Շրջապտոյտ՝ Զմիւռնիոյ Հայկական թաղերու մէջ
Հայեր, այլևայլ դարերու ժամանակամիջոցին և զանազան վայրերէ Զմիւռնիա գաղթած են։ Առաջինը՝ 1380ի միջոցները, երկրորդը՝ 1610 թուականէն ետք և երրորդ անգամ՝ 1800ի վերջերը: Չուքուրօվայ տարածաշրջանին տիրապետող Կիլիկիա Հայկական թագաւորութեան 14րդ դարու վերջերուն մօտ անկումէն յետոյ առաջին Հայերը խումբ առ խումբ սկսան գալ ու հաստատուիլ Զմիւռնիոյ Քատիֆէքալէ կոչուած թաղին Բակոս լեռան ստորոտը, ուր կանգնեցին իրենց յատուկ մատուռ մը։ 16-17րդ դարերու Ճելալի ըմբոստութիւններն ու Պարսկական աշխարհի քաղաքականութիւնը պատճառները կ՛ըլլան երկրորդ գաղթին դէպի Զմիւռնիա։ Նորեկները, այսօրուան Քիւլթիւրբարքի հարաւ-արևմտեան կողմը գտնուող Իսմեթ Քաբթան թաղին շուրջ տեղաւորուեցան։ Ժամանակի ընթացքին Հայ բնակչութիւնը հետզհետէ բազմացաւ ու այս պարագան պատճառ եղաւ թաղին «Հայնոց» (Հայերու թաղ) կոչուելուն։

Յաջորդող դարերուն Օսմանեան կայսրութեան արևելեան տարածաշրջաններէն գաղթողներու հետ միասին Հայ գաղութը ևս բազմացաւ: Ասով հանդերձ իրենց թիւը բաղդատաբար քաղաքի այլացեղ բնակչաց, երբէք բարձր չեղաւ․
այսու հանդերձ Զմիւռնիայի հայերը քաղաքին առևտրական, կրթական, արուեստական և մշակութային կեանքին մէջ կարևոր դեր մը ունեցան։

Զմիւռնիոյ Հայերը Եւրոպական երկիրներու հետ հաստատուած կապերուն զարգացումով Արեւմտեան մշակոյթէն ազդուեցան: Այս ազդեցութեան հետեւանքով մասնաւորաբար 19րդ դարու առաջին քառորդէն սկսեալ կրթական, գրական եւ հրատարակչական մարզերու մէջ մեծ նուաճումներ արձանագրեցին եւ սկսաւ նոր շրջան մը, որ կը յիշուի իբրև «Հայ մշակութային Զարթօնքը»:

1845ին պատահած մեծ հրդեհը հրոյ ճարակ դարձուց հայկական թաղը ու բնականաբար այս աղէտը արտադրական աշխատանքներուն յետադիմումին պատճառ եղաւ: Նոյն տարուան մէջ մայրաքաղաք Պոլիսէն կանչուեցան երկու ճարտարապետներ ու թաղը վերաշինուեցաւ։ Նորակերտ հայկական թաղը իրարու ուղղաձիգ և անթեք ճամբաներով արդիական երևոյթ մը ունէր։ 19րդ դարու երկրորդ կիսուն Պասմանէ կայարանին օգտագործումի բացուիլը քաղաքին ընկերական և առևտրական կեանքը դարձեալ ճոխացուց։

Երրորդ գաղթը վերջին տարիներու մէջ տեղի ունեցած դիպուածներու հետևութիւնն էր․ ինչպէս՝ 1890ական թուականներուն գործուած Համիտիյէ զօրագնդերի սպանդները, 1909ի Ատանայի կոտորածը, 1915ի Հայերու տեղահանութեան օրէնքը։ Պատմական աշխատութիւնները կը հաստատեն թէ՝ 1915ին Զմիւռնիոյ Հայերն ալ տեղահանութեան առարկայ պիտի ըլլային սակայն շատ քիչեր այս ճակատագրին ենթակայ եղան։ 1916ի վերջերուն մօտ Գերմանացի զօրավար Լիման ֆոն Սանտերս զինուորական կարիքները յառաջ քշելով տեղահանութեան արգելք եղաւ։ Յոյն-Թրքական պատերազմը (1919-1922) Զմիւռնիա քաղաքի ապագան որոշեց։ Թրքական բանակին դէպի Զմիւռնիա արշաւանքի պատճառաւ Այտըն և Աֆեօնի նման մօտակայ քաղաքներէն խոյս տուողները Զմիւռնիա ապաստանեցան, այսպէսով Հայերու թիւը 1922ին 30000ի հասաւ։ Նոյն տարուան Սեպտեմբերին Թուրք բանակը քաղաք ներխուժեց։ Հաւանական կոտորածի մը վախով Քրիստոնեայ այլ բնակիչներու նման Հայերն ալ իրենց թաղերը լքելով հեռանալու ջանացին։ Սեպտեմբեր 13ին սկսած եւ չորս օր տեւած Զմիւռնիոյ մեծ հրդեհը վկաներուն յայտարարութիւններուն համաձայն՝ Հայկական թաղէն սկսելով աւերեց քաղաքին արևմտեան կողմը գտնուող Քրիստոնեաներու բնակավայրերը։

1925ին Տենկր Բրոստի նախագիծ անուանուած քաղաքին վերաշինական աշխատանքը սկսաւ։ Նախ՝ 1922 թուականէն առաջ կառուցուած փողոցներն ու պողոտաները քարտէսէն ջնջուեցան յետոյ բոլոր հրկիզուած թաղերն ու շրջակայքը ամբողջովին շինութեան ենթարկուեցան։ Հայկական թաղին մէկ մասին 1930ական թուականներուն Քիւլթիւրբարք կոչուած զբօսավայրը կառուցուեցաւ իսկ՝ միւս մասերուն ալ բնակարաններ, պանդոկներ, վաճառատուներ։ Ներկայիս Հայկական թաղը յիշեցնող ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի։


Ս․ Ստեփանոս եկեղեցի
Զմիւռնիոյ մէջ Լատինք ունին հինգ եկեղեցի եւ մատուռ նոյնպէս՝ Յոյները վեց մեծ եկեղեցի․ բայց ասոնց մէջ չկայ եկեղեցի մը , որ իւր յօրինուածութեամբ, պայծառութեամբ և ճարտարապետական շքեղութեամբ հասնի Ս․ Ստեփանոս եկեղեցւոյն։ Այո՛ Լատինաց մայր եկեղեցին, նուիրեալ Ս․ Յովհաննու Աւետարանչի, ընդարձակ է քան զամէնը, հաստ քարաշէն սիւներն՝ զորոնք երեք հոգի հազիւ կրնան գրկել, բարձրացած են եկեղեցւոյ մէջ, բայց սիւներու համեմատութեամբ եկեղեցւոյ ձեղունը ցած է և անճաշակ։ Յունաց Այիա Ֆոթինի եկեղեցին անուանի է, որուն աշտարակը կարծես թէ կը տիրէ Զմիւռնիոյ ամենաբարձր շէնքերուն վրայ և կը տեսնուի ամէն կողմանէ։ (․․․) Սակայն այս բարձրակառոյց աշտարակին տակն եղող եկեղեցին շատ փոքր է։ Ս․Ստեփանոս կը գերազանցէ զամէնքն ալ։
Հայր Յակոբ Վ․ Քօսեան «Զմիւռնիոյ և շրջակայքի Հայեր» վերնագրով 1899ին հրատարակուած գիրքին մէջ Ս․Ստեփաննոս Հայկական եկեղեցին այսպէս կը պատկերացնէ։
Ս․ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կառուցման թուականը անծանօթ է սակայն 17րդ դարուն կառուցուած ըլլալուն մասին վկայութիւններ գոյութիւն ունին։ Տաճարը իր հսկայ և հոյակապ արտաքին տեսքով ու գեղակերտ ներքին զարդարանքով Զմիւռնիոյ ամէնէն փառաւոր տաճարներէն մէկն էր: Մինչև 1880ական թուականները եկեղեցւոյ պարտէզը կը գործածուէր իբր գերեզմանատուն: Համայնքային քանի քանի գործիչներ, գրողներ, արուեստագէտներ, վաճառականներ, համբաւաւոր ուսուցիչներ այս պարտէզը թաղուած էին։ Միևնոյն ժամանակ պարտէզին մէջ ազգային կարևոր հաստատութիւններու շէնքեր ալ շինուած էին ինչպէս՝ Զմիւռնիոյ Հայոց առաջնորդարանը և ընթերցատունը (1860), որ թանգարան ու արխիւ ըլլալով ալ կը գործածուէր։ Ընթերցատան մէջ 15000 գիրք, ձեռագիրերու և թերթերու հաւաքածոյ մըն ալ կար։

1922ին Թրքական բանակը ամբողջովին գրաւեց քաղաքը, հազարաւոր Հայեր կոտորածէ պահպանուելու համար ապաստանեցան Ս․Ստեփանոս եկեղեցիին տարածքը սակայն հրդեհը վրայ հասաւ, ուստի իրենց կեանքը փրկելու համար պարտաւորուեցան փախչիլ դէպի քարափ։

Հրդեհը ամբողջովին աւերեց Ս․ Ստեփանոս եկեղեցին ու Հայկական թաղը։ Այս օրերուս տաճարին գտնուած տեղը քարտէսի վրայ կրնանք տեսնել «Կազի Պուլվարը»ի և 1370րդ փողոցի զիրար կտրած կէտին վրայ։


Տէտէեան Տպարան

Տէտէեան տպարանը, Հայկական թաղ անուանուած այս շրջանին, Րէշիտիյէ պողոտայ թիւ 50 հասցէին կը գտնուէր, որ այսօր այս պողոտան գոյութիւն չունի:
Տէտէեան տպարանը 1851ին Յարութիւն Տէտէեանի կողմէ հիմնուեցաւ իսկ Զմիւռնիոյ մէջ տպագրութեան պատմութիւնը բաւական հին թուականներուն սկսած է։ Հայերէն տառերով առաջին հրատարակութիւնը իրականացաւ 17րդ դարու երկրորդ կիսուն հաստատուած Ս․ Էջմիածին և Ս․ Սարգիս Զօրավար տպարաններու մէջ։ Այդ թուականէն սկսեալ մասնաւորաբար «Հայ մշակութային Զարթօնքը» ըլլալով անուանուած 19րդ դարու տևողութեան քանի քանի Հայկական տպարաններ գոյութիւն ստացան։

Այն ատենուան նիւթական պայմաններով տպագրական մեքենաներու, տառերու ձոյլերու նման գիտարուեստական կարիքները միայն կարելի էր ձեռք բերել Եւրոպայի երկիրներէն, որ լուրջ ջանք և նիւթական կարողութիւն կը պահանջէր։ Ալ աւելին կար՝ Զմիւռնիոյ Հայերու մէջ շատեր գրել կարդալ չէին գիտեր հրատարակութեան լեզուին Գրաբար ըլլալուն պատճառաւ։

Աշխարհաբարով հրատարակութիւնները սկսելէ յետոյ Գրաբարի տիրապետութիւնը հետզհետէ նուազելով ի վերջոյ իր գերակշռութիւնը կորսնցուց։ Այս փոփոխութեան ամենամեծ խորհրդանշաններէն մէկն ալ Յարութիւն Տէտէեանին հազիւ 19 տարեկանին հիմնած Տէտէեան Տպարանն էր, որ յառաջիկային իր եղբայրներն բաժնետէր պիտի ըլլային։

Տէտէեան տպարանը հակառակ իր նախորդներուն կը տպէ առաւելապէս, վէպեր եւ թատերախաղերու թարգմանութիւններ։ Մասնաւորաբար Ֆրանսացի, Անգլիացի, Գերմանացի գրողներու գիրքերը կը թարգմանուէին երիտասարդ Հայ մտաւորականներու կողմէ։ Այդ ժամանակամիջոցին ոչ կրօնական գիրքերու պակասութիւնը եթէ նկատի առնուի, կարելի է երևակայել թէ Տէտէեան տպարանի աշխատանքը տարբեր եռանդ մը ներմուծած է Հայ գրականութեան և Հայ գրասէրներու մէջ։ 1890ական թուականներուն բազմաթիւ Հայերէն գիրք, լրագիր և պարբերաթերթ տպուած են Տէտէեաններու կողմէ։

Տպարանը ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ ու իր համբաւը կը հասնի մինչև Պոլիս, նոյնիսկ Եւրոպա։ Յարութիւն Տէտէեան 36 տարեկանին կը մահանայ:

Իր եղբայրները չեն ուզեր ընդհատել տպարանը, կը շարունակեն աշխատցնել, միջոց մը ևս կը յաջողին գործը քալեցնել սակայն 19րդ դարու վերջերուն մօտ չեն կրնար տոկալ նիւթական պայմաններուն ու կը փակեն դռները։
Տէտէեան տպարանը, որ աւելի քան 40 տարի սնուցած է Օսմանեան կայսրութեան գրական շրջանակը անթիւ աշխատութիւններով, կը յիշուի որպէս 19-րդ դարու օսմանահայութեան մէջ ծաղկած լեզուի, գրականութեան և կրթութեան զարթօնքի ամենայայտնի ռահվիրաներէն մէկը։


1922 Զմիւռնիոյ Հրդեհը

1922 թուականին ծագած աղետալի հրդեհը Զմիւռնիայի երեք երկրորդը աւերակի վերածած էր։ Սա քաղաքին պատմութեան ամենատխուր և խաւարակուռ դէպքերէն մէկն է։
26 Օգոստոս 1922ին Թուրք բանակը Յարձակումի Յայտարարութենէն վերջ արագօրէն սկսաւ յառաջանալ դէպի Յոյներու կողմէ գրաւուած քաղաքները։ Այդ քաղաքներուն մէջ բնակող Քրիստոնեաները, որոնց մեծամասնութիւնը Յոյներ էին՝ անոնք և լքուած Յոյն զինուորները մահէ փրկուելու համար փախչելով հասան Զմիւռնիա։

9 Սեպտեմբերի գիշերը Թուրք բանակը Զմիւռնիա մտաւ․ գրեթէ բոլոր ականատեսները կը վկայեն թէ այդ գիշերէն մինչև 13 Սեպտեմբերի առտուն Քրիստոնեաներու թաղերը գտնուող գործատեղիները կողոպտուեցան, մասնաւորաբար Հայկական թաղի մէջ մարդասպանութիւններ և բռնաբարումներ եղան։

9 Սեպտեմբերին ծագած բռնկումները հրշէջ խումբը կրցած էր մարել սակայն 13 Սեպտեմբերին ցերեկուան ժամերուն Հայկական թաղի չորս տարբեր անկիւնէն բարձրացած բոցերը կարճ ատենէն հրոյ ճարակ դարձուցին բոլոր թաղը։ Այս վերջին փորձանքը, որ չէր նմանէր նախկիններուն, օրեր տևեց․ Հայերու, Յոյներու և Լեւանտներու թաղերը ամբողջութեամբ ոչնչացուց․ միայն Թուրքերու և Հրեաներու բնակած թաղերը և քաղաքին հիւսիսային կողմը գտնուող Բունթա (ներկայիս Ալսանճաք) ըսուած թաղը վնաս չկրեց։

Հրդեհին ինչպէս ծագած ըլլալուն և պատասխանատուներուն մասին յստակ եզրակացութեան մը յանգիլ կարելի չէ։ Ըստ՝ շրջանի դիւանագէտներու, դէպքերու պատճառաւ տուժողներու և ականատեսներու հրդեհը արկածի մը հետևանքը չէր այլ դիտումնաւոր ու նախատեսուած էր։

Ամէն պարագայի պատասխանատուներու վերաբերեալ միշտ տարբեր կարծիքներ յայտնաբերուած է։ Անգլիացի դիւանագէտներ համամիտ են թէ քաղաքը կրակի տուողները Թուրքերն են։ Հայ, Յոյն և կարգ մը Ամերիկացի, Ֆրանսացի և Գերմանացի ականատեսներ ու պաշտօնատարներ ալ նոյնպէս կը խորհին։ Այս տեսակէտը պաշտպանողներուն համեմատ պատասխանատուութիւնը կը պատկանի Թուրք զինուորներու և հրոսախումբերու․ անոնց նպատակն էր իրենց վայրագութիւնները ծածկել, պահուըտած Հայերը մէջտեղ հանել և Զմիւռնիոյ պատմութենէն ջնջել Քրիստոնեաներու հետքերը։
Իսկ Անգարայի կառավարութիւնը հրկիզումը կը բեռցնէ Հայերու և Հոյներու։ Կարգ մը Ամերիկացի դիւանագէտներ և լրագրողներ, Ֆրանսացի ծովակալ Տիւմէնիլ, Նիր Իսդ Րլիէֆէն Մարք Օ․ Բրենդիս ու Զմիւռնիոյ հրշէջ խումբի հրամանատար Բօլ Կրեսքօվիչ Անգարայի հետ համակարծիք են։

Պատճառաբանութիւններն ու պատասխանատուները յստակօրէն ստուգելու կարելիութիւնը չունինք սակայն սա որոշ է թէ հրդեհը Զմիւռնիոյ Քրիստոնեայ հասարակութեան համար մեծ փլուզում եղաւ։ Մարդիկ հրդեհէն փրկուելու համար ծովեզերք վազեցին ու քարափը հաւաքուած՝ ազատարար նաւերը սպասեցին․ Դաշնակիցները Զմիւռնիա յապաղումով հասան։ Այդ ընթացքին զինուորական կուսակալութեան յայտարարութեամբ 18էն մինչև 45 տարեկան այրերը պատերազմական գերի սեպուեցան ու իրենց հեռանալու իրաւունք չտրուեցաւ։

16 Սեպտեմբերէն մինչև 1 Հոկտեմբեր 300000 հոգի փոխադրուեցաւ նաւերով, իսկ 18էն 45 տարեկան 150000 է աւելի այրեր քշուեցան Անատօլուի ներքին վայրերը, որոնցմէ շատ քիչեր վերադարձան Հաշտութեան Պայմանագիրը ստորագրուելէ վերջ։

Զմիւռնիոյ հրդեհը մեծ հարուած տուաւ քաղաքին մշակութային ժառանգութեան, 21 եկեղեցի, 32 դպրոց, 5 հիւանդանոց, 5 հիւպատոսարան ոչնչացաւ, 14000 է աւելի տուներ այրեցան, հրդեհի պատճառաւ 100000 – 200000 հոգի կեանքը կորսնցուց։ Անտէր մնացած շարժական կամ անշարժ գոյքերը Լքուած Գոյքերու օրէնքին յենելով Թուրք կառավարութեան սեփականութեան փոխանցուեցաւ։

Այսօր, այս տարածքին մէկ մասին կը գտնուի Քիւլթիւրբարք, իսկ միւս մասերուն գոյութիւն ունին բնակավայրեր եւ առեւտրական հաստատութիւններ:


Հայ Որսորդաց Ակումբի ֆութպոլի խումբը

Հայ Որսորդաց Ակումբը 1908 թուականին 2րդ Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ հիմնուեցաւ, Հայ երիտասարդներու մէջ որսի և լեռնարշաւի սէր արթնցնելու նպատակաւ։ Ակումբը ունէր բազմաթիւ անդամներ և տարբեր մարմնամարզական խումբեր, որոնցմէ ամէնէն ճանչցուածը իր անդամներէն բաղկացած ֆութպոլի խումբն էր։

Ֆութպոլային մշակոյթը 19րդ դարու վերջերուն մօտ առաջին անգամ Պորնովայի մէջ սկսաւ Լեւանտ երիտասարդներու կողմէ կազմուած խումբերու շնորհիւ ու տարածուեցաւ միւս ազգերու մէջ։

Նոյն դարաշրջանին նախ Յոյները յետոյ Հայերը իրենց ակումբները հիմնելէ յետոյ սկսան մրցումներ կազմակերպել։ Որսորդաց ակումբի ֆութպոլի խումբէն զատ Հայերը ունէին նաև Քարաթաշի Վարդանեան դպրոցի սաներու կողմէ կազմուած խումբ մը։ Յոյներու Բանիօնեօս, Աբոլոն և Բելոբս խումբերը եւ Յոյն ֆութպոլի ակումբները Զմիւռնիոյ մարզական մրցումներուն ամենազօրաւոր ներկայացուցիչներէն էին։

Նմանապէս Պոլիսի մէջ ալ Թուրքերու և ոչ մահմետականներու կողմէ մէկը միւսին ետևէն ֆութպոլային ակումբներ մէջտեղ ելան ու երկու քաղաքներու խառն խումբերու միջև մրցաշարքեր կազմակերպուեցաւ։ Ըստ վկայութիւններու Զմիւռնիոյ խառն խումբերը կը գերազանցէին Պոլիսինները։

Հետագայ տարիներուն Հայ որսորդներու ակումբի և Վասպուրականի մարմնամարզական ակումբի անդամները միանալով հիմնեցին Հայկական ակումբ անունով նոր միութիւն մը, որուն աշխատանքները ֆութպոլով սահմանուած չէր նաև կը պատրաստէր մարզիկներ Հայկական Ողիմպիական խաղերու համար։
Մասնաւորաբար ակումբի մարզիկներէն Գէորգ Հաբէթեան վազքի, հեռացատկի և եռացատկի մարզերուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրելով Հայ մարզական աշխարհի կարևոր դէմքերէն մին կ'ըլլայ, միևնոյն ժամանակ՝ Հայկական ֆութպոլի խումբի խմբապետ։ Հաբէթեան աւելի վերջ մաս կը կազմէ նորաստեղծ Ալթայ ֆութպոլի խումբին ուր յաջող ելոյթներ կ'ունենայ։

Քաղաքին Հայկական ու Յունական բոլոր մարզական գործունէութիւնները վերջ կը գտնեն 1922ի հրկիզումով։ Հաբէթեան, աղէտէն քանի մը օր առաջ կ՛ապաստանի Աթէնք, հոն կը ստանձնէ Հայկական ֆութպոլի և մարմնամարզական բաժիններու պատասխանատուութիւնը։ Կը մահանայ 1980ին, Աթէնք։


Բժիշկ Կարապետ Խաչերեանին Տունը
1922 թուականին Թրքական բանակի գրաւումէն յետոյ պատահած հրդեհին ականատեսներէն մին է Բժշկ․ Կարապետ Խաչերեան։ Ինք այդ ժամանակաշրջանին ապրածները գրի առնելով Զմիւռնիոյ պատմութեան կարևոր աղբիւր մը նուիրած է։
Խաչերեան ծնած է Քոճաէլիի սահմաններուն մէջ գտնուող Պարտիզակ (Պահչէճիք) գիւղը։ Բժշկութիւն ուսանելու համար Պոլիս կը մեկնի, ուսման վերջին տարիներուն Հայկական ու Ֆրանսական հիւանդանոցները կ՛աշխատի։ 1914թ․ կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը և պատերազմի ամբողջ տևողութեան կը ծառայէ Օսմանեան բանակին այլևայլ ճակատներու վրայ, որպէս սպայ-բժիշկ։ Այդ ընթացքին Հայկական տեղահանութեան օրէնքը ի գործ դրուած ու Անատօլուի Հայերու աքսորը սկսած էր։ Խաչերեանի հայրենիք Պարտիզակի Հայերն ալ տեղահանումի մատնուած՝ անոնցմէ մեծ մասը սպաննուած էին։
Խաչերեան, Հայկական թաղի Չալկըճըպաշը փողոցը տուն մը վարձելով ընտանեօք Զմիւռնիա հաստատուեցաւ։ Միջոց մը վերջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական հիւանդանոցի ընդհանուր վիրաբոյժը դարձաւ։ 1922 թուականին Թուրքական բանակի գրաւումի նախօրեակին Խաչերեան ընտանիքը չլքեց քաղաքը հակառակ Քրիստոնեաներու հանդէպ հալածանքներու կանխատեսութիւններու։
Ըստ իրեն ո՞վ կ'ուզէր թողուլ իր յաջող դիրքը բայց ի վերջոյ կը պարտաւորուի լքել Հայկական թաղի տունը, իր կնոջ ու հինգ զաւակներով ու կ'ապաստանի բարեկամներուն քարափը գտնուող բնակարանը։
Յաջորդ օրերուն Կարապետը մերթ ընդ մերթ կ՛այցելէ Չալկըճըպաշը փողոցը ստուգելու համար թէ իր տունը թալանուած է՞ կամ տեսնելու թէ ի՞նչ կը պատահի քաղաքին մէջ ։ 13 Սեպտեմբեր կէսօրին երբ ծուխ բարձրանալ կը սկսի Հայկական թաղէն դարձեալ կ՛ուղղուի հոն։ Խաչերեան այդ օրուան իր տպաւորութիւնները սապէս կը պատմէ․
« Սարսափով կը դիտեմ փախչողներու անսահման ամբոխը։ Յունական և Իտալական հիւանդանոցներու պատուհանները անոնցմով լեցուած է, իրենց մէջ կան ինծի ծանօթ քանի մը դէմք։ Հոլանտական հիւանդանոցի դռները կղպուած է, շտապով փողոցը կ՛անցնիմ և կը հասնիմ ծովեզերքի տունը, ամէն բան կը պատմեմ, բոլորը տանիքները ելած են, ծուխը հսկայ ամպի մը պէս կը տարածուի Հայնոցի շրջանէն դէպի Բունթա ու մոխիր կը թափի մեր գլուխներուն»
Կարապետը և ընկերը Արամ հրդեհէ յետոյ կը փորձեն մտնել Հայկական թաղամասը՝ ստուգելու համար իրենց տուներուն վիճակը սակայն Թրքական զինուորները արգելք կ՛ըլլան ու տեսնելով, որ Հայ են, կը ձերբակալեն զիրենք։
Բանտին մէջ ծանր պայմաններու տակ վեց օր անցնելէ ետք 45 տարեկանէ մեծ ըլլալուն համար ռազմագերի չի նկատուիր ու ազատ կ'արձակուի։
Քանի մը օր վերջ Խաչերեանները ԱՄՆ դրօշով լեփլեցուն նաւով մը կը փախչին Զմիւռնիայէ ու կը հասնին Լեսբոս կղզի։
Տարի մը վերջ ալ կը հաստատուին Սալոնիկ, ուր իրենց նման վտարականներու առողջապահական և կրթական ծառայութիւններ կը մատուցէ։ 1950ական թուականներուն Խաչերեան ընտանիքը Արգենտինա կը գաղթէ, Կարապետ կը մահանայ հոն։


Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական հիւանդանոց

Նաւահանգստային քաղաք Զմիւռնիա յաճախ համաճարակներու կ՛ենթարկուէր որոնցմէ ամէնէն ակնառուն ժանտախտն էր որ ծովու ճամբով կը հասնէր քաղաք։ Ըստ քաղաքը այցելողներու Զմիւռնիացիները ծայր աստիճան աննպաստ առողջապահական պայմաններու մէջ կ'ապրէին, համաճարակի ժամանակ ժանտախտէ փրկուելու համար պատահական նախազգուշացման միջոցներու կը դիմէին։
18րդ դարու վերջերուն մօտ սկսաւ հիմնուիլ ժանտախտի յատուկ հիւանդանոցներ, իւրաքանչիւր համայնք ունեցաւ իրենինը։ Այդ տարիներուն հիւանդութեան դէմ արդիւնաբեր բուժում չկար հետևաբար հիւանդանոցները աւելի շատ կը նմանէին զգուշարաններու և կ'անուանուէին «Մօրդաքիա», որ յունարէն կը նշանակէր «մեռելատուն»։ Հետագայ տարիներուն բուժման ժամանակակից մեթոտներու ներդրումով ու բժշկական արդի սարքաւորումներու շնորհիւ մեռելատուները հիւանդանոցի վերածուեցան։
18րդ դարու կէսերուն քաղաքի բոլոր հասարակութիւնները իրենց հիւանդանոցը ունէին։ Ֆրանսական, Յունական, Անգլիական և Հոլանտական հիւանդանոցները իրարու մօտ նոյն փողոցին վրայ էին։ Այս փողոցը կը կոչուէր Իսբիթալիա, որը յունարէն «հիւանդանոց» կը նշանակէր ։
Հայ համայնքի Ս․Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցը պաշտօնապէս հիմնուած էր 1801-ին, հիւանդներու վերապահուած սենեակներէ զատ կային նաև բաղնիք մը, ընթերցասրահ մը, ծերանոց մը և մատուռ մը։ 1870ական թուականներուն Հայ համայնքի կարևոր դէմքերէն Իսբարթալեան եղբայրներ վերաշինեցին հիւանդանոցը և շէնքին կից կառուցանեցին համանուն եկեղեցին։
Պոլսեցի բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան որ մի քանի անգամ այցելած էր Հայկական հիւանդանոցը՝ 1900ին «Մասիս» ամսաթերթին համար գրի առաւ յօդուած մը ուր սապէս կը շարադրէր իր տպաւորութիւնները․
«Հազիւ ցամաք հասած էի առաջին ցանկութիւնս եղաւ քայլերս ուղղել դէպի Ս․Լուսաւորիչ հիւանդանոց, կարծես պիտի տեսնէի մէկ հին բարեկամս [...] Ամբողջ շէնքը բուն իմաստով կը ժպտէր , կը ծիծաղէր ինծի։ Հիւանդները գրեթէ ընտանեկան միջավայրի մը մէջ կը բուժուէին, զիրենք խնամող այդ բուժիչ ձեռքերը մայրերու, հայրերու, քոյրերու, եղբայրներու ձեռքերն էին[...] Երբ նաւ կը վերադառնայի մտածեցի «Աշխարհի վրայ կա՞յ արդեօք բան մը աւելի օգտակար քան օգնել խեղճ հիւանդի մը»
Կը պատմուի թէ՝ 1922 Սեպտեմբերի գրաւման օրերուն Թուրք բանակը ձեռք դրաւ հիւանդանոցին ու 1500 է աւելի ապաստանեալները վտարեց։
Հայկական թաղը մոխիրի վերածող հրդեհէն հիւանդանոցն ալ իր բաժինը առաւ։


Մշակութային Այգի (Քիւլթիւրբարք)
Հանրապետութեան շրջանին Զմիւռնիոյ Քօնաք թաղամասի պատմական կեդրոնը հաստատուած լայնատարած զբօսապարտէզ ու տօնավաճառի վայր, զոր հիմնուած է 1922թ․ հրդեհի աւերակներուն վրայ։
Պատերազմէն վերջ քաղաքապետութեան որոշումով հրդեհակէզ հողերը իբր արտ արձանագրուելով հանրային տարածք դարձան ու վերակառուցման աշխատանքները սկսաւ։ Քանի որ նախկին սեփականատէրերը մեծ մասամբ Քրիստոնեաներ էին ու անոնցմէ շատեր կամ մահացած կամ քաղաքը լքած էին քաղաքապետութիւնը վնասներու հատուցումի չմատնուեցաւ։
Քաղաքի զարգացման առաջին յատակագիծը Ֆրանսացի ճարտարագէտներ Ռէօնէ և Ռայմօն Տանժէի կողմէ Հէնրի Բռոստի հսկողութեան տակ
պատրաստուած Տանժէ-Բռոստ յատակագիծն էր որը չգործադրուելով հանդերձ յենակէտը եղաւ 1930 ի վերաշինութեան։
Առաջին հերթով ծրագրուածը միայն զբօսապարտէզ մըն էր, յետոյ 1930ական թուականներուն մշակութային պարտէզի գաղափարը ի յայտ եկաւ ու 360 հազար քմ․քառակուի տարածքը պատերով շրջապատուեցաւ, փլատակը հարթուեցաւ, ճահիճը չորցուեցաւ։

Զմիւռնիոյ միջազգային տօնավաճառի առաջին բացումը կատարուեցաւ 1936-ին, որուն մասնակցեցան տեղական կամ արտասահմանեան հարիւրաւոր ընկերութիւններ ու 350000է աւելի մարդ այցելեց տօնավաճառը։ Պարտէզին մէջ կային տարբեր վայրեր ինչպէս՝ մարզական, մշակութային, ժամանցային գործունէութիւններու։ Տօնավաճառը ունէր հինգ դուռ որոնք անուանուած էին հանրապետութեան պատմութեան կարևոր դէպքերու անուններով։
Անցեալի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ յիշեցում տեղ գտաւ ծանօթագրութիւններու մէջ։
Զմիւռնիայի միջազգային տօնավաճառը որ նոյնացած է Քիւլթիւրբարքի հետ 2015էն սկսեալ փոխադրուեցաւ Կազիէմիր՝ նորաշէն վայրը։ Այս փոփոխութիւնը և նոր պայմանները նուազեցուցին բազմաթիւ ժամանցային միջոցառումները և վնաս հասցուց պարտէզին օգտագործութեան։ Այսուհանդերձ քաղաքին ամենալայն պարտէզը ըլլալով դեռ կը կը պահէ իր կարևորութիւնը բնակիչներուն առօրեայ կեանքին մէջ։

Էվանկելիսթրիա Ուղղափառ Յունական Եկեղեցին եւ դպրոցը
Էվանկելիսթրիա Ուղղափառ Յունական Եկեղեցին կը գտնուէր Հայկական թաղամասի կից Թապաքհանէ թաղը։ Թապաքհանէ անունը կու գայ այդ շրջակայքի կաշեգործարաններէն։ Եկեղեցիին գտնուած տեղը 1860ական թուականներուն Յունական հիւանդանոցի կողմէ կառուցուած փայտաշէն մատուռ մը կար որ կը կոչուէր Մայր Աստուածածինի անունով՝ Էվանկելիսթիա։ Զմիւռնիոյ մէջ լոյս տեսած Ամալթիա թերթը 24 Մարտ 1867ին կը հրատարակէ հիւանդանոցի խնամակալութեան յայտարարութիւնը․ « հարևանները շրջակայ եկեղեցիներու հեռաւորութեան պատճառաւ կրօնական կարիքները չեն կրնար գոհացնել ուրեմն պահանջք կայ նոր եկեղեցիի մը»:
20րդ դարու սկիզբին Յունաց Ուղղափառ համայնքը «Էվանկելիսմոս» անունով միութիւն մը կազմելով ձեռնարկեց մատուռին գտնուած տեղը մեծ եկեղեցիի մը կառուցումին՝ նուիրատուութիւններու միջոցաւ։ Ճարտարապետ Վասիլիոս Լիդիսի նախագծած Էվանկելիսթրիա տաճարը բացուեցաւ 1911ին։ Նոր եկեղեցին խաչաձև էր ու 5րդ դարու Բիւզանդային ճարտարապետական ոճով շինուած՝։ Ժամանակի ընթացքին միաբանութիւնը բազմացած ըլլալուն քահանայ մըն ալ նշանակուեցաւ։
Պարտէզին մէջ կար մանչերու յատուկ վարժարան մը։ 19րդ դարու վերջերուն մօտ բացուած այս դպրոցին մէջ 1891ին երկու ուսուցիչ կը պաշտօնավարէին և կային 180 աշակերտներ։ Աշակերտներու թիւը աւելցած ըլլալուն պատճառաւ շէնքը անբաւարար եղաւ ու Սուլթանի արտօնութեամբ կառուցուեցաւ երկյարկանի նոր շէնք մը մանչերու և աղջիկներու համար։
Էվանկելիսթրիա Յունական եկեղեցին և դպրոցն ալ 1922ի հրդեհէն ազդուեցաւ, եկեղեցին կանգուն մնաց սակայն վարժարանը հրոյ ճարակ դարձաւ։ Հրդեհէն վերջ հրատարակուած լուսանկարներէն կը ստուգուի թէ տաճարը պահպանուած է իր շուրջը պատող բարձր պատերու շնորհիւ։ Եկեղեցին գոյատևած է մինչև 1950ական թուականները, աւելի վերջ քանդուած անյայտ թուականի մը։
Էվանկելիսթրիա Յունական եկեղեցին և դպրոցը կը գտնուէր այսօրուան Քիւլթիւրբարքի հողերուն վրայ։


Մելիս շարժանկարի սրահ

«Ֆրանսական թաղամասը գտնուող Ափոլոն սրահին մէջ ամէն երեկոյ ժամը հինգէն մինչև վեց Էտիսընի հնարած գինեդօկրաֆ ըսուած գործիքին միջոցաւ զարմանալի ձևով և մեծ հմտութեամբ արձանագրուած շարժուն նկարներու ներկայացումներ կ՛ըլլային։ Մուտքի վճարումը քառորդ մէճիտիէ էր, տղոց համար ալ տասը մէթէլիք»։

10 Դեկտեմբեր 1896թ․ Ահենք լրագիրը կը յայտարարէ թէ Զմիւռնիոյ մէջ – ոմանց համեմատ Օսմանեան հողերու վրայ առաջին անգամ շարժանկարի ցուցադրութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ալդ օր քանի մը կարճ շարժերիզներ ցուցադրուեցան, ժողովուրդը զարմանքով ու հետաքրքրութեամբ հետևեցաւ անոնց։ 1908ին Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ քաղաքին մէջ բազմաթիւ շարժանկարի սրահներ բացուեցան։
1914ին 15 սրահներ կային մեծամասնութիւնը Քօրտօնի շուրջ։ Բացի Ազգային Գրադարանի շարժանկարի սրահէն, բոլորը կը պատկանէին ոչ Իսլամներու։ Անոնցմէ մէկն էր 1913ին բացուած «Մելիս»ը որ յայտնի էր որպէս «Մելեզ», իր դիրքը այսօրուան Պասմանէ երկաթուղիի կայարանի ետև գտնուող 1264 թիւ փողոցին կը համապատասխանէ որը նախկին Էվանկելիսթրիա թաղամասն է։ Շէնքը հիմնուած է Ճավարեան մականունով Հայու մը հողամասին վրայ։
Մելիսի մէջ ելոյթ ունեցած երգիչ Անճելա Փափազօղլու կը պատմէ թէ հոն կը գտնուէր նաև գարեջրատուն մը և կը շարունակէ․
«Ես Հաճիսթէլիուի մօտ Ֆիլիփոս Քութումպի փողոցը ծնած եմ։ Էվանկելիսթրիա եկեղեցիին մէջ մկրտուեցայ որովհետև մեր թաղի եկեղեցին ան էր։ Աֆթարայի մէջ կ՛երգէի։ Դեռ փոքր տարիքիս սկսայ աշխատիլ։ Երաժշտութիւնը միշտ հրապուրած է զիս։ Շատ պզտիկ էի երբ Մելիսի բեմը ոտք կոխեցի , այն ատեն շարժանկարի սրահ էր և գարեջուր ալ կու տային։ Բեմ բարձրանալու ժամը ուշ չէր ըլլար , երբեմն ժամը 17.00ին անգամ կրնար սկսիլ ներկայացումները , այնպէս որ արևը դեռ մեր երեսին կը ցոլար։ Կանուխ սկսելու պատճառը աժան ըլլալն էր․․․ Գինը կախեալ էր երաժշտութեան․ առանց երաժշտութեան ներկայացումները աժան էին իսկ միւսները սուղ»
Մելիսի շէնքը այն հազուագիւտներէն մէկն էր որ մեծ հրդեհէն վնաս չէ կրած․ Հանրապետութեան շրջանին միջոց մը ծխախոտի շտեմարան ըլլալով ծառայելէ յետոյ կտաւագործական ընկերութեան մը կողմէ ծախու առնուեցաւ, մինչև հիմա կը շարունակէ իր գործունէութեան որպէս կտաւագործական Վաճառատուն։ Շէնքին ճակատը այսօր ալ կարելի է տեսնել սրահին փորագրուած անունը՝ Օսմաներէնով։


Նելլի Պարթլէթ եւ Հանթինկթըն մանկապարտէզ

19րդ դարավերջին Հայկական թաղին մէջ Բողոքական միսիոնարներու կողմէ երկու դպրոցներ բացուեցան մէկը մանչերու միւսը աղջիկներու համար։ Թրքերէն լեզուով ՛՛Ամերիքան Պօրտ՛՛ ըսուած այս դպրոցները կը կառավարէին միսիոնարները որոնք կը ճանչցուին աշխարհի չորս ծագերը իրենց բացած կրթական հաստատութիւններով։
Ըստ միսիոներներու մինչ այդ Զմիւռնիոյ՝ նոյնիսկ բոլոր Օսմանեան հողերու վրայ մանկապարտէզներ չեն եղած։ Զմիւռնիոյ մէջ մանկապարտէզ բանալու գաղափարը կը ծագի Քօրնելիա Սթօրս Պարթլէթի որ Ամերիքան Պօրտ կեդրոնի տնօրէնութեան կոչուող միսիոնար Լայմըն Պարթլէթի աղջիկն էր։

Քօրնելիա Սթօրս Պարթլէթ կամ պարզապէս Նելլի 1860ին Ամերիկա ծնած էր։ Իր երիտասարդութիւնը կ'անցնէ մօրը և հօրը հետ որոնք միսիոնար ըլլալով պաշտօն ստանձնած էին Կեսարիա քաղաքին մէջ։ Նելլի բարձրագոյն ուսում ստանալու համար կ'երթայ Ամերիկա ու շրջանաւարտ կ'ըլլայ իբրև մանկապարտիզպանուհի։ Մայրը և հայրը Զմիւռնիա կը նշանակուին, Նելլին ալ ետ կու գայ ու կը հաստատուի իր ընտանիքին քով։

Նելլին, 1885 թուականին եօթը աշակերտներով Ամերիկեան աղջկանց վարժարանի շէնքի սենեակներէն մէկուն մէջ սկսաւ մանկապարտէզի դաստիարակութեան։ Ժամանակի ընթացքին աշակերտներու թիւը աւելցաւ, սենեակը բաւարար չեղաւ ու տեղափոխուեցան դպրոցի բակը գտնուող Բողոքական եկեղեցին։ Մանկապարտէզ յաճախող աշակերտներու մեծամասնութիւնը աղքատ ընտանիքներու զաւակներն էին։ Մանկապարտէզին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը յառաջանալով աշակերտութեան թիւը մի քանի տարուան մէջ հասաւ 100ի։ Բացի Հայերէ Յոյներ,Հրեաներ ու Թուրքեր ալ սկսան իրենց զաւակները ուղարկել։ Նոր ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակաւ մանկապարտէզին յարակից վարժարան մըն ալ բացուեցաւ։

1895ին Մելես պողոտայի վրայ Մանչերու Վարժարանին կից Սեֆերեան տուն կոչուող շէնքը գնելով տեղաւորուեցան հոն։ Մանկապարտէզը անուանուեցաւ Հանթինկթըն, ի պատիւ նոյն մականունով տիկինին որ կատարած է նուիրատուութեան մեծամասնութիւնը։

Նելլի միայն երախաներու և ուսուցիչներու դաստիարակութեամբ չէր զբաղէր նաև պայքար կը մղէր իր առողջական խնդիրներուն դէմ, ի վերջոյ մէկ դի դնելով պարտականութիւնը Ամերիկա կը մեկնի դարմանուելու համար։
Նելլի Պարթլէթ Թուրքիոյ մէջ առաջին մանկապարտէզը հիմնելով ռահվիրան դարձաւ երկրի մանկապարտէզի դաստիարակութեան։ 12 տարի ծառայեց, հարիւրաւոր երախաներու նախնական կրթութիւնը ստանձնեց ու տասնեակներով ուսուցիչ հասցուց։ 1940ին 80 տարեկանին մահացաւ Քալիֆորնիոյ մէջ։

Հանթինկթըն մանկապարտէզը և ուսուցիչներու պատրաստման դպրոցը շարունակեց մինչև 1922ի հրդեհը։ Հրդեհի պատճառաւ Ամերիկեան Աղջկանց վարժարանի շէնքը այրեցաւ, մանկապարտէզի շէնքը փրկել կարելի եղաւ սակայն վնասուած ըլլալուն չվերաբացուեցաւ ու հինգ տարի վերջ ծախուեցաւ։ Ամերիկեան վարժարանները ցայսօր կը պահէ գոյութիւնը Զմիւռնիոյ Ամերիկեան Քօլեժ անունով Կէօզթէփէ թաղին մէջ ուր կ՛ուսանին երկսեռ աշակերտներ։


Պասմանէի երկաթուղիի կայանը

Արդիւնաբերական յեղաշրջումով միասին արուեստագիտական զարգացումը և շոգենաւերու օգտագործումը դիւրացուց երկիրներու և քաղաքներու միջև ապրանքներու արտադրութեանց փոխադրութիւնը որու զուգահեռ արտադրութիւնները արագօրէն նաւահանգիստ փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ․ այս մէկը երկաթուղիներու հարկաւորութիւնը ստեղծեց։ 19րդ դարու երկրորդ քառորդին Եւրոպայի մէջ արդէն սկսած էր բացուիլ երկաթուղիներ, այս պարագան Օսմանական կայսրութեան ուշադրութիւնը գրաւեց և 1856-ին ստացուած գերադասութեամբ Բրիտանական ընկերութիւնը կառուցեց Զմիւռնիա-Այտըն երկաթուղիի գիծը որը առաջինը եղաւ Անատօլուի տարածքին։ Այս գիծի շնորհիւ Զմիւռնիոյ կարևոր աւազաններէն Մեծ Մենտերէսի մակերեսի վրայ արտադրուող գիւղատնտեսական ապրանքները կարելի եղաւ արագօրէն հասցնել նաւահանգիստ ու ուղարկել Եւրոպական շուկաներ։
Ասկէ վերջ Բրիտանական այլ ընկերութիւն մը՝ Զմիւռնիա-Քասապա երկաթուղիի ընկերութիւնը որ կը պատկանէր Էտուըրտ Բրայսի Զմիւռնիոյ ուրիշ կարևոր մէկ աւազանը՝ Կետիզը նաւահանգիստին կապելու գաղափարը գործի դրաւ ու 1863-ին տրուած գերադասութեամբ սկսաւ քաղաքէն մինչև Թուրկութլու երկարող երկաթուղիին շինութեան, որու անունը այդ ժամանակ Քասապա էր։
Այս գիծի վերջին կայանը պիտի հաստատուէր Պասմանէ թաղի շրջակայքը տեղ մը, որպէսզի մօտ ըլլայ քաղաքին և առևտրական կեդրոնին և նաև զանազան համայնքներու բնակավայրերուն։ Երկաթուղիի կայարանին հարաւի կողմը Թրքական և Հրէական՝ իսկ հիւսիսային կողմը Հայկական ու Յունական Այա Վուքլա թաղերը կը գտնուէին։ Այդ ժամանակ հոն կային գերեզմաննոցներ և կտաւի գործարաններ ու Պօյաճը անունով առուակ մը թաղին մէջտեղէն կ՛անցնէր։ Նախապէս Այա Գոստանդինա կոչուող թաղը Պասմանէ անունը կ՛առնէ 18րդ կէսերուն մօտ հիմնուած կտաւի գործարանի մը պատճառաւ։ 1740 ական թուականներու շուրջ Զմիւռնիացի Հայ վաճառական մը պալատի արտօնութեամբ գործարան մը կը բանայ, ուր Անգլիայէ ներմուծած վարշամակներուն վրայ կը տպէ ծաղիկի նախշեր։
Երկաթուղին և Պասմանէ կայանը կը բացուի 1865 թուականին։ Ուղղանկիւն քառանկիւնի ձևով կայարանի շէնքը Զմիւռնիա-Քասապա երկաթուղիի ընկերութեան կողմէ կառուցուած է։ Պասմանէ կայարանը քաղաքին ընկերային կեանքը լրջօրէն ճոխացուց։ Ապրանքներու և ուղևորներու փոխադրութեան աճումն ալ զբօսասրահներու, ճաշարաններու, պանդոկներու և այլ վաճառատուներու բացուելուն պատճառ եղաւ։
1922ի մեծ հրդեհին վնաս կրած շէնքը TCDD-ն հիմնուելէ վերջ 1926ին նորոգուեցաւ։

 

 Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։