Խանչէբէք

Քաղաքին ամենահին թաղերէն մին է՝ որուն տարածքը կ’երկարի Մելիք Ահմետ և Կազի պողոտաներու խաչաձևման կէտէն՝ Պալըքչըպաշըէն մինչև Եէնիգափու։ Խանչէբէքը՝ մինչև 1980ական թուականները Սուրիչիի ամենէն մեծ ոչ Իսլամ թաղերէն մին էր՝ հոն մեծամասնութեամբ Հայեր, Քաղդիացիներ (Քելտանիներ), Ասորիներ և Հրեաներ կը բնակէին։ Լեզուաբան Ա. Հանէեանին բացատրութեան համաձայն Տիգրանակերտցիները Տիգրանակերտի թաղերէն մին կ'անուանին՝ «Խաչաբաք»: Ըստ կարծիքի այս բառին ծագումը «Խաչաբակ» է եւ «եկեղեցւոյ բակ» իմաստը ունի: Այս տեղեկութիւնը ստուգուած է Տիգրանակերտցիներու կողմէ: Այժմ այս թաղը կը կոչուի՝ «Կեավուր Թաղ»:
19րդ դարու վերջերուն ոչ Մահմետականներու հանդէպ գործադրուած յարձակումներու հետևանքով քաղաքը սկսաւ լրջօրէն փոխուիլ։ 1895ին պատահած հրդեհէն վնաս կրեցին ու թալանուեցան շուկային մէջ գտնուող ոչ մահմետականներու խանութներն ու տուները։ Այդ ժամանակաշրջանի Անգլիայի հիւպատոսին կողմէ գրուած զեկոյցին համաձայն՝ աւելի քան ութ հազար Հայեր և Ասորիներ զոհուեցաւ այս իրադարձութիւններուն պատճառաւ։

Իսկ 1915ը տարբեր անկիւնադարձ մը եղաւ Տիգրանակերտցիներուն համար։ Կ’ենթադրուի թէ 1915-1916 թուականներուն Տիգրանակերտ նահանգի սահմաններուն մէջ մահացած կամ անհետացած Քրիստոնեաներու թիւը 140 - 200 հազարի շուրջ է։ Տեղեկատու աղբիւրներու համաձայն 1915էն վերջ Տիգրանակերտի Հայերու հարիւրէն 97ն անհետացաւ, հազարաւոր Ասորիներ և Քաղդիացիներ մահացան։ Փրկուածներուն մէկ մասը նախ Քամըշլը և Հալեպ գացին, յետոյ արևմտեան երկիրներ գաղթեցին։ Իսկ մաս մըն ալ կարգ մը տեղացի ցեղախումբերու կողմէ պահպանուեցան ու կրօնափոխութեան ենթարկուելով Իսլամացան։ Գաղթի պարտադրուած Քրիստոնեաներուն ստացուածքները կառավարութեան կողմէ «լքուած ինչքեր» ըլլալով ընդունուեցաւ և ձեռք դրուեցաւ։ Կ’ըսուի թէ քաղաքին մէջ շարունակած են մնալ միայն 200ի մօտ Քրիստոնեայ արհեստաւորներ ։
Անոնք, որոնք 1915ի ցեղասպանութենէն ազատեցան ու Տիգրանակերտ նահանգի մէջ յարատևեցին ապրիլ զանազան ճնշումներու և յարձակումներու չկարենալ տոկալով իրենց տուները լքելու և քաղաքին կեդրոնը հաստատուելու պարտաւորուեցան։ Սուրիչի ըսուած թաղը եղաւ Տիգրանակերտցի Հայերու ամփոփուելու վայրը։

Խանչէբէք թաղամասի մուտքը Եէնիգափու փողոցն էր, ուրկէ կարելի էր Կազի պողոտայի վրայ գտնուող քաղաքին չորրորդ դարպասը՝ Եէնիգափու երթալ։ 1950ի սկիզբները փողոցին մինչև Տէօրդ Այաքլը Մնարէին գտնուած մասը առևտրականութեան կեդրոններէն մին էր , կողքի Տէմիրճիլեր փողոցին վրայ մեծամասնութեամբ Հայ դարբիններու աշխատանոցները կը գտնուէին։ Հոն՝ Քաղդեան Մար Բեթեուն եկեղեցին, Սուրբ Կիրակոս Հայկական եկեղեցին, Լատինական եկեղեցին նաև թաղամասին հարաւային մասը Կաթոլիկ և Բողոքական Հայերու եկեղեցիները կային։ Փողոցին շարունակութեան վրայ Փաշա Համամըն, Ֆեթհի Փաշա ոստիկանատունը և քովնտի Խանչէբէքի սրճարանները անցնելէ յետոյ կու գար Հրեաներու թաղը։

1960ական տարիներուն Թուրքիոյ և Կիպրոսի միջև ծագած անհամաձայնութիւններու պատճառաւ Տիգրանակերտ բնակող Քրիստոնեաներու հանդէպ սպառնալիքներն ու յարձակումները հետզհետէ աւելցան , ասիկա պատճառը եղաւ դէպի Իսթանպուլ գաղթի։ 1980ի վերջերը Տիգրանակերտի մէջ մօտաւորապէս 25 Քրիստոնեայ ընտանիք մնացած էր։ Տարիներու ընթացքին համայնքին նուազիլը թաղի եկեղեցիներուն դատարկ ու անխնամ մնալուն հետևաբար աւերակ դառնալուն առիթ տուաւ։ Թաղը 1990ական թուականներուն իրենց գիւղերէն գաղթելու պարտաւորուած Քրտեր հաստատուեցան։

2015ին պետութեան և ԲՔՔի միջև նախապէս սկսած խաղաղութեան բանակցութիւններուն աւարտելուն հետևանքով Քրտական բնակավայրերու մէջ սկսան քաղաքային պատերազմներ անուանուած զինաւոր բախումներ, որոնք Խանչէբէքի թաղերուն մէջ ալ տարածուեցան, այս տեղերը բնակողներուն գրեթէ բոլորը լքեցին իրենց տուները, հարիւրաւոր մարդ ալ կեանքը կորսնցուց։

Իր նեղ փողոցներով ու բազալտ քարերով կերտուած աւանդական տուներով համբաւաւոր Խանչէբէքը մեծ վնաս կրեց այս բախումներէն։ 2016ին Սուրիչի թաղամասը վերանորոգուելիք վայր ըլլալով հռչակուեցաւ, գրաւման տակ մնացած վայրերը հարթուեցան, գրեթէ բոլոր շէնքերը քանդուեցան սակայն թաղը ոչնչացած ըլլալով հանդերձ Տիգրանակերտցիները այսօր դեռ կը կոչեն զայն՝ Խանչէբէք։

Չարշիա Շեվըթի
Քաղաքին ամենահին շուկան՝ Սիփահի Չարշըսըն 1895ին և 1914ին հրոյ ճարակ ըլլալէ վերջ Եանըք Չարշը կամ Քրտերէնով Չարշիա Շեվըթի ըլլալով յիշուիլ սկսաւ։ Կը պատմուի թէ՝ հրդեհի միջոցին խանութպանները «Չարշիա Շեվըթի (շուկան այրեցաւ)» կը պոռային ու այդ գոռումը եղած է անունին պատճառը։

1895ին մէկ կողմէն Օսմանական բարենորոգման բանավէճերը կը շարունակէին սակայն միւս կողմէն Քրիստոնեաներու և Իսլամներու միջև յարաբերութիւնները հետզհետէ կը պրկուէին։ Քրիստոնեայ խանութպաններ երբ անդրադարձան թէ Իսլամներու կողմէ յարձակումի պատրաստութիւններ սկսած են՝ փակեցին իրենց գործատեղիները մինչև 1 Նոյեմբեր։ Խանութներու այդ վերաբացման օրը անյայտ անձի մը կողմէ բացուած կրակոցի հետևանքով ստեղծուած խառնակ վիճակի արդիւնք Շէյխ Մաթար պողոտայի վրայ գտնուող խանութներէն մին վառիլ սկսաւ։ Հրդեհը երեք օր տևեց, շուկան վնաս կրեց, չորս հազարէ աւելի խանութ և տուն այրեցաւ ու թալանուեցաւ։ Կ’ենթադրուի թէ հրդեհի տևողութեան՝ Քրիստոնեաներու թաղերուն վրայ եղած յարձակումներէն հազարէ հազար հինգ հարիւրի միջև մարդ իր կեանքը կորսնցուց։

1914ի Օգոստոսին ճիշտ Մեհմետ Ռեշիտի կուսակալ նշանակուած օրը կէս գիշերին Պուղտայ Բազարը շուկային մէջ դարձեալ մեծ հրդեհ մը ծագեցաւ։ Հազարէ աւելի խանութ այրեցաւ՝ նաև մեծ թիւով փուռ, ծաղարան, սրճարան, ամբարանոց և վաճառատուն վնասուեցաւ ։ Շուկային մէջ գտնուող Հայերու յատուկ գործատեղիները կողոպտուեցան։

Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ ալ քաղաքին առևտրական կեդրոնը եղած այս վայրը՝ թիթեղագործութեան, թաղեգործութեան և կաթսայագործութեան նման զանազան արհեստներու տէր վարպետներ և յատուկ շուկաներ կային։ Շուկայի խանութպաններուն ամէն մէկը իր ծածկանունը ունէր։ զգեստ, կօշիկ, ապակեայ իրեր և տարբեր տարբեր ապրանքներ ծախող խանութներու քով Սուրիայէ եկած փախստական ապրանքներ ալ կը վաճառուէին Եանըք Չարշըի և շրջակայ շուկաներուն մէջ, առտուան ժամերէ սկսեալ մարդիկ կը լեցնէին ամէն կողմ։

Հրեաներուն մեծամասնութիւնը շրջուն վաճառականներ էին, որոնք Եանըք Չարշըի մէջ կը գործէին։ 1960ական թուականներուն իր հօրը շուկային մէջ գտնուող խանութը աշխատիլ սկսող Շեհմուս Տիքէն կը պատմէ թէ՝ այդ տարիներուն շուկան արդէն Հրեայ վաճառականներ չէր մնացած, միայն պղնձագործութեամբ, երկաթագործութեամբ կամ ոսկերչութեամբ զբաղող Հայ, Յոյն և Քաղդէացի վարպետներ կային։
Շուկայի ծանօթ խանութներէն մին Քաղդեացի Եուսուֆ Սեյրէքին Համեմավաճառ Քէօր Եուսուֆ անունով խանութն էր որ Բաղդատէն և Հալեպէն եկած համեմուքներովը կը ճանչցուէր։ Այսօր խանութին սեփականատէրը փոխուած է բայց դեռ նոյն անունը կը կրէ։

Եանըք Չարշըն՝ տարիներու ընթացքին իր մշակութային բազմատեսակութիւնը և ինքնուրոյն ճարտարապետական ոճը կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ զգեստեղէն, կօշիկ և շղարշ վաճառող փոքր խանութներովն ու փողոցներովը դեռ կը շարունակէ իր շողշողուն կեանքը։

Տէմիրճիլէր Չարշըսը
Գազանճլար փողոցը, երկու կողմերը գտնուող դարբնոցներու պատճառաւ ժողովուրդին կողմէ Տէմիրճիլէր Չարշըսը ըլլալով կը գիտցուի։ Շուկան՝ Ուլու Ճամիին հարաւային կողմը տարածուած ոսկերիչներու, ատաղձագործերու, աշեֆչիներու կլայեկիչներու նման գործերու յատուկ շուկաներէն մին էր։ Հայ երկաթագործերու մէկտեղուած այս շուկային մէջ մրճահարումներու ձայները չէին դադրեր։ Էվլիյա Չելեպի որ 17րդ դարուն այցելած է քաղաքը սապէս կը պատմէ՝ ամէն անգամ որ մուրճերը պղինձին կը զարնեն կարծես նուագարանէ մը ձայն կու գայ՝ «թըքթաքա թըրթաք»։ Երկաթագործերը ամէն օր իրենց հնոցներուն առջև երկաթ կը կոփէին։ Թէ Սուրիչիի և թէ շրջակայ գիւղերու բնակիչները գործիքներ գնելու համար դարբնոցներու քով քովի շարուած այս փողոցը կու գային։ Ամէն ապրանքի վրայ կը դրոշմուէր զայն շինող վարպետին յատուկ կնիքը որպէսզի եթէ նորոգութիւն պէտք ըլլայ յայտնի ըլլայ թէ որո՞ւ պէտք է տանիլ։

1890ական թուականներուն գործադրուած Համիտեան կոտորածներու և 1915ի Հայկական ցեղասպանութեան հետևանքով քաղաքի Քրիստոնեայ վաճառականներուն ու արհեստաւորներուն ոչնչացումը բազմաթիւ արհեստներու առընթեր երկաթագործութեան ալ յետադիմութեան պատճառ եղաւ։ 1915էն վերջ Տիգրանակերտի մէջ շատ քիչ թիւով մնացած վարպետներու և քաղաք ապաստանած գաւառացի Հայ ընտանիքներու շնորհիւ երկաթագործութեան աւան դութինը շարունակեց։ Նոյնիսկ մինչև1960ական թուականները քաղաքի դարբիններուն, պղնձագործերուն․ ոսկերիչներուն և ատաղձագործերուն մեծմասնութիւնը Հայ վարպետներ էին։ Խանչէբէքի մէջ բնակող և այս փողոցը աշխատող երկաթագործերուն ու վարպետներուն բոլորը զիրար կը ճանչնային։ 

1960ական տարիներուն Թուրքիոյ և Կիպրոսի միջև ծագած լարուածութեան պատճառաւ Խանչէբէք բնակող Քրիստոնեաները անհանգիստ ընող մթնոլորտ մը տիրել սկսաւ Տիգրանակերտի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեան «Թէսպիհ Թանէլէրի» («Համրիչի հատիկներ») վէպին մէջ կը պատմէ թէ՝ այդ շրջանին ցուցարարներու խումբ մը Կիպրոսի դէպքերուն հանդէպ իրենց բողոքը ցուցնելու համար Տէմիրճիլէր Չարշըսըի քով գտնուող Եօղուրթ Բազարըի շուրջ հաւաքուեցաւ։ Ամբոխը Կիպրոսի նախագահ Մակարիոսի մարդապատկերը կրակի տուաւ ու ձմեռուկի և սեխի կեղևներ նետեց երկաթագործերուն վրայ, միևնոյն ժամանակ քարկոծեցին Խանչէբէք բնակող Քրիստոնեաներու տուները։ Այս դէպքերէն վերջ թաղեցիները պահպանուելու համար իրենց տուներուն փողոցի վրայ նայող պատուհանները սև կերպասով կամ լրագիրներով պատեցին։
Կ’ըսուի թէ՝ այս դէպքերը բազմաթիւ Տիգրանակերտցի Քրիստոնեայի համար անկիւնադարձ մը եղած է գաղթի որոշման նկատմամբ և մինչև 1980ական թուականները շարունակած ըլլալով, քաղաքի Քրիստոնեայ բնակիչներու թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ։ Մեծամասնութեամբ Հայ երկաթագործերէ բաղկացած Տեմիրճիլեր Չարշըսըի գործատէրերը ծախու հանած են իրենց աշխատանոցները։ Մեր օրերուն սակաւաթիւ երկաթագործական խանութներ դեռ գոյութիւն ունին այս փողոցին վրայ։

Թահիր Էլչի եւ Տէօրթ Այաքլը Մինարէ
Քրտական ծագումով օրինաբան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Թահիր Էլչի 1966ին Շըրնաքի Ճիզրէ գիւղաքաղաքը ծնած է։ Նախակրթարանը, միջնակարգը և լիսէն Ճիզրէի մէջ աւարտելէ յետոյ 1991ին շրջանաւարտ կ’ըլլայ Տիգրանակերտի Տիճլէ համալսարանի իրաւաբանական բաժինէն։ Իր ասպարէզի վերաբերեալ աշխատանքները կեդրոնացուցած է մարդկային իրաւունքներու և քրէական յանցանքներու օրէնքներու վրայ։ Գերմանիոյ Եւրոպայի իրաւաբանական ակադեմիային մէջ ուսանած է միջազգային քրէական իրաւաբանութիւն և արդարադատութիւն՝ նաև յիշուած նիւթերու վրայ բանախօսութիւններ և պրպտումներ ըրած է։
Էլչի՝ թէ Թուրքիոյ և թէ դրացի երկիրներու մէջ անդադար պայքար մղեց Քրտական հարցին համերաշխ լուծման ուղղութեամբ։ 1990ական թուականներուն Թուրքիոյ և Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու դատարաններուն մէջ իբր փաստաբան պաշտպանեց չբացայայտնուած սպանութիւններէ, առանց դատելու տրուած մահապատիժներէ, կալանքի տակ անհետացումներէ, խոշտանգումներէ ու գիւղերու հրկիզումներէ տուժողները։ 2012 և 2014ին Տիգրանակերտի փաստաբաններու միութեան ատենապետ ընտրուեցաւ։

2015ի Հոկտեմբերին հեռատեսիլի հաղորդումի մը ընթացքին ըրած «ԲՔՔ-ն ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ » յայտարարութեանը պատճառաւ մահուան սպառնալիքներ ստացած՝ հաղորդումին յաջորդող շաբթուան մէջ ձերբակալուած՝ յետոյ դատական հսկողութեան տակ ըլլալու և երկրին սահմաններէն դուրս չելլալու պայմաններով ազատ արձակուած է։

Թահիր Էլչի՝ 28 Նոյեմբեր 2015ին Տիգրանակերտի փաստաբաններու միութեան անդամ խումբ մը փաստաբաններու և քաղաքի բնակիչներու հետ միասին, լրագրողներու ներկայութեան Տէօրթ Այաքլը Մինարէի առջև յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ որուն նիւթը երեք օր առաջ Հայրենասէր Յեղափոխ Երիտասարդներու Շարժումի (YDG-H) անդամներու ու ապահովութեան ուժերու միջև ծագած բախումներուն հետևանքով Եէնիգափու փողոցի վրայ գտնուող Տէօրթ Այաքլը Մինարէին վնասուիլն էր։ Մամլոյ յայտարարութեան վերջերուն մօտ իրարանցում մը սկսաւ ու այդ միջոցին Թահիր Էլչին գլուխէն վիրաւորուեցաւ և մահացաւ։

Թահիր Էլչիի սպանութեան հարցաքննութիւնը արդիւնաբեր չեղաւ ։ Դէպքին պատահած վայրը պրպտելու աշխատանքները հինգ ամիս վերջ սկսան։ Էլչիի մահուանը պատճառ եղած փամփուշտը չգտնուեցաւ, հետաքննութիւնը կատարող դատախազը քանիցս փոխուեցաւ։ տեսախցիկներէ ձեռք ձգուած նկարներուն մէջ դէպքի պահը չգտնուեցաւ։ Առաջին դատը 2020 Հոկտեմբերին եղաւ իսկ որոշումը տրուեցաւ Յունիս 2024ին ու ամբաստանեալ ոստիկանները ազատ արձակուեցան։

Թահիր Էլչիի սպանութենէն վերջ բախումները շարունակեցին որոնց հետևանքով Սուրիչի թաղին մեծ մասը վնասուեցաւ, հարիւրներով մարդ կեանքը կորսնցուց, հազարաւոր թաղեցիներ իր բնակավայրէն հեռու մնաց ։ Թահիր Էլչի ամէն տարի, իր մահացած օրը Տէօրթ Այաքլը Մինարէի առջև կը յիշատակուի։

Մար Բեթեուն Քաղդեական Եկեղեցին
Տիգրանակերտի, Մարտինի, Միտեաթի ու Շըրնաքի շուրջ ապրող Քաղդիացիները 17րդ դարուն հաստատեցին Մար Բեթեուն Քաղդեական Եկեղեցին, կը կարծուի թէ աւելի առաջ նոյն տեղը 4րդ դարուն շինուած ուրիշ շէնք մը կար որը Ասորական եկեղեցի էր։

Մար Բեթեուն Քաղդեական Եկեղեցին մինչև 19րդ դարու սկիզբները Քաղդեական Կաթոլիկ Եկեղեցիին կեդրոնն էր ու հոն կարևոր կրօնաւորներ թաղուած էին։ Մուսուլ փոխադրուելէ վերջ Պատրիարքարանը դարձաւ Մուսուլի կապուած եպիսկոպոսութեան մը։ Եկեղեցիին դրան վրայ արձանագրուած 1834 թուականը հաւանաբար զանազան վերանորոգման աշխատանքներէն ոևէ մէկուն կը պատկանի։ 19րդ դարու երրորդ կիսուն եկեղեցիին քով Քաղդեացիներու պէտքերը հոգալու և որբերը պահպանելու համար շինուած չօրպահանէ (ապուրանոց) ըսուած շէնք մը կառուցուած էր որ միևնոյն ժամանակ դպրոց ըլլալով ալ կը գործածուէր։

1915 ին Տեղահանութեան Օրէնքին հռչակումէն վերջ մէկ միլիոն առաքելական և կաթոլիկ Հայեր ու մօտաւորապէս 250 հազար Ասորի (Süryani) Քաղդեացի, Ասուրի մահացաւ կամ կորսուեցաւ։ 1915էն վերջ Տիգրանակերտի եպիսկոպոսարանը Քաղդեական համայնքին նուազելուն հետևանքով իր հանգամանքը կորսնցուց , դպրոցն ալ 1925ի Ուսուցման Միասնականութեան Օրէնքը գործադրուիլ սկսելէն վերջ փակուեցաւ, շէնքը միջոց մը եկեղեցիին կողմէ կազմակերպուած ուսումնական գործունէութիւններու և տօնակատարութիւններու վայր ըլլալով գործածուեցաւ։

Մար Բեթեուն Քաղդեական Եկեղեցին 2011ին իսկ դպրոցը 2013ին համայնքին նուիրատուութիւններուն շնորհիւ վերանորոգուեցան սակայն 2015ինՍուրիչիի մէջ պատահած դէպքերէն վնաս կրեց։ պողոտային վրայ գտնուող, եկեղեցիին պատկանող խանութները վերակառուցման աշխատանքներու կարգին փլան։

Մար Բեթեուն Քաղդեական Եկեղեցին վերանորոգուելով 2023ին կատարուած ծիսակատարութեամբ դարձեալ պաշտամունքի բացուեցաւ՝ անոր կից գտնուող Քաղդեական ապարանքը սրճարան, գրադարան և կացարանի՝ Տիճլէ փողոցի վրայ գտնուող վարժարանի շէնքն ալ 2018ին վերանորոգուելով սրճարանի վերածուեցաւ։

Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին ու դպրոցը
Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցիին համար կ’ըսուի թէ մինչև մեր օրերը հասած Հայկական եկեղեցիներէն ամէնէն մեծն է։ Պատմաբան Ղուկաս Ինճիճեան «Աշխարհագրութիւն» անուն գրքին մէջ՝ Սուրբ Թորոս Հայկական եկեղեցիին 16րդ դարու սկիզբը մզկիթի վերածուելէն վերջ եկեղեցիին պատկանող գերեզմանատան վրայ Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցիին շինուած ըլլալը կը պատմէ։ Մեր օրերուն Սուրբ Թորոս եկեղեցիին գետնին վրայ Ֆաթիհ Փաշա Ճամիի կամ այլ անունով Քուրշունլու Ճամին կը գտնուի։

Լեհահայ ճանապարհորդ Սիմէոն 17րդ դարուն իր Տիգրանակերտ այցելութեան միջոցին կը վկայէ թէ՝ եկեղեցիին մէջ արարողութեան մասնակցող 25 քահանայ կար։ Ծէսէն յետոյ ըստ աւանդութեան՝ պատարագիչին տունը ճաշելու կը հրաւիրուի ու հոն Իսթանպուլի և Հալեպի մէջ նոյնիսկ չճաշակած համերը կը գտնէ, Էրկանիի գինի կը խմէ։ 

1850-ական թուականներէն ի վեր Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիին յարակից աղջկանց ու մանչերու յատուկ դպրոցներ և մանկապարտէզ մը կար։ 20րդ դարու սկիզբին պատրաստուած տեղեկագրութեան մը համաձայն մանկապարտէզիններով միասին, աղջիկ, մանչ բոլոր աշակերտներու թիւը 754 էր։

Եկեղեցիին Ճարտարապետ Սահակ Շիշմանեանի կողմէ կերտուած սոխաձեւ գմբեթով զանգակատունը 1913-ին շանթահար եղաւ ու կործանեցաւ սակայն նոյն թուականին ճարտարապետ Դաւիթ Ղազարեան նոր զանգակատուն մը շինեց։ Տէօրթ Այաքլը Մինարէէն աւելի բարձր ըլլալուն պատճառաբանութեամբ Զանգակատունը 1915-ին ռմբակոծուելով փլաւ։

Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին առաջին աշխարհամարտին Գերմանական հրամանատարներու կեդրոն՝ աւելի վերջ ալ Սիւմերպանքի կտաւեղէնի ամբարանոց ըլլալով օգտագործուեցաւ։ Այն ատենները պաշտամունքի համար հին դպրոցի շէնքին մէջ գտնուող փոքր եկեղեցին կը գործածուէր։ 1960ին Հայ համայնքի ջանքերուն հետևանքով Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին ետ տրուեցաւ և վերաբացուեցաւ:

1964-ին Տիգրանակերտ ծնած Սիլվա Էօզեէրլի «Ամիտանըն Սօֆրասը» անունով գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կու տայ քաղաքին խոհանոցին ու ապրելակերպին մասին , կը պատմէ Կիրակի օրերը և տաղաւարներուն Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի մէջ մատուցուած պատարագին ընտանեօք երթալու համար իրենց գործածած ճամբաներուն տակաւ առ տակաւ աճող բազմութեամբ լեցուիլը, փակը բացուող երկաթ դուռէն արդէն շարականներուն լսուիլը , եկեղեցիին մէջ տարածուած խունկի հոտով դիմաւորուիլը։

1960-ական թուականներէ մինչև 1980ներ հետզհետէ աւելի շատ թիւով Տիգրանակերտցի Հայեր արևմտեան քաղաքները կամ Եւրոպայի երկիրները գաղթել սկսան ու 1980ներու վերջաւորութեան մօտաւորապէս 25 Քրիստոնեայ ընտանիք միայն մնացած էր , հակառակ Հայ գաղութի նուազումին Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի մէջ արարողութիւնները միջոց մը ևս շարունակեց սակայն 1990 ական թուականներուն եկեղեցին այլևս դատարկ ու անխնամ մնացած ըլլալուն՝ պատերը և առաստաղը փուլ եկան։

2010-ին Սուրբ Կիրակոս Հայկական Եկեղեցիի խնամակալներու և Տիգրանակերտի քաղաքապետութեան համագործակցութեամբ ու տարբեր երկիրներ ապրող Հայերու նուիրատուութիւններով եկեղեցիին վերանորոգման աշխատանքները սկսան։ Երկու տարի վերջ Թուրքիայէն և աշխարհի զանազան երկիրներէն հազարաւոր Հայերու մասնակցութեամբ առաջին արարողութիւնը կատարուեցաւ և եկեղեցին բացուեցաւ:
2015-ին Սուրիչիի մէջ պատահած բախումներէն Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին ալ վնաս կրեց ու կողոպտուեցաւ։ Դէպքերը վերջանալէն յետոյ վերանորոգուեցաւ ու 2022-ին օծուելով դարձեալ պաշտամունքի բացուեցաւ։

Մկրտիչ Մարկոսեան
Գրող Մկրտիչ Մարկոսեան Յակոբ Մնձուրիէ վերջ Հայ գաւառի գրականութեան վերջին ներկայացուցիչն է։ Ինք 1938-ին Խանչէբէք թաղը՝ Հայրն ու մայրը Տիճլէի Հերետան՝ այլ անունով Քըրքբընար գիւղը ծնած են։
Ընտանիքը տարիներ վերջ Սուրիչի հաստատուած և հայրը ատամնաբոյժ Ազիզ Պէյի վկայականը վարձելով Ատամնաբոյժ Սարգիս անունով սկսած է աշխատիլ թաղին մէջ։ Մարկոսեանի մանկութեան շրջանին ընտանիքը Տիրեքճի փողոցի վրայ գտնուող տունը վարձակալ ըլլալով կը բնակէր, Մարկոսեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Սիւլէյման Նազիֆ նախակրթարանին մէջ ուրկէ վերջ յաճախեց Զիյա Կէօքալբ միջնակարգ վարժարանը։ Հօրեղբայրը Խաչոյին Տեմիրճիլեր Չարշըսը գտնուող խանութին մէջ անցուցած աշկերտութեան շրջանին, ճիշտ վարպետութեան բարձրանալու միջոցը կը հանդիպի «դէպի իսթանպուլ իր տոմսին կտրուիլը»
Մարկոսեան 1950-ական թուականներուն այլ Հայ տղոց հետ միասին կը մեկնի Իսթանպուլ, նախ որոշ ժամանակ մը Գարակէօզեան Հայկական Որբանոցը յետոյ Գումգափու գտնուող Պատրիարքարանը կը մնայ։ Պէզճեան միջնակարգ վարժարանը և Կեդրոնական լիսէն աւարտելէ վերջ շրջանաւարտ կ’ըլլայ Իսթանպուլ համալսարանի Փիլիսոփայութեան բաժինէն։

Մանկական պատմութիւններով կը սկսի առաջին գրական աշխատանքներուն որոնք Մարմարա լրագիրին մէջ կը հրատարակուին։ Երիտասարդութեան տարիներուն բանաստեղծ ընկերը Վարդգէս Գարակէօզեանի հետ Թօ անուն Հայերէն ամսաթերթը կը հրատարակէ։ Այդ շրջանին Գարակէօզեան Որբանոցը կ’աշխատի իբր հսկիչ ։ 1966-էն սկսեալ վեց տարի Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Հայկական Լիսէն ուսուցիչ և տնօրէն ըլլալով կը պաշտօնավարէ։
1984-ին Մարմարա լրագիրին մէջ հրատարակուած հայերէն պատմուածքներէն մաս մը կ’ամփոփուի գիրքի մը մէջ՝ «Մեր Այդ Կողմերը» վերնագրով։ Այս գիրքը Բարիզի մէջ կ’արժանանայ «Էլիզ Քաւուքճեան» գրական մրցանակին՝ որ կը յանձնուի հայերէնով ստեղծագործող գրողներուն։ Մարկոսեան իր երկերուն մէջ ինչպէս «Կեավուր Թաղ» «Söyle Margos Nerelisen » և ուրիշները՝ կը ներկայացնէ 1950, 1960ներու իր Տիգրանակերտի մանկութեան օրերն ու Հայ համայնքի առօրեայ կեանքը։

Մկրտիչ Մարկոսեան 2 Ապրիլ 2022ին իր Գատըգիւղի տան մէջ հոգին աւանդեց ու Շիշլիի Հայկական գերեզմանատան մէջ հողին յանձնուեցաւ։

Մարկոսեանի ապրած Տիրեքճի փողոցին անունը Տիգրանակերտի Սուր թաղամասի քաղաքապետութեան կողմէ 2009 թուականին Մկրտիչ Մարկոսեան փողոց ըլլալով փոխուեցաւ սակայն փողոցը և տունը 2015ի Սուրիչիի բախումներու միջոցին և շարունակութեանը գործադրուած փլուզումով ոչնչացաւ։

Փաշա Համամը (Բաղնիքը)
Փաշա Համամը կամ այլ անունով Պեհրամ Փաշա Համամըն 16րդ դարուն Տիգրանակերտի կուսակալ Հալհալի Բեհրամ Փաշայի կողմէ կառուցուեցաւ։ Կը պատմուի թէ Պեհրամ Փաշան Կազզէցի էր ու Արաբական երկիրներու մէջ տեսածներուն նման բաղնիք մը շինել տալու համար Կազզէէն և Երուսաղէմէն վարպետներ, գոյնզգոյն մարմարներ ու քարեր բերած էր։

Ճանապարհորդ Էվլիյա Չելեպի որ 17րդ դարուն Տիգրանակերտ այցելած էր կ’ըսէ թէ քաղաքը 10 հատ բաղնիք կար որոնք դժուարութիւնն ունէին վառելանիւթ ճարելու ու մարդիկ տուներու տանիքներէն թափած յարդերը հաւաքելով բաղնիք կը տանէին ու կը վառէին ։ Այսպէսով, թէ քաղաքը աղբերէ կ'ազատէր և թէ բաղնիքը կը տաքնային։

16 և 17րդ դարերուն կառուցուած բաղնիքներուն մէկ մասը այդ ժամանակաշրջանին քաղաքին այսինքն Սուրիչի թաղին մուտքը կը գտնուէր։ Կը պատմուի թէ քաղաք եկող վաճառականներն ու ճանապարհորդները նախ բաղնիք կ’ուղղուէին, կը մաքրուէին յետոյ շուկայ կ’երթային։ Քաղաքի բնակիչներն ալ մասնաւորաբար ձմեռը տաք ջուրով լուացուելու համար իրենց թաղի բաղնիքը կ’օգտագործէին։

Բաղնիքները միայն լուացուելու կամ ապաքինման վայրեր չէին, միևնոյն ժամանակ ընկերային յարաբերութիւններ կազմելու ալ միջոցներն էին։ Ամէն ընտանիք շաբթուան որոշ մէկ օրը բաղնիք կ’երթար, ըսուածին համեմատ Իսլամները հինգշաբթի կամ ուրբաթ իսկ Քրիստոնեաները շաբաթ օրը կը նախընտրէին։ Բաղնիքի պատրաստութիւնը մէկ գիշեր առաջ կապոցները ծրարելով կը սկսէր։ Մեկնումի պահը երբ գար «պօխճաճըներ»ը կամ այլ անունով «նաթուրաներ»ը կու գային, բաղնիքի կապոցը շալկելով կը տանէին ու ընտանիքին սովորաբար նստած տեղը կը դնէին։ Բաղնիք եկողները նախ կապոցները կը բանային, կը հանուէին յետոյ լուացուելու մասը կ'անցնէին ու ամէնքով կը հաւաքուէին իրենց միշտ նստած տաշտին շուրջ։ Բաղնիքը աշխատող կիներ կ'ըլլային որոնք փափաքողներուն գլուխը , մարմինը կը լուային։ Բաղնիքէ վերադարձին պօխճաճըները դարձեալ կապոցները կը շալկէին ու տուն կը բերէին։ 

Փաշա Համամըն մինչև 2000-ական թուականները Խանչէբէք թաղի միւս շէնքերուն պէս 2015-ին սկսած բախումներու և փլուզումի աշխատանքներու միջոցին վնասուեցաւ, երկու տարի վերջ 2022-ին նորոգութեան աշխատանքները լրացան սակայն ոչ թէ բաղնիք այլ իբր մշակութային կեդրոն ծառայել սկսաւ։ Քաղաքին այլ բաղնիքներուն մէկ մասը քանդուեցան, մէկ մասը ինքնիրեն աւերակ դարձաւ, մէկ մասն ալ դեռ կանգուն մնացած են բայց տարբեր նպատակներով կը գործածուին։

Լատինական եկեղեցին ու դպրոցը
Հռովմէական եկեղեցիին կողմէ 17րդ դարուն Միջագետքի մարզերու մէջ Քրիստոնէութիւնը տարածելու նպատակաւ նշանակուած վարդապետներու ձեռամբ հաստատուեցաւ Տիգրանակերտի Լատինական եկեղեցին։

16րդ դարուն Եւրոպայի մէջ սկսած Բարենորոգման շարժումներու հետևանքով Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին աչքը սևեռեց Միջին Արևելքի Քրիստոնեաներուն վրայ ու Կաթոլիկութիւնը տարածելիք միսիոնարներ պատրաստելու նպատակաւ Քարոզչութեան Ընկերութիւնը կազմեց՝ որոնց կողմէ պաշտօնի կոչուած առաջին Տիգրանակերտի քարոզիչները եղան Քափուսենի վարդապետները։ Անոնք Խանչէբէք թաղին մէջ եկեղեցի մը, կացարան մը և ծերանոց մը կառուցեցին։ Սակայն կրօնական անհամաձայնութիւններու և ճնշումներու պատճառաւ իրենց աշխատութիւնը երբեմն կ’ընդհատուէր։ Քափուսենի վարդապետները 18րդ դարու վերջերուն Ֆրանսական յեղափոխութենէն յետոյ իրենց կալուածները փակելու պարտաւորուեցան սակայն յաջորդող դարերուն ետ եկան։

19րդ դարու կիսուն Սպանացի մայրապետներ եկան ու ուրիշներու կողմէ ձեռք դրուած Քափուսենաց շէնքը ետ առին և կողքին նոր շէնքեր կառուցեցին։ Իսկ նոյն դարուն վերջերուն Ֆրանսիսքեն մայրապետներ ստանձնեցին պաշտօնը ու եկեղեցիին կից շէնքը աղջկանց վարժարանի վերածեցին։ 1900ի արձանագրութիւնները մեզ կը ցուցնէ թէ այդ շրջանին Լատինները մէկ հատ աղջկանց մէկ հատ ալ մանչերու յատուկ վարժարաններ ունէին, Կաթոլիկ Հայերը իրենց զաւակները այս վարժարանները կը ղրկէին, ուր կը դասաւանդուէին Հայերէն, Թրքերէն, Ֆրանսերէն ու Անգլերէն լեզուները։

Հանրապետութիւնը հիմնուելէ վերջ ընկերութեան գործունէութիւնները արգիլուեցաւ, միսիոնարները երկրէն վտարուեցան և պետութեան կողմէ կալուածներուն ձեռք դրուեցաւ։ Նոյն ժամանակամիջոցին Լատինական եկեղեցին ու վարժարանն ալ փակուեցաւ, վարժարանի շէնքը 1934-էն սկսեալ Սիւլէյման Նազիֆ Նախակրթարան անունով օգտագործուիլ սկսաւ։ Մկրտիչ Մարկոսեանն ու տակաւին ուրիշ Հայ տղաք այս վարժարանին մէջ ստացան իրենց նախնական կրթութիւնը։ Կը պատմուի թէ այդ շրջանին Հայ տղաքը խտրութեան և բռնութեան ենթակայ կ’ըլլային և իրենք զիրենք ապահով զգալու համար խմբովին դպրոց կ’երթային ու կը վերադառնային։

Լատինական եկեղեցիին շէնքը մինչև 1970-ներ գորգագործարան և ամբարանոց աւելի վերջ ալ դպրոցին ժողովասրահը ըլլալով գործածուեցաւ։ Շէնքը 2015-ի Սուրիչիի բախումներէն վնաս կրեց յետոյ մասամբ վերանորոգուեցաւ։ Մեր օրերուն Սուրի քաղաքապետարանի շէնք ըլլալով կը ծառայէ։

Խենդ Ֆերհօն ու Հրեաներու թաղը
Քաղաքի վերջին Հրեաներէն Ֆերհօն Ենի Քափըի պատնէշներու ստորոտը գտնուող Հրեաներու թաղը կ’ապրէր։ Ոչ մէկ եկամուտ ունէր, օրուան հացը ճարելու համար ինչ գործ որ գտնէր կ’ընէր։ Ճերմակ շալվար մը, ճերմակ գլխու ծածկոցով, թափթփած մազերով ճերմակ տոպրակը կռնակին՝ աղբանոցները կը շրջէր ու տոպրակը կը լեցնէր հին բաներով յետոյ ասոնք կօշկակար՝ Սիվերեկցի Հեմօին Մելիք Ահմետի շուրջ գտուող խանութը կը տանէր, անոր կը ծախէր։ Կազի պողոտայի բաղնիքներուն համար bohçacı-ութիւն փերեզակութիւն կ’ընէր։ Ֆերօն միևնոյն ժամանակ բախտագուշակ էր , փողոց փողոց «քիւչէ,քիւչէ» պոռալով կը շրջէր , այդ օր ինչ բանի որ պէտք ունէր անոր փոխարէն բախտ կը կարդար։

Հրէական թաղը Խանչէբէքի և Եէնիգափուի պատնէշներու միջև կը գտնուէր։ Հրեաներու մեծամասնութիւնը վաճառական էին, շրջակայ գիւղերը մէկ մէկ պտտելով կը ծախէին իրենց ապրանքները , այսինքն çerçicilik կ’ընէին։ Խանութպանութեամբ, կերպասավաճառութեամբ, կօշկակարութեամբ, հնավաճառութեամբ ալ կը զբաղէին։

Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր իրենց գոյութիւնը պահած Տիգրանակերտի Հրեաներուն թիւը 19րդ դարու վերջերուն մօտ Սուրի տարածքին հազարէ աւելի էր։ Ճանապարհորդները կը հաղորդեն թէ այդ օրերուն թաղի սինակոկը միևնոյն ժամանակ դպրոց ըլլալով կը գործածուէր ։ Սինակոկին կառուցման թուականը անծանօթ է սակայն կ’ըսուի թէ (ՆՔ)5րդ դարուն Հրեայ վարդապետ Էզրայի կողմէ գրուած Արամերէն Հնգամատեան մը կայ հոն։
1925 ի Շէյխ Սաիտի ըմբոստացումի օրերուն քաղաքի Հրեաներէն շատեր ուրիշ քաղաքներ գաղթեցին։ 1943-ին La Boz de Türkiye անունով ամսաթերթին մէջ հրատարակուած զրոյցէ մը կը հետևցնենք թէ այդ ժամանակաշրջանին Տիգանակերտի Հրեայ բնակիչներու թիւը մօտաւորապէս 350 էր։ 1948-ին Իսրայէլի պետութիւնը ստեղծուելէ վերջ Տիգրանակերտի Հրեաներէն գրեթէ բոլորը աւելի լաւ պայմաններու տակ ապրելու համար Իսրայէլ գաղթեցին։
Կը պատմուի թէ այդ շրջանին Եունուս կոչուող Հրեայ խանութպան մը ստահակներուն ընդդիմանալուն համար Պուղտայ Բազարի մէջ, Ֆեթհիփաշա ոստիկանատան մօտ գտնուող սրճարաններուն առջև լարուած ծուղակով մեռցուեցաւ, անոր մահը Հրեաներու գաղթը արագացնող դէպքերէն մին եղաւ։

Այսօրուան անունով Հասըրլը մահալլեսի կոչուող վայրը 2015-16-ական տարիներուն պատահած դէպքերէն վնաս կրած ըլլալուն համար այլևս գոյութիւն չունի, միմիայն քանի մը շէնք մնացած է անկէ։ Տիգրանակերտի Հրեաներու անցեալին մասին բաւարար տեղեկութիւն չըլլալով հանդերձ Խենդ Ֆերհօի Հրեայ Եունուսի պատմութիւնները Տիգրանակերտցիներու յիշողութեան մէջ կը շարունակէ մնալ։ Ժամանակին, սինակոկին գտնուած տեղը այսօրուան Քիւչիւք Պահչեճիկ փողոցի հիւսիսային կողմին կը զուգադիպի։

Խանչէբէքի թաղային խմբակները
Նեղ փողոցներէ բաղկացած Խանչէբէքի ամենէն լայն տարածութիւնը Եէնիգափուի պատնէշներուն հարաւային կողմը գտնուող հրապարակն էր։ Ժողովուրդին կողմէ Ոչ Իսլամներու տրուած և այլասերական մտայնութիւն պահպանող «Կեավուր» ասացուածքով անուանուած «Կեավուր մէյտանը» 1950ական տարիներուն թաղի տղոց համար գնդակ խաղալու ամենայարմար վայրերէն մին էր։

Ըստ գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի Ենի Գափը և Մարտին Գափուի միջև գտնուող այս հրապարակը իրարու կից մեծ կամ փոքր հողամասերէ բաղկացած էր։ Պալըքչըլարպաշը պողոտայի արևմտեան կողմի թաղերէն կամ Խանչէբէքցի տղոց լեզուով «անդի թաղերէ» տղաք ալ հոն կու գային գնդակ խաղալու համար։ Երիտասարդ ֆութպոլիստներու համար ամենակարևոր և ամենավիճելի նիւթն էր ընտրել թէ՝ ո՞ր հողամասը որո՞ւ խաղավայրը պիտի ըլլայ։
Մարկոսեան «Համրիչի Հատիկներ» գիրքին մէջ կը յիշէ տղոց ոտնախաղի միջոցին իրարու տուած կեղծ անունները։ Խանչէբէք թաղը բնակող Հայ Խաչօները, անդի թաղէն եկած Իսլամ Տաճիկները և Հրեայ տղաքը միասնաբար կ’զբօսնէին։

1960ական թուականներէ սկսեալ թաղի Հայերն ու Ասորիները Տիգրանակերտէն սկսան հեռանալ ու շրջակայ քաղաքներէն գաղթող ընտանիքներ հետզհետէ տեղաւորուեցան անոնց տեղ։ 1970ին այն հրապարակը ուր անցեալին տղաք ոտնագնդակ կը խաղային այլեւս գոյութիւն չունի, վրան շէնքեր շինուած է։

Թաղը՝ ուր հրապարակը կը գտնուէր 2015ին Սուրիչիի մէջ սկսած բախումներէն վերջ արգելափակուելով թաղի բնակիչները տեղահանուեցան։ Բախումներէ վնաս կրած վայրը՝ քաղաքի փոփոխման յատակագծին յենելով վերաշինութեան ենթարկուեցաւ։ Իսկ ժողովուրդի կողմէ «Կեավուր Մէյտանը» անուանուած հրապարակը 2023ին կանանչութեամբ պատուեցաւ ու Խանչէբէք Հրապարակ անունը առաւ։

 

 

  Այս բովանդակութեան արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հնարաւոր եղած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ։