Հրանդ Տինք Հիմնարկը ծրագրած է Թուրքիա-Հայաստան ճամբորդական դրամաշնորհը, ի միտի ունենալով աւելցնել երկու դրացի երկիրներուն ժողովուրդներուն միջեւ ուղղակի կապերը եւ զարգացնել համագործակցութիւնը։
Թուրքիա-Հայաստան ճամբորդական դրամաշնորհը ձեւաւորուած է որպէս միջոց, շահ չհետապնդող հասարակական նախաձեռնութիւնները եւ անհատները առաջնորդել ճամբորդելու դրացի երկիր յստակ նպատակի մը համար, ներառեալ՝ երիտասարդները, համալսարանականները, համալսարանական ակումբները, հասարակական կազմակերպութիւնները, մասնագիտական կազմակերպութիւնները, երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ եւ ուսուցիչները, ակադեմականներ եւ ուսումնասիրողները, լրագրողները, մարզական ակումբները, ձեռնարկութիւնները եւ տեղական կառավարական մարմինները։ Ճամբորդական դրամաշնորհին միջոցաւ, Հիմնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ընդհանուր նախաձեռնութիւնները զանազան բնագաւառներու մէջ՝ երիտասարդական եւ կամաւորական աշխատանքներ, մարդկային իրաւունքներ եւ ժողովրդավարութիւն, կրթութիւն, կենսոլորտ, պատմութիւն, մշակոյթ եւ արուեստ, գիտութիւն, մարզանք, տարածաշրջանային համագործակցութիւն եւ Եւրոպական սերտացում։
Ճամբորդական դրամաշնորհը պիտի օժանդակէ զանազան նախաձեռնութիւններ՝ գործակցութեան յառաջացում եւ ծանօթացումներ, հնարաւորութիւնները քննարկելու այցելութիւններ, անդրսահմանային համագործակցութեան ծրագիրներ, նախագիծերու պատրաստութեան հանդիպումներ, կրթութիւն եւ լեզու սորվելու այցելութիւններ, ակադեմական համագործակցութիւն, ուսումնասիրութիւններ եւ աւարտաճառերու պատրաստութիւն, կամաւորութիւն հասարակական կազմակերպութիւններէ ներս, մշակութային եւ արուեստի միասնական արտադրութիւններ, հանդիպումներու, զեկոյցներու, գիտաժողովներու, աշխատանոցներու, ցուցադրութիւններու, համերգներու եւ նման իրադարձութիւններու կազմակերպութիւն կամ մասնակցութիւն։