Հրանդ Տինք Հիմնարկը, համագործակցութեամբ Պէրկհոֆ Հիմնադրամին եւ Քրէսթ Հիմնադրամին հետ ձեռնարկած է ստեղծել Հայաստան-Թուրքիա մասնագէտներու երկխօսութեան խմբակը։ Նպատակն է հիմնուիլ հաստատուած քաղաքացիական հասարակական կարեւոր պահին վրայ։ Տեսլականն է երկու դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար պատրաստել ցանկ մը վստահութիւն կառուցող գործօններ։
Խումբ մը մասնագէտներ Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն, որոնք կը սեռին քաղաքական, ակադեմական եւ քաղաքացիական հասարակութեան բնագաւառներէ, ժողովներ գումարած են Երեւանի, Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ։
Հանդիպումներու ընթացքին, Երկխօսութեան խմբակը որպէս իր բուն նպատակը ճշդած է Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Խմբակը քննարկած եւ հաստատած է, որ պէտք է տարբերութիւն դրուի բնականոնացման եւ մերձեցման միջեւ։ Ըստ խմբակին մեկնաբանութեան՝ բնականոնացումը գործընթաց մըն է հիմնուած շարք մը վստահութիւն կառուցող գործօններու, երկու դրացի երկիրներուն միջեւ, մինչ մերձեցումը աւելի ընդլայնուած յղացք մըն է, որ ի վերջոյ կը յանգի անցեալի նոյնանման ըմբռնումին։ Խմբակը կը հաւատայ, որ երկու ձեւաչափերու մեթոտները եւ մասնակիցները պէտք է իրարմէ տարբեր ըլլան։ Որպէս այս քննարկումներուն արդիւնք, Խմբակը որոշած է իր աշխատանքները կեդրոնացնել բնականոնացման գործընթացին վրայ, գիտակցելով, որ անկարելի է հասնիլ մերձեցման, առանց նախեւառաջ բնականոնացման։
Երկխօսութեան խմբակը իր աշխատանքը մեկնարկած է հրաւիրելով որոշ նիւթերու մասնագէտներ, ուսումնասիրելու համար Հայաստան-Թուրքիա բնականոնացման նախորդ գործընթացներու դասերը, որպէս տարածաշրջանային եւ համաշխարհային համեմատելի վստահութիւն կառուցող փորձառութիւն։ Խմբակը շարունակած է իր աշխատանքը քարտէսագրելով առկայ զանազան խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ առկայ առիթները։ Ուսումնասիրական հանդիպումներու միջոցաւ, Խմբակը կը յայտնաբերէ նշեալ առիթներուն ընծայած պատեհութիւնները, վստահութիւն կառուցելու աշխատանքներու համար։
Խմբակը կը ծրագրէ շարունակել հանդիպումները եւ բաժնեկցիլ որոշ առաջադրանքներ, բնականոնացման համար կառուցողական արահետներ ներկայացնելու նպատակով։