Լուսանկարը՝ Պերճ Արաբիանի
Հրանտ Դինքը սպանվեց 13 տարի առաջ Սեբատ շենքի առջևում, ուր տեղակայված էր «Ակօս» թերթը: Կիրակի՝ հունվարի 19-ին, հազարավոր մարդիկ հավաքվել էին՝ նրա հիշատակը ոգեկոչելու: Հավաքվածները սպանության գործով դատավարությունից արդարության պահանջ ներկայացրին:
Այս տարի ոգեկոչման ելույթներով հանդես եկան իրավապաշտպան-ակտիվիստ պրոֆեսոր Շեբնեմ Քորուր Ֆինանջըն՝ «Հրանտի ընկերներ» նախաձեռնության անունից, և Կոլեկտիվ հիշողության հարթակից Սերթաչ Էքինջին, ում հայրը՝ Յուսուֆ Էքինջին, սպանվել է 1994թ.:
պրոֆեսոր Շեբնեմ Քորուր Ֆինանջըի ելույթը՝
«Սիրելի բարեկամներ,
Հրանդ աղբարիկին այդ հրաշալի ընտանիքը, «Մանուկ մը ոճրագործի վերածող խաւար»ին հետ հաշիւ տեսնող սիրելի Ռաքէլ Տինք, սիրելի Հրանդին արդարութեան պայքարը շարունակող սիրելի զաւակները, ընկերները։
Պրեխտի խօսքերով չարիքի դէմ ատելութիւնով կը տգեղանայ մարդու դէմքը։ Անարդարութեան դէմ բողոքը ձայնը կը կոշտացնէ։ Սա անցնող 13 տարիներու ընթացքին ոճիրին յայտնի հեղինակները քօղարկող պետութեան դէմ բողոքելը կը կոշտացնէ՞ մեր ձայները։ Արդարութեան պայքարը ինքնին, ճնշուածներուն զօրակցութեամբ միթէ նրբութիւն չէ՞։
Բազմահազարներով ժողովուրդի հեղեղանման երթը, հոն հնչող «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենքէ կարգախօսը կարելի՞ է կոպտութիւն համարել։ Հրանդի ընկերները 13 տարիներէ ի վեր իրողութիւնը մերժող, ուրացողներու դէմ պայքարը կը խորհրդանշէ։ Իրողութեան, արդարութեան պահանջը չէ դադրած եւ չի դադրիր ալ։ Շաբաթօրեայ մայրերը հրապարակներէն թէկուզ հեռացնեն, իրողութիւնը հրապարակողները թէկուզ բանտարկեն, հակամարդկային յանցագործութիւններով թէկուզ ճնշեն, ինչպէս Հրանդ չէր հրաժարած իրողութիւնը հրապարակելէ, մենք ալ պիտի չհրաժարինք։ Մերը չարիքի դէմ ատելութիւն չէ լոկ, այլ անվերջանալի պայքար մը։ Մարդիկ թող չհամակերպին չարիքի սովորութեան վերածուելուն։ Թող պայքարին իրաւունքներուն համար, առանց համակերպելու իշխանութեան։
Ուղիղ 13 տարի առաջ 18 Յունուարի երեկոյեան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ մէկտեղուած էինք Մարդու Իրաւունքներու Հիմնարկի նախագահ իմ սիրելի եղբօր Եաւուզ Էօնէնի հետ։ Երազներ ունէինք։ Մէկ կողմէ ինստիտուտ մը հիմնելով իրաւունքներու ոտնակոխման ազդեցիկ միջոցներով հարցաքննուիլը, փաստուիլը ապահովելու համար դասընթացքներ կը ծրագրէինք, անոնք ալ թրաումա եւ մարդու իրաւունքներու ինստիտուտի մասին մեր երազանքը բաժնած էին։
Ապա 19 Յունուար ժամը 3,05-ին ժամանակը կանգ առաւ բոլորիս համար։ Շուարած էինք, միատեղ հիւսուած երազներով դեռ կը բաբախէր մեր սիրտերը... Երբեք չհրաժարեցանք այդ երազներէն, քայլ առա քայլ յառաջացանք այդ ուղղութեամբ։
Որովհետեւ այս հողերու վէրքը երբեք չսպիացաւ։ Ոչ թէ չսպիացաւ, այլ դատապարտուեցան այդ վէրքը ամէն օր կրկին արիւնող պետական իշխանութեան մը։ Տակաւին քանի մը օր առաջ քաղդէացի ամուսիններ անյայտ կորան։ Ասորեցուոց Մօր Եագուպ եկեղեցւոյ հովիւ Ախօ բերման ենթարկուեցաւ։
Կոտորելով, անապատներ ղրկելով չգոհացաւ, Թուրքիոյ հայերը ամէն օր աղաւնիի մը սարսափով ապրին ըսելով ամէն ջանք գործադրեց Թուրքիոյ պետութիւնը։ Ապրած թաղերու անունները «Պոզքուրդ», փողոցը «Էրկենեքոն», դպրոցնին «Թալաթ Փաշա» կոչեցին։ Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան, իսկ ոճիրը պատուելը Թուրքիոյ Հանրապետութեան վիճակեցաւ։ Միատեղ ապրիլը, բազմալեզու, բազմամշակոյթ դառնալը չենք յաջողած, աւելին չենք ամչցած մեր իսկ ստեղծած խաւարէն։ Երբ հերթը հասաւ քիւրտերուն, հրետանիով ծակծկած պատերուն վրայ ատելութիւն գրեց պետութեան պաշտօնեան։
Քանի չենք յաջողիր առերեսուելու, չենք դարմաներ վէրքերը, ամէն նոր օր պիտի բացուի նոր վէրքերով, նոր այլամերժութիւններով։ Խոստացած ենք Հրանդին, պիտի գիտակցինք վէրքերուն ու պիտի դարմանենք։ Երբ հասնի առերեսման պահը, երբ փոքրիկ Eichmann-ներ երբ պնդեն թէ միայն ու միայն հրահանգները գործադրած են, ուշ չէ ամաչելու համար։ Պարտաւոր ենք չարիքը ճանչնալու եւ հեղինակները մի առ մի հրապարակելու։ Հրանդի համար, արդարութեան համար։
Սիրելի Եըլտըրըմ Թիւրքեր իր պարտէզի անկիւններէն քաղած առաջին գրութեան մէջ «Կեանքը պաշտպանելու համար ընդմիշտ չարիքի հետ խնդիր ունենալը, ժամանակի ընթացքին կրնայ կուրացնել մարդու հոգին։ Ինչպէս որ երկար ժամանակ խաւարի մէջ մնացած մէկը կրնայ կուրանալ յանկարծ լոյսի ելլելով» կ՚ըսէ՝ բայց այս խաւարի մէջ բարիքը զանազանելու համար պայման է Սարամակոյի Կոյրերու երկրին մէջ տեսնող աչք ըլլալ։ Տեսնել ու ցոյց տալ իրողութիւնը..
Հոս ենք, չենք դադրած աղբարիկ»։
Սերթաչ Էքինջիի ելույթը՝
Հրանդ Տինքի լրբօրէն մեր մէջէն առնուելուն այն անիծեալ օրուան 13-րդ տարելիցին, կրկին նոյն տեղն ենք։ Միասին ենք այն մայթին վրայ, որ ամէն տեսնելուն, մեր կոկորդը կը կապուի։ Հրանդ Տինք խորհրդանիշն էր եղբայրութեան, որուն ամենէն շատ կարիքը ունի այս երկիրը։ Կարծեմ մեզմէ առնուելուն գլխաւոր պատճառը է։ Որովհետեւ այս երկրին խաւար սիրտերը աւելի շատ պէտք ունին պառակտումի, քան իրենց բերանէն վար չառնուած միասնութեան։ Գիտեն, որ հազիւ այսպէս կրնան իրենց հանգիստը վայելել։ Թուրքիոյ ժողովուրդներու, ճնշուածներու, իրար միանալը իրենց մեծագոյն վախն է։
Մինչ Հրանդ Տինք մեզ կը սորվեցնէր սիրել եւ կրկին կը մեկնաբանէր Անատոլիան։ Պատմելով՝ թէ ինչպէս Սեբաստիոյ հեռաւոր գիւղի մը մէջ նստած թիւրք գիւղացին տէր եղած է հայ կնոջ դիակին, ով տարիներ ետք վերադարձած է իր գիւղը եւ այնտեղ մահացած է եւ թաղուած. բացատրելով՝ որ հայկական հարցը ուրիշներուն չէ, այլ այս երկրին հարցն է, եւ որ միայն մենք կրնանք ըլլալ մեր բժիշկը...
Այս պատճառով է, որ վտանգաւոր էր եւ հարկաւոր էր վերացնել զինք։ Իրմէ առաջ եկած եւ մեռցուած հարիւրաւոր այլ մտաւորականներու նման։ Մուսա Անթեր, Ուղուր Մումճու, Իլհան Էրտոսթ, Թահիր Էլչի եւ միւսները՝ մեռցուած են ոչ թէ, որովհետեւ պառակտում կը պատճառէին, ճիշդ հակառակը, որովհետեւ այս երկրի ճնշուածները իրար կը միացնէին։ Անոնց աններելի յանցանքը այս է։ Անոնց դահիճները եւ քաջալերողները ճիշդ այս պատճառով երբեք չեն ենթարկուած արդար դատավարութեան։ Երկրին երեսը ճերմկցնող մտաւորականները հապճեպ դատավարութիւններով եւ կեղծուած փաստերով դատապարտողները, տարիներով կ՚երկարեն մտաւորականներու դահիճներուն դատերը, փաստերը կը թագցնեն եւ ամէն տեսակ օրէնքի զեղծարարութիւն կ՚ընեն։
Այս շարքին վերջին հանգրուանը, հայրս, փաստաբան Եուսուֆ Էքինճիի եւ այլ շարք մը Քիւրտ մտաւորականներու դատավարութիւնը, որոնք սպաննուած են 90-ականներուն, անցեալ ամիս հասած է իր աւարտին։ Թէեւ փաստուած է, որ բոլոր ոճիրները գործուած են միայն պետութեան մօտ գտնուած զէնքերով, թէեւ այս ոճիրները գործողներէն մէկը խոստովանած է, դատավարութեան բոլոր կասկածեալները անմեղ նկատուելով ազատ արձակուեցան։
Մեզի համար զարմանալի պէտք չէ ըլլայ այս։
Տարիներ շարունակ, այս եւ նման ոճիրներու զոհերու մտերիմները ապարդիւն շարունակած են իրենց արդարութեան պահանջը։ Եթէ ապրէին իսկապէս ժողովրդավար եւ իրաւական երկրի մը մէջ, թերեւս իրենց պահանջները պատասխան կը գտնէին։ Սակայն պէտք է գիտնան, որ իրենց փնտռած արդարութիւնը երբեք պիտի չկարենան գտնել։ Պիտի չգտնեն, որքան ալ փնտռեն։
Յարգելի ընկերներ, մենք եւս պէտք է գիտնանք։ Եթէ մեր փնտռածը արդարութիւն է, պիտի չգտնենք զայն։ Արդարութիւնը պիտի չհաստատուի, եթէ Թուրքիոյ բոլոր ճնշուածները իրար քով գալով չպայքարին երկրի մը համար, ուր օրէնքն է գերիշխանը։ Կը զգամ, այս է Հրանդ Տինքի եւ անոր նման հարիւրաւորներուն մեզ ձգած պատգամը։
Անոր թանկագին յիշատակին առջեւ կը խոնարհիմ եւ կը յարգեմ ձեր բոլորը։