Թուրքիա-Հայաստան սահմանը, որ փակուած է 1993 թուականին, ամբողջովին կ՚անտեսէ երկու կողմի ժողովուրդներուն շահերը եւ բարեկեցութիւնը, ժխտական կ՚ազդէ սահմանամերձ քաղաքներու եւ շրջանի զարգացման, տնտեսութեան եւ կենսոլորտին վրայ։ Սահմանամերձ շրջաններու ժողովուրդը ներկայիս ունին սահմանափակ շարժունակութիւն, կը փափաքին վայելել բաց սահմաններ, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ այլ նպատակներով։ Անոնք յաճախ արտայայտած են իրենց այս փափաքը, սակայն սահմանը կը մնայ փակ առ այսօր։
Այս իրավիճակէն մեկնելով, Հրանդ Տինք Հիմնարկը նկատած է կարիքը գիտական ուսումնասիրութեան մը, նպատակ ունենալով չափագրել փակ սահմանին հասարակական-տնտեսական ազդեցութիւնը, տեղացի ժողովուրդին վրայ եւ երեւան հանելու կորսուած առիթներուն չափը, մատնանշելու կարելիութիւնները եւ հաւանականութիւնները։ Որպէս արդիւնք, «Ուսումնասիրութիւն Թուրքիա-Հայաստան սահմանին հասարակական-տնտեսական դերին շուրջ» տեղեկագիրին պատրաստութիւնը յանձնարարուած է անկախ ուսումնասիրողներու։ Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է 2012-2013 թուականներուն, գիտական ղեկավար ունենալով Փրոֆ. Դկտ. Ասաֆ Սավաշ Աքաթը, օժանդակութեամբ TÜSİAD-ի (Թուրքիոյ արդիւնաբերական եւ ձեռնարկատիրական միութիւն) եւ Սապանճը Համալսարանի «Իսթանպուլ քաղաքականութիւններու կեդրոն»-ի։ Ուսումնասիրութիւնը բաղկացած է տնտեսաչափական ուսումնասիրութիւնէ, որ տարածաշրջանը կը համեմատէ այլ սահմանամերձ շրջաններու հետ, ինչպէս նաեւ որակական դաշտային ուսումնասիրութիւն մը։ BETAM (Պահչէշէհիր Համալսարանի Տնտեսագիտական եւ հասարակական ուսումնասիրութեան կեդրոն)-ը կատարած է տնտեսաչափական ուսումնասիրութիւնը, որ սերտողութեան առարկայ դարձուցած է բաց սահմանի պարագային իրականանալիք առեւտրական եւ տնտեսական կարողականութիւնը։
Կը յուսանք, այս տեղեկագիրը, որ կը համախմբէ երկու ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, պիտի ձայնը ըլլայ տեղացի ժողովուրդին, եւ պիտի նպաստէ երկու դրացի երկիրներու միասնական ապագայ կերտելու նախաձեռնութիւններուն։