Ուլուս
Այժմ Ուլուս կոչուող թաղի բնակավայր դառնալու պատմութիւնը կ'երկարի մինչև Ն․Ք․2րդ դարու ժամանակամիջոցին, երբ այդ տարածքը գտնուող հրաբուխ բլուրին վրայ Գաղատացիներու կողմէ կը կառուցուի բերդ մը։ Յետագային՝ Հռովմէական տիրապետութեան շրջանին մայրաքաղաք ըլլալէ վերջ Անգարայի ճակատագիրը կը փոխուի ու կը սկսի իր ոսկեդարը։

Ուլուս թաղամասի սահմաններուն մէջ կան բազմաթիւ շէնքեր ու աւերակները, որոնք քաղաքը պտտողները դիւրութեամբ կրնան նշմարել ։
Ուլուս թաղին գտնուած տեղը կը զուգադիպի Բիւզանդական հինաւուրց ամրոց-քաղաքին ճիշտ կեդրոնին։ Անգարան 4րդ դարուն կը դառնայ Քրիստոնէութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը։ Բիւզանդական ժամանակաշրջանին Քրիստոնէութիւնը տարածելու համար պայքար մղելուն պատճառաւ չարչարանքներու ենթարկուած սակայն Ուղղափառ Եկեղեցիի կողմէ սրբութեան աստիճանով վարձատրուած Անգրիայի Եպիսկոպոս Քլեմենսի անունին Բիւզանդական ժամանակաշրջանին կառուցուած Սուրբ Քլեմենս եկեղեցիին՝ միայն աւերակ դարձած հիմերը հասած են մեր օրերուն։

12-րդ դարէն սկսեալ քաղաքը նախ Սելչուկներու յետոյ Օսմանեան տիրապետութեան տակ կը մտնէ։ Այդ ժամանակի ընթացքին Քրիստոնեաներու և Հրեաներու կարգին բնակչութիւն հաստատել կը սկսին նաև Մահմետականները։

Քաղաքի ընկերային եւ տնտեսական կառուցուածքը կը փոխուի Օսմանեան ժամանակաշրջանին․ տնտեսական ու առևտրական կեանքը զարգացնելիք ձեռնարկներ կ'ըլլան։ Անգարայի յատուկ Անկորա այծի մազէն արտադրուած «սոֆ»ը ամենակարևոր առևտրական ապրանքն կ'ըլլայ։ Սամանբազարը և Քոյունբազարը շուկաները, որոնք այժմ դեռ կը շարունակեն ըլլալ Անգարայի առևտրական կեդրոնները ինչպէս էին Օսմանական շրջանին։
«Սոֆ»ի վաճառումի անկման ու սովի պատճառաւ 19-րդ դարու կէսերուն Անգարան տնտեսական և ընկերային դժուար օրեր ապրեցաւ։ 1892 թուականին երկաթուղին հասաւ Անգարա, որ դիւրացուց Իսթանպուլի հետ իր կապը ու այսպէսով առևտրական կեանքը դարձեալ ճոխացաւ։

Անգարան իր պատմութեան գրեթէ ամէնէն մութ օրերը ապրեցաւ Ա․ Աշխարհամարտի ընթացքին։ Տեղահանութեան հրահանգով Հայերը աքսորուեցան, 1916-ի հրդեհը բերդին ներսի մասը գտնուող հազարէ աւելի շէնքերը ոչնչացուց։ Ամբողջովին այրեցաւ Յունական թաղը և նաև Հայերու թաղը, որ կը գտնուէր այսօրուան Հիսար Բարքի տարածքին վրայ։

1920-ական թուականները Ուլուսի համար մեծ կերպարանափոխութեանց տարիները եղան։ Տեղահանութեան արդիւնքով բազմատեսակութիւնէ զրկուած քաղաքը վերստին ձևաւորուեցաւ․ այս փոփոխութենէն նոր մայրաքաղաքին Ուլուս թաղն ալ իր բաժինը առաւ ու առաջին Ազգային Մեծ Ժողովի շէնքին և նաև տարբեր պաշտօնական շէնքերու կառուցումով քաղաքին վարչական կեդրոնը դարձաւ. միևնոյն ատեն Ուլուս թաղամասի մէջ կանուխ Հանրապետութեան շրջանին բացուած գինետուներու, ճաշարաններու և շարժանկարի սրահներու նման ժամանցի և զուարճութեան վայրերու շնորհիւ սկսաւ գործել նոր ապրելակերպ մը։

Ուլուսը 1950-ականներէ վերջ ալ շարունակեց բարեփոխուիլ, սակայն Քըզըլայ թաղամասին հետզհետէ մեծնալով կեդրոն դառնալը Ուլուսի կարևորութեան կամաց կամաց նուազելուն և ի վերջոյ պարզ առևտրականն թաղի մը վերածուելուն պատճառ եղաւ։ Ներգաղթերու արդիւնքով Ուլուսի շուրջ և Անգարայի բերդին սահմաններուն մէջ գիշերաբուս տուներ ի յայտ եկան։

2000-ական թուականներուն բերդի շրջակայքը

վերականգնման և բարեկարգման աշխատանքներ ի գործ դրուեցան ու տարածքը զբօսաշրջային վայրի վերածելու նպատակաւ գիշերաբուս տուները մեծամասնութեամբ քանդուեցան և հին շէնքերը դարձեալ երևան ելան։
Ուլուսը իր հին պերճաշուք օրերը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ դեռ Անգարայի կարևոր կեդրոններէն մին է։

Անգարայի ամրոցը
Անգարայի ամրոցը, որ միշտ զինուած կ'ըլլար և միշտ տրամադրելի՝ Ն․Ք․ 2է մինչև 20-րդ դարու սկիզբը, իր պաշտպանական պարտքը լիակատար հատուցած է։

Անգարան, աշխարհագրական տեսակէտէ կարևոր դիրքի մը վրայ է, քանի որ հիւսիսէ հարաւ, արևելքէ արևմուտք երկարող ճամբաներու զիրար կտրած տեղը կը գտնուի։ Անգարան Բիւզանդական շրջանին կը դառնայ գլխաւոր ամրոց-քաղաքը կայսրութեան սակայն հակառակ քանիցս տարուած ամրապնդումներու չի կրնար տոկալ արշաւանքներու, ի վերջոյ 12րդ դարուն Բիւզանդական տիրապետութիւնը երբ կ'աւարտի ու կը սկսի Սելչուքական շրջանը այդ թուականէն սկսեալ Քրիստոնեաներու և Հրեաներու ծանրակշիռ բնակչութեան քով Անգարա կը հաստատուին նաև Մահմետականները։

14րդ դարէն սկսեալ Օսմանական քաղաք դարձած Անգարան, հետզհետէ կ'ընդլայնի դէպի բերդին արտաքին տարածքը։
Քաղաքը 15-16-րդ դարերուն՝մեծցաւ․ առևտրական, բնակչային և դրամագլուխի տեսակէտէ շողշողուն ժամանակներու վկայեց․ սակայն 17-րդ դարէ վերջ գէշ օրերը սկսան․ Մէկ կողմէն դէպի Իսթանպուլ ուղղուող ըմբոստ փաշաներ Անգարան ձեռք անցնել կ'աշխատէին իսկ միւս կողմէն դարու կէսերուն՝ ընկերաբանական, քաղաքական և տնտեսական պատճառներով գոյացած Ճելալի ընդվզումներու հետևանքով քաղաքին մէջ թալաններ ու գրաւումներ կ'ըլլային։ Բոլոր ասոնց կարենալ դիմադրելու համար քաղաքի բնակիչները իրենց պայմաններով «խտացուած պատ» ըսուած երրորդ պարիսպ մը շինել տուին։

Ամրոցը՝ Ներքին Բերդ և Արտաքին Բերդ ըլլալով երկու գլխաւոր մասերէ կը բաղկանայ։ 42 աշտարակներով հնգանկիւն Ներքին Բերդի և Արտաքին Բերդի միջև գտնուած տարածքը քաղաքին բազմաբնակ վայրն էր։ Ամրոցին ամէնէն փառաւոր շինուածքը Աքքալէն է՝ որ կը կարծուի թէ Սելչուքներու կողմէ կառուցուած ըլլայ։ Այս բերդին շինութեանը համար հանրածանօթ «Անգարայի քար» կամ տարբեր ասացուածքով «անտեզիթ» ըսուած հրաբխային քարը գործածուած է։

Ամրոցը, պաշտպանութեան նպատակաւ շինուած ըլլալուն հոն միշտ զօրախումբ մը գտնուած է։ Պաշտօնական արձանագրութիւններու համեմատ ամրոցը պահպանող զինուորներու մէջ կային նաև Հայեր ու Յոյներ։ Ամրոցի տարածքը՝ քաղաքին տնտեսական կեդրոնին մօտ՝ և լաւ պատսպարուած ըլլալուն համար հրապուրիչ եղած է իբրև բնակավայր ու մէկը Քրիստոնէական՝ վեց բազմաբնակ թաղեր գոյութիւն ունեցած են։ 19-րդ դարուն իրականացած տնտեսական զարգացման զուգահեռ Անգարայի ունևոր դասակարգը Ամրոցի ներքնամասը հաստատուած ու Եւրոպական ճարտարապետութենէ ներշնչուած ապարանքներ, դղեակներ շինել տուած են։

Հանրապետական կառավարութիւնը փոխանակ հինը վերահաստատելու բոլորովին նոր քաղաք մը հիմնել որոշեց, այսպէսով Անգարան դէպի հարաւ ընդլայնեցաւ իսկ բերդի շրջակայքը մնաց անպատսպար ու անխնամ։

1980-է վերջ բարդին նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ ու պահպանման ձեռնարկները աւելցան։
Անգարայի ամրոցը իր նախկին շողշողուն օրերէն հեռացած ըլլալով հանդերձ երբ Անգարա ըսուի մարդոց առաջին մտաբերումը կ'ըլլայ Ամրոցը։

Սաֆրանհան
Անգարայի Աթբազարը հին թաղին վրայ, ներկայիս Անատոլիա Քաղաքակրթութիւններու Թանգարանի ետևը գտնուող Սաֆրանհանը պատմական խան մըն է։ Իջևանը, որ ծանօթ է նաև Զաֆրան, Զաֆերան կամ Զաղֆիրան անուններով 16րդ դարու սկիզբին Հաճը Իպրահիմ Պին Մեհմետի կողմէ շինուած է։

Սաֆրան Հանը Անգարայի տնտեսութեան և առևտրային կեանքի կարևոր կեդրոններէն էր։ Ոմանք՝ իր անունէն հետևցնելով կ'ըսեն թէ հաւանաբար քրքումի վաճառականութիւն եղած է հոն, սակայն այս ուղղութեամբ ոևէ արձանագրութիւն գոյութիւն չունի։ Սաֆրանհանի անունը՝ խանը կառուցող Կեսարացի Զաղֆիրանզատէներու ալ կը կապուի։ Սոֆ կերպասներու արտադրութեան ու վաճառման կեդրոնը եղած են Մահմութփաշա Պէտեսթէնն ու շրջակայքը․ իջևանելու դիւրութիւն ընծայող Սաֆրանհանը նաև յարմար էր կերպաս-կտաւի վաճառականութեան։

Անգարայի մէջ ստրուկներու շուկայ չկար, ուրեմն գերիի վաճառականները կ'իջևանէին ու իրենց վաճառական աշխատանքները կը կատարէին խաներու մէջ։ Իսլամական դատաւորներու գրանցումներէն և այլ արձանագրութիւններէն կը հասկնանք թէ Սուլու Հանի, Չէնկէլ Հանի, Բիրինչ Հանի նման Սաֆրան Հանն ալ ստրուկի վաճառման խիստ կարևոր վայրերէն մէկը եղած է։ Սաֆրան Հանը Օսմանեան քաղաքներու սահմաններէն ներս շինուած խաներու դասական ճարտարապետական ոճին յարմար էր։ Բաւական մեծ բակի մը շուրջ հաստատուած երկյարկանի շէնքը ունի սիւնազարդ գաւիթներ ու 42 սենեակներ։

16-րդ դարուն կառուցուած Սուլթանհանը այդ ժամանակէն մինչև 18-րդ դար Անգարայի ամէնէն բանուկ իջևանը/խանը եղաւ՝ սակայն 19րդ դարէն սկսեալ մասնաւորաբար սոֆի վաճառումի դադարումով կորսնցուց իր կարևորութիւնը․ յետոյ ՝ դարի վերջաւորութեան Հանրապետութեան շրջանին գործածուեցաւ իբրև բանտ աւելի վերջ ալ իբրև ամբարանոց․ այդ ժամանակամիջոցին շարժանկարի ներկայացումներ ալ եղան հոն․ 2012ին Ռահմի Մ․Քօչ թանգարանի և Մշակոյթի Հիմնարկի կողմէ ծախու առնուեցաւ, վերանորոգուելէ վերջ 2016ին թանգարանի լրացուցիչ շէնք ըլլալով սկսաւ գործել։

Թոփալեաններու խանութը
Եթէ մինչև մեր օրերը հասած չըլլար երկու լուսանկարներ կարելի պիտի չըլլար ցուցնել Թոփալեան ընտանիքի Անգարայի մէջ գոյութիւնը․ անոնցմէ առաջինին վրայ կը տեսնուի Աթբազարը Կէօզճիւ փողոցը գտնուող ընտանեկան գործատեղին, հաւանաբար 1901էն 1905ի միջև լուսանկարուած։ Գործատեղիի ցուցատախտակին վրայ գրուած է «Ալեքսան Թոփալեան և ուստերաց մեծաքանակ վաճառատուն»․ իսկ երկրորդը լուսանկարուած է Անգարա գտնուող Հիլալ լուսանկարչական աշխատանոցի տիրոջ Ռեմզի Պէյի կողմէ 1924ին․ պատկերին մէջ կը տեսնուին Թոփալեան ընտանիքի անդամները Անգարայի ամրոցին դիմացի Հըտըրլըք բլուրին վրայ, որոնք հաւանաբար կ'այցելէին գերեզմանատունը։

Ծխախոտի մենաշնորհի տէր Ռեժիի վարչակազմէն Սիմոն Առաքելեան կը հաստատէ Թոփալեաններու գործատեղիին և ապրանքներուն տեղահանութենէ վերջ թալանուիլը։ Առաքելեան փախած ու ազատած է աքսորէն, 122 օր վերջ կը վերադառնայ Անգարա ու քաղաքին որքան վախազդու վիճակի մէջ ըլլալը կը պատմէ նաև՝ 1916-ի առաջին ամիսներուն տեղահանուած Հայերու ինչքերուն լքուած անտէր ապրանքներու յանձնախումբի կողմէ գրեթէ յափշտակուելով՝ ձրիաբար ծախուիլը։

Առաքելեանը Թոփալեան ընտանիքը կը դասաւորէ Անգարայի հարուստ վաճառականներու կարգին բայց ընտանիքի անդամներուն մասին տուած տեղեկութիւնները սահմանափակ են։ Որոշ է, որ Ալեքսան Թոփալեան Սեբաստիա Կիւրիւնէ Անգարա եկած ու մոհերի մեծաքանակ վաճառական եղած է։ Օսմանական շրջանին Մահմետականները մասնաւորաբար մեծ դրամագլուխի և արտասահմանի հետ կապերու կարօտ վաճառականութեան մօտ չէին․ այս պատճառաւ սոֆի վաճառականութիւնը Ոչ Իսլամներու ձեռքն էր։ Հայեր իրենց ծանրութիւնը դրած էին մոհերի մանուածքի և սոֆ կերպասի առուծախին․ կը գործէին Ուլուսի մէջ իջևաններու տարածք անուանուած Աթբազարիի շրջակայքը։ Մահմութ Փաշա Պէտեսթէնն ու Քուրշունլու Հանը, որ ներկայիս Անատոլիայի Քաղաքակրթութիւններու Թանգարանի սեփականութեան տակ է այդ տարիներուն սոֆի վաճառման կեդրոնն էր։ Թոփալեաններու գործատեղին ալ հոս՝ Պէտեսթէնին ճիշտ դէմն էր։ Մեր օրերուն Հիսար Քափըսը կոչուող դարպասէն դէպի Քատիֆէ փողոցի ուղղութեան՝ Կէօզճիւ փողոցի վրայ քով քովի շարուած հինգ գործատուներ կան, որոնցմէ Քատիֆէ փողոցը պարիսպէն զատող կէտի վրայի երկրորդը Թոփալեաններու ստացուածքն էր․ շէնքը իր արտաքին ճարտարապետութեամբ, իւրայատուկ պատուհաններով, պատուհաններու վերևի զարդարանքով և համաձև քարակերպով անմիջապէս ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Անգարայի Հայերու կառուցած շէնքերու գրեթէ բոլորը ոչնչացած են․ անոնցմէ մի քանին, որոնք հրդեհներու կամ ժամանակի ընթացքին իրականացած աւերներու դէմ կրցած են տոկալ բաւական նշանակութիւն կը ստանան։ Վերանորոգուած մի քանի այգետէրերու բնակարաններ, Կէօզճիւ փողոցի վրայ գտնուող գործատեղիներն ու Թոփալեաններու վաճառատունը Անգարայի մշակութային ժառանգին կարևոր կառոյցներն են։

Անատոլիայի Քաղաքակրթութիւններու Թանգարանը
Անգարայի մէջ պատմական ինչքերը մէկտեղելով թանգարան մը հաստատելու գաղափարը 1920-ական թուականներու սկիզբը՝ երբ դեռ պատերազմը կը շարունակէր ծագեցաւ։ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք, Խեթերու յատուկ թանգարան մը հիմնելու մասին իր փափաքը յայտնելէ վերջ այդ ժամանակաշրջանի Մշակոյթի Տնօրէն Միւպարէք Կալիբ Պէյ առաջին ձեռնարկը ըրաւ։

Մինչ պատերազմը կը շարունակէր ուրեմն ապահովութեան խնդիրի բերմամբ թանգարանը Անգարայի Ամրոցին գագաթը՝ Աքքալէ բերդին տարածքը շինել որոշուեցաւ։ 1921-ին «Ասարը Աթիքա» կոչուած՝ այսօրուան «Էսքի Էսէրլեր Անքարա Միւզէսի»ն միայն երկու սենեակ ունէր ուր կը ցուցադրուէին այլատեսակ հաւաքածոներ՝ զանազան դարաշրջաններէ դրամներու, գոհարեղէններու, զգեստներու նման ազգագրական նմոյշներ։ 1930-ականներուն երբ հնագիտական ​​պեղումները մեծ թափ ստացան և նոր հնութիւններ ի յայտ եկան թանգարանը ընդլայնելու, հետևաբար տեղափոխելու հարկադրութիւնը ծագեցաւ։
Նոր վայրը պիտի ըլլար Ամրոցի շրջակայքը գտնուող խորտակուած Մահմութ Փաշա Պէտեսթէնն ու Քուրշունլու Հանը, որոնք վերանորոգումի ենթարկուեցան 1938-էն սկսեալ 30 տարիի տևողութեամբ․Պէտեսթէնը 1943-ին դարձաւ թանգարան․ աւելի վերջ Քուրշունլու Հանը յանձնուեցաւ թանգարանի վարչութեան։

1968 թուականին թանգարանի անունը եղաւ Անատոլիայի Քաղաքակրթութիւններու Թանգարան։

Ըստ ընկերաբան Ասլը Կիւր, որ ուսումնասիրած է թանգարանի ստեղծման գաղափարախօսական ու քաղաքական շարժառիթները և ի վերջոյ եզրակացութեան յանգած է թէ՝ նորահաստատ Հանրապետութեան ազգայնացման աշխատանքներու կարգին Թուրքերը Անատոլիայի հարազատ ազգերէն մին ըլլալով ցուցնելու արդիւնքն էին անոնք։ Թրքական պատմութեան դրոյթին մէջ տեղ գտած այս ըմբռնումը Թուրք ազգի և Խեթերու միջև հետևողականութիւն հաստատել էր․ այս նպատակաւ երկրի տարբեր վայրերուն մէջ հնաբանական պեղումներ եղան ու ինչ որ երևան ելաւ ցուցադրուիլ սկսաւ գրեթէ բոլոր քաղաքներու հնաբանական թանգարաններուն՝ մասնաւորաբար Անատոլիայի Քաղաքակրթութիւններու Թանգարանին մէջ, որ վերջերս վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ։

Թանգարանի հաւաքածոն թանկարժէք գոյքեր կը պարփակէ ․ ինչպէս՝ Ալաճահէօյիւքի պեղումներէն հանուած Խեթական Արև ըսուած արևի շրջանակը, որ Անգարայի խորհրդանիշը եղած է, Չաթալհէօյիւքը գտնուած մայր չաստուածուհի Քիպելէի արձանը, Հաթթուշաշէն՝ մակերեսը ռազմիկ մը նկարուած քարակերտ դուռը, ուշ Խեթական ժամանակաշրջանէն մին մարդու միւսը առիւծի գլուխով թևաւոր առիւծը։

Անգարայի հրդեհը
Հրդեհը 1916 Սեպտեմբերի 13-ը 14-ին կապող գիշերը Հիսարէօնիւ թաղէն սկսաւ ու մինչև Չըքրըքչըլար Եօքուշու, Սարաչլար Չարշըսը, Պէտէսթէն և Աթբազարը տարածուեցաւ։ Երեք օր շարունակեց ու հրոյ ճարակ դարձուց Հայկական և Յունական թաղերը։ Մօտաւորապէս 10 հազար Քրիստոնեայ ընտանիք զրկուեցան իրենց բնակարաններէն, 1030 տուն, 935 խանութ, եօթը եկեղեցի, երկու մզկիթ, վեց Իսլամական աղօթատեղ և երեք հիւանդանոց այրեցան։

Միայն հինգ հոգի մահացաւ․ կը կարծուի թէ մահերու նուազութեան պատճառը Ոչ Իսլամ ընտանիքներու մեծամասնութեան ամառուան ամիսները իրենց այգիի տուներուն մէջ անցնելն է․ մանաւանդ հարուստ ընտանիքներ՝ թէ տաքէն և թէ քաղաքին բազմութեան պատճառաւ ճայճատենդի դիւրաւ տարածուելու հաւանականութենէն փրկուելու համար քաղաքէն դուրս՝ Քէչիէօրէն, Պալկաթ, Տիքմէնի նման գիւղերու մէջ գտնուող իրենց ամարանոցները կը փոխադրուէին։ Տեղահանութենէ վերջ քաղաքի այր բնակիչներու թիւն ալ պակսած էր։ Հետևաբար տուները մեծամասնութեամբ պարապ էին։ Ըստ ականատեսներու հրդեհը հրկիզումի հետևանքով ծագած էր։

Էվտոքիա Էփէօղլու, որ հրդեհի ժամանակ երեք տարեկան էր, իր հօր Իլիաս Էփէօղլուի վկայութիւնը հաղորդելով կը պատմէ թէ՝ ընտանեօք այգիի տունն էին, Իլիաս առտուան առաջին ժամերուն քաղաքէն բարձրացող հսկայական բոցերը կը տեսնէ ու կը նշմարէ թէ ծուխը Կաթոլիկ Հայերու թաղէն կը բարձրանայ՝ ուր իրենց տունն ալ կը գտնուէր․ սարսափի կը մատնուի ու իր կնոջ Լոքսանտրայի հետ էշերու հեծնելով արագօրէն կը հասնին հրդեհի վայրը ու կը տեսնեն թէ իրենց տունն ալ արդէն բռնկած է, մեծ ջանք կը թափէ դոյլերով ջուր պարպելով կրակը մարելու համար սակայն չի կրնար յաջողիլ ․ հրդեհը կարծես հնազանդութեամբ կը ցատկէր տեղէ մը ուրիշ տեղ, տապալելով ահագին շէնքերը։ Իլիաս յուսահատ ինքզինք դուրս կը նետէ․ հրդեհէն վերջ Էփէօղլու ընտանիքը կը լքէ Անգարան, կը հաստատուի Ամասիա։

Անտրոնիքի Քարասուլիսը, որ հրդեհի ժամանակ 14 տարեկան էր Էփէօղլուի զուգահեռ սա տեղեկութիւնները կու տայ․ մարդոց հրդեհի հետ պայքարը ապարդիւն կը մնայ ու իրարայաջորդ կերպով կը հրաժարին ճիգ թափելէ․ կ'աւելցնէ նաև թէ աշխատանքի պատասխանատու պաշտօնեան թոյլ չէ տուած ժողովուրդին հրդեհի միջամտութեան։
Հրդեհէն յետոյ Յոյն և Կաթոլիկ Հայեր դէմ առ դէմ մնացին տարբեր փորձանքի մը․ աղէտեալներէ միայն 150 Թուրք ընտանիքներ վրաններու տիրացան իսկ Քրիստոնեաները չկրցան օգտուիլ անկէ։ Անոնք, որոնք ի վիճակի էին ուրիշ վայրերու մէջ տուներ վարձեցին, մնացեալները պարտաւորուեցան գաղթել Քոնիա և Պոլուի նման մօտակայ քաղաքները։

Տըշ Քալէ-Հիսարէօնիւ թաղը ուր հրդեհը ծայր առած էր ունևոր ընտանիքներու շողշողուն բնակավայրն էր։ Հրոյ ճարակ դարձած հիանալի ապարանքներն ու դղեակները մինչև 1950-ական թուականները դատարկ մնալէ վերջ շինութեան աշխատանքներ սկսան հոն, ուր ոչ մէկ հետք կար այլևս այդ պատմական թաղէն։ Հրդեհի տարածքին մեծ մասին վրայ ծառեր տնկուեցան․ ներկայիս հոն կը գտնուի Հիսար Բարք զբօսապարտէզը։

1916 թուականի աքսորներն ու հրդեհը ազդեցին ոչ միայն Ոչ Մահմետական բնակչութեան այլեւ ողջ Անգարայի վրայ։ Երբ 1923-ին հռչակուեցաւ Հանրապետութիւնը ու մայրաքաղաք դարձաւ Անգարան բնաւ Յոյն չկար, միայն 50-ի մօտ Կաթոլիկ Հայեր մնացած էին։

Սուրբ Թերեզա եկեղեցին
Կառուցուած է 20-րդ դարու առաջին քառորդին․ Անգարայի մէջ մինչև մեր օրերը կանգուն մնացած ու գործող հազուագիւտ եկեղեցիներէն մին է, որ ներկայիս Անգարայի Քրիստոնեայ համայնքը յաճախակի կ'օգտագործէ․ մինչև 1916-ի հրդեհը այդտեղ կը գտնուէր Սէն Քլեմենդ Ֆրանսական Քօլէժը։ Եկեղեցիին գտնուած Քարտէշլեր փողոցը իր անունը կ'առնէ աշխարհի բոլոր ափերը դպրոցներ հաստատած Ֆրանսական «Քրիստոնէական Վարժարաններու Եղբայրութիւն»էն։ Սէն Քլեմենդ Ֆրանսական Քօլէժը 1892 թուականին երկաթուղիին Անգարա հասնելովը՝ Տրապիզոն և Երզնկայէ վերջ Ֆրանսացի վարդապետներու կողմէ բացուած երրորդ վարժարանն էր։ Հայոց թաղին մօտ էր, հետևաբար աշակերտութեան մեծամասնութիւնը Հայ մանչեր էին։ Դպրոցը 1904-ին ծագած հրդեհէն վնաս կրած է․ հակառակ Օսմանական կայսրութեան ընդդիմութենէն միջոց մը վերջ քովի երկու տուներու հետ միացնելով ընդլայնուեցաւ ու մինչև 1916-ի մեծ հրդեհը ծառայեց կրթական աշխատանքներուն։

Վրան միայն պատի մը մնացորդը գտնուող հողին վրայ 12 տարի յետոյ շէնք մը կառուցուեցաւ, որուն գետնայարկը կը պատկանէր Ֆրանսական Հիւպատոսարանի իսկ առաջին յարկը կը գտնուէր Ս․ Թերեզա Լատին Կաթոլիկ մատուռը։ Կառուցուած թուականին Ֆրանսական Հիւպատոսարանի բնակարանը եղած շէնքը աւելի վերջ երկար տարիներ Ֆրանսական վարժարան ըլլալով ծառայելէ յետոյ 1960-էն սկսեալ ամբողջովին դարձաւ եկեղեցիի ուր տարիներով պաշտօնավարեց Հայր Խավիէ Նիւսս։

Այդ շրջանին Եկեղեցւոյ դաւանակից համայնքը լրջօրէն կը բաղկանար Հունկարներէ իսկ ներկայիս Կաթոլիկներու, Հայերու, Ասորիներու, Քաղդէականներու քով Արևելեան Քրիստոնեաներն ու նորադարձ Քրիստոնեաները կը մէկտեղուին հետևելու համար Թրքերէն ծիսակատարութիւններուն։ Եկեղեցիին մէջ մէկ մասը Ֆրանսայէ մէկ մասն ալ Իտալիայէ եկած տասը երփնապակիներ կը գտնուին։ Ս․ Թերեզա Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին 1980 թուականին առաջին աստիճանի պատմական վայր ըլլալով գրանցուեցաւ։ Շէնքը 2000-ական թուականներուն վերանորոգուելով իր վերջին վիճակին հասաւ։

Քոճամանօղլուի թատրոնը
1890-ականներու սկիզբին Յոյն վաճառական Կիրեակո Գոճամանիսը Անգարայի Պալըք Բազարը պողոտայի վրայ իր ազգանունով մեծ թատրոնի շէնք մը կը կառուցէ։ Շէնքին վարի յարկը զբօսասրահ մը և խանութներ վերի յարկն ալ սրահ մը կար։ Այս սրահը օսլայագործ Յակոբ անունով Անգարացի Հայ մը կը կը վարձէ սակայն չի կրնար թատերախումբ մը գտնել, որովհետև այդ ժամանակ դեռ նոր սկսած են թատերական ներկայացումները և միայն Իսթանպուլի սրահներուն մէջ․ այդ թատերախումբերը ատեն ատեն ալ կը շրջէին Անատոլիայի մէջ իրենց ներկայացումները ցուցադրելու համար։ Նախքան Հանրապետութեան Անգարան փոքր քաղաք մըն էր և թատրոնի մշակոյթին ծանօթ չէր։ Ի վերջոյ օսլայագործ Յակոբը Իսթանպուլի մէջ կը ծանօթանայ Թուրք թատրոնի կարևոր անուններէն Ահմետ Ֆէհիմի հետ, որ դարման կ'ըլլայ Գոճամանօղլու թատրոնին հարցին։ Ահմետ, ժամանակաշրջանի դերակատարներէն Իտալացի Ռեժինան, Աղաւնի Քերեսթէճեանը, Քիւլհանեան ամոլը և նաև ուրիշ արուեստագէտներ համոզելով Անգարա կը բերէ, բեմայարդարն ու թատերասրահին զարդարումն ալ ինք իր ձեռքով կ'ընէ։

Գոճամանօղլու թատրոնը մեծ ոգևորութիւն կը ստեղծէ քաղաքին մէջ․ առաջին ներկայացումին ներկայ կը գտնուի Անգարայի կուսակալ Ապիտին Փաշան ալ։ Հակառակ սկզբնական յաջողութիւններուն Ահմետ Ֆէհիմի շրջանը միայն երկու կէս տարի կը տևէ սակայն իրմէ վերջ Իսթանպուլէ եկող այլ թատերախումբերու բեմադրութիւններով կը շարունակէ թատերասրահի գործունէութիւնը։

1914 և 1915 թուականներուն հրատարակուած Արևելեան Առևտրականութեան Տարեգրքին մէջ Գոճամանօղլու թատրոնը ներառուած չէ, ուրեմն այդ տարիներուն արդէն փակուած էր։ Այդ թուականէն վերջ Գոճամանօղլու շէնքը Իթթիհատ և Թերաքքի Միութեան անդամներու կողմէ գործածուեցաւ սակայն կարճ ատենէն վրայ հասաւ Քրիստոնեաներու թաղերուն մեծ մասը ոչնչացնող 1916-ի հրդեհը ու թատրոնի շէնքը, որ «Իթթիհատի ակումբ» անունով գրանցուած էր ամբողջովին այրեցաւ։ Այսօր նոյն տեղը կը գտնուի վաճառականական շէնք մը։

Ս․ Քլեմենս եկեղեցին
Անգարայի՝ Բիւզանդական շրջանէն մեր օրերը հասած միակ շէնքն է, որուն կառուցման թուականը յստակօրէն ըսել կարելի չէ․ սակայն ըստ կարգ մը աղբիւրներու եկեղեցին 5րդ և 6րդ դարերու միջև թուականի մը ժամանակամիջոցին կառուցուած է․ անունը կ’առնէ Անգարացի գթասէր Ս․ Քլեմենթէ, որ Քրիստոնէութիւնը տարածելու մեղադրանքով՝ 4րդ դարու սկիզբը Քրիստոնեաներու հանդէպ իր կոտորածներով ճանչցուած Հռովմէական կայսր Տիոքլեթիանուսի շրջանին քսան տարեկան հասակին նահատակուած էր։
Մինչև մեր օրերը միայն Ս․ Քլեմենս եկեղեցիին աւերակը հասած է սակայն յայտնի է թէ քաղաքին մէջ կային նաև ուրիշ եկեղեցիներ, վանքեր, գոնէ մէկ հիւանդանոց և ամփիթատրոն մը։

Սուրբ Քլեմենս եկեղեցին կը բաղկանար երեք մասերէ․ գմբեթաւոր՝ ու փակ խաչաձև յատակագծով շինուած էր։ 1438 թուականին Անգարան Օսմանեան տիրապետութեան տակ անցնելէ յետոյ աւատապետ Թուրասան Պէյի եղբօրորդին ըլլալուն պատճառաւ Եղէն Պէյ կոչուող Հաճը Ահմետ Պին Հըզըրի կողմէ կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկուելով վերածուեցաւ մզկիթի․ Եղէնպէյ Մզկիթը 19րդ դարէն սկսեալ հոգածութենէ զուրկ մնալով կորսնցուց իր բնոյթը ու լքուեցաւ։

Ներկայիս Ս․ Քլեմենս եկեղեցիին աւերակները կը գտնուին Մահմետական թաղամասի մը մէջ, իր շուրջ կառուցուած սեփական շէնքի մը բակը , ուրեմն այցելել կարելի չէ։ Այս եկեղեցին Անգարացի Յոյներու համար իբրև սրբազան վայր շատ արժէքաւոր էր․ կը պատմուի թէ Անտրոնիքի Քարասուլիսի մեծ հայրը Խարալամպոս Քարասուլիս 19րդ դարու կէսերուն գնեց այն տունը, որուն բակը կը գտնուէր եկեղեցին, այսպէսով շէնքը վերստին Քրիստոնէական բնոյթ ստացաւ։

Ս․ Քլեմենս եկեղեցին և շրջակայ տուները 1916ի հրդեհէն մեծ վնաս կրեցին, տուները ամբողջովին այրեցան, եկեղեցիին գմբեթը փլաւ, շէնքը աւերակ դարձաւ․ յառաջիկայ տարիներուն քիչ թէ շատ կանգուն մնացած պատերն ալ քանդուելով հիմերուն վրայ շէնքեր շինուեցան։ Այսօր, պատերու փլատակներէ և կամարի մը սիւնէն զատ ոչինչ գոյութիւն ունի այդ եկեղեցիէն։

Սուլու Հան
Թահթաքալէի հրդեհը, որ 1929-ի Յուլիսին Սուլու Հանի բոլորտիքը ծագեցաւ ու մինչև առտու տևեց՝ թաղին շուկան և Պալըքբազարի շրջակայքը ամբողջովին ոչնչացուց ․ 500 խանութ, 100 տուն, բազմաթիւ բաղնիքներ, մզկիթներ, խաներ ինչպէս նաև Սուլու Հանը հրոյ ճարակ դարձան․ մասամբ վնասուած Սուլու Հանը երկար տարիներէ ի վեր չէ վերանորոգուած և կը գոյատևէ յանձնուած՝ իր ճակատագրին։

Կ'ենթադրուի թէ՝ 16րդ դարու սկիզբին Պայեզիտ Բ-ի օրով շինուած Սուլու Հանը, որ նաև կը յիշուի իբրև Հասան Փաշա Հան, իր անունը կ’առնէ թէ շէնքին բակը գտնուող ցայտաղբիւրին և թէ բաղնիքին համար ջուրի փոխադրութեան պատճառաւ: Այս պատմական խանը կ'օգտագործուէր Օսմանցիներու և թէ Եւրոպացիներու կողմէ իբր առևտրական և իջևանական վայր, ունէր 102 սենեակ․ ի մասնաւորի Ոչ Իսլամ սոֆի վաճառականներու հանդիպման վայրերէն մին էր։

Ժամանակաշրջանի առևտրային գործունէութիւններու կարգին ամենակարևոր տեղը կը գրաւէր կերպասի, նամանաւանդ Անգարայի այծի բուրդէ բանուած սոֆ կերպասի վաճառականութիւնը։ Թէ Օսմանական աշխարհէ և թէ այլևայլ երկիրներէ ճանապարհորդներ իրենց երկերուն մէջ տեղ տուած են անկորայի այծին՝ որ միջոց մը Անգարայի խորհրդանիշը դարձած էր։ Սուլու Հանէն և այդ ժամանակաշրջանի Անգարայի մեծ վաճառատուներէն սոֆ կը ղրկուէր Օսմանեան քաղաքները, Եւրոպական ու Արաբական երկիրները։ Այս կերպասին արտադրութեան ու վաճառման մէջ Հայերը, Յոյները և Հրեաները առաջին գծի վրայ էին։

Հրդեհէն վնասուած Սուլու Հանը միջոց մը միրգի ու բանջարեղէնի մեծաքանակ շուկայ ըլլալով ծառայեց․ իսկ խանին սենեակներէն մէկ մասը շրջակայ քաղաքներէ գաղթող Հայերու և այլ անպատսպարեալներու բնակարան եղաւ։
1980-ական թուականներուն իր իսկական ձևին յարմար նորոգուելով վերականգնուեցաւ։ Ներկայիս յուշանուէրներու, հարսանեկան պիտոյքներու և շինծու ծաղիկներու խանութներովը կը շարունակէ իր գոյութեան։

 

 

  Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։