդ դարու կէսին բաղնիքը իր նպատակը կորսնցուց, տարիներու ընթացքին անխնամ մնաց եւ սկսաւ գործածուիլ որպէս մթերանոց։ Մինչեւ 80ականներ բաղնիքի մուտքը Հայատառ «Պաղնիկ» գրուած ցուցատախտակ մը կը գտնուէր: Շէնքը 2000ական թուականներուն վերաշինուեցաւ: Գընալը Համամ փողոցի բաղնիքը այժմ կը գործածուի որպէս ճաշարան։

Փանակիա Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցի
ԺԹ. դարուն երկրորդ կէսին կղզիի բնակչութիւնը աւելցաւ, անոնք իրենց կրօնական կարիքները կրնային հոգալ միայն Խրիսթոսի Վանքը ուր կարելի էր հասնիլ երկար ճամբայ մը քալելով: Յոյները կղզիի ծովեզերքին աւելի մօտ եկեղեցի մը շինել ուզեցին: Սակայն կղզիի հողատարածքին մեծ մասը կը գտնուէր Հայերու ձեռքը եւ Հայերն ալ կղզիի վրայ երկրորդ Յունական եկեղեցիի մը գոյութեան դէմ էին, այս պատճառաւ երկու ժողովուրդի միջեւ անհամաձայնութիւն մը ծագեցաւ: Անուանի սեղանաւոր Սարգիս Թաշճեան, այս անհամաձայնութեան վերջ տալու եւ Յոյներուն կրօնական պաշտամունքը դիւրացնելու նպատակաւ այսօր կղզիի Գընալը Համամ փողոցը գտնուող կալուածը նուիրեց Յունական Պատրիարքարանին: Փանակիա Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցին շրջան մը Վարտանիոս Վանքին գտնուած տարածքը, 1886 թուականին պաշտամունքի բացուեցաւ: Այսօր եւս եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կը գտնուի հին վանքէն մնացած սիւնի գլուխ մը եւ մարմարիոնի կտոր մը: Յաջորդող տարիներուն եկեղեցւոյ կից բացուեցաւ Փանակիա Յոյն Վարժարանը, Յոյն աշակերտներուն ուսման համար:

1964ին Յունահպատակ Յոյներուն բռնի տեղահանումէն վերջ կղզիի Յունական բնակչութեան գրեթէ ոչնչացումը դժուարացուց նաեւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը: Վերջին տարիներուն կղզի հաստատուող Ասորի ժողովուրդը իրենց պաշտամունքը կը կատարեն Փանակիա Յոյն Եկեղեցւոյ մէջ: Փանակիա Յունաց Վարժարանն ալ 1973ին փակուեցաւ աշակերտի չգոյութեան հետեւանքով:

21 Մարտ, 2024
Թարգմանութիւն՝
Տեսիլ Էրմէն- Կեդրոնական' ԺԱ դասարան
Մելիս Պուլկուր- Կեդրոնական' ԺԱ դասարան
Միրա Եիղիթէր- Կեդրոնական' ԺԱ դասարան
Լիլիան Ավիթօղլու- Կեդրոնական' ԺԱ դասարան
Տերեւ Թաշհան- Կեդրոնական' Ժ դասարան
Կարէն Քիւրքճիւօղլու- Կեդրոնական' Ժ դասարան

 

 

  Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։