Պիրկիւն, 15 Հոկտեմբեր 2005

[...] Փիլիսոփայութեան մէջ կարեւոր հաստատում մը կայ, ըստ որու, «կեանքը՝ կենդանի էակին ու իր ապրած միջավայրին միջեւ առկայ յարաբերութիւնն է»: Այս հաստատումը կ՚ընդգրկէ բոլոր կենդանութիւնը, Եւ օ ժղվւդ, Եւ ւ ւն 113 ներառնելով բուսական աշխարհը, անասունները եւ մարդկութիւնը: Կենդանին իր կենդանութեան միջավայրով գոյութիւն ունի, այդ միջավայրէն զրկուելով գոյութիւն ալ չ՚ունենար: ոյնիսկ ոսկի ափսէի մէջ փոխադրէք, դուք զայն ուրիշ տեղ մը տանելով, գոյութեան միջավայրէն պոկած, արմատախիլ ըրած կ՚ըլլաք: Այս է եղածը: քսորը ահա այսպէս բան մըն է... Ձեր քննածը, բացատրել ջանացածը այս է... որս հազար տարիէ ի վեր այս հողերուն վրայ բնակող, այս հողերուն վրայ մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն զարգացնող մարդիկը, այս կամ այն պատճառաւ պոկեցին իր հարազատ երկիրէն ու աշխարհի չորս կողմը սփռուեցան: Մեռնողներ, վերապրողներ եւ սփռուածներ…

Եթէ այսօր, հայ ժողովուրդի նոր սերունդին ինքնութեան նախադասութիւնները այս 90-ամեայ արմատախիլ ըլլալու երեւոյթով կը բացատրուի, դուք չէք կրնար անտեսել այդ իրողութիւնը: էք կրնար ըսել՝ «այսպէս անուանենք, ոչ այնպէս անուանենք»: Պատահածը ընկալուած է, իւրացուած ու ծնային գաղտնագիր մը ըլլալով դրոշմուած է: Իսկ անունը ի՞նչ է: Թող իրաւաբանութիւնը զբաղի յետ այսու: Անունը մեզի համար նշանակութիւն չունի, այս է մեր ապրածը:

***

[...] Ինծի համար շատ կարեւոր է այս համագումարը: Թուրքիա կ՚ապրիմ: Թուրքիացի հայ մըն եմ: Այսպէս երկու իմաստով կ՚ընկալեմ համագումարը: Առաջինը՝ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման իրական մէկ հանգրուանն է: Թուրքիան այս համագումարով կարեւոր արգելք յաղթահարեց: Երկրորդ իմաստը առընչուած է հայաշխարհի հոգեբանութեան հետ: Անոնց կարծիքները այս համագումարին մասին զիս կը հետաքրքրէ: Սփիւռք մը կայ, որ թուրքերուն կ՚ընկալէ 1915-ի տեղի ունեցած պայմաններով: Եւ այն կարծիքին է, որ «Թուրքիան չի փոխուիր, թուրքերը չեն փոխուիր, անոնք չեն ընդունիր, անոնք խօսքէ չեն հասկնար, անոնք խիղճ չունին» եւ նման նախադասութիւնները իւրացուցած Սփիւռքը այս համագումարին կայանալով պիտի պարտադրուի «Թուրքիոյ մէջ ինչե՞ր կը պատահին» հարցումին պատասխան գտնելու: Ինծի համար ահա այս երկու տեսանկիւններն ալ կարեւոր են: Կ՚ուզեմ, որ այս երկու տեսանկիւններէն ալ շահաւոր դուրս գալ:

Մինչեւ որ Թուրքիան չժողովրդավարանայ, հայերը պիտի չբուժուին: Շատ յստակ է այս հաստատումը: սոնք երկուորեակներու պէս են: Երբ անոնցմէ մէկը վիրահատութեան սեղանին վրայ գործողութեանեն թարկուած է, միւսը անդին կը տառապի անոր հաշւոյն: Ահա այսպէս կը զգան: Ես ալ այդ պատճառաւ է
կ՚ըսեմ, որ հայերը եւ թուրքերը իրարու հետ յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն հիւանդագին երեւոյթ են: Մին՝ իր փարանոյայով, իսկ միւսը՝ թրաւմայով: Ճիշդ հաստատում մըն է այս:

***

Լա՛ւ, բայց ի՞նչ ըլլալու է, ո՞րն է լուծման բանալին: յս դժուար հարցում մըն է: Երէկ տիկին մը իր ելոյթը սկսաւ հետեւեալ կերպով, որուն ես, ի նշան բողոքի, ծափահարեցի: «Մարդկանց սպանութենէն կը ճառէք, բայց չէք խօսիր սմանեան պետութեան կորսնցուցած հողերուն մասիր»: Մարդկային կորուստը եւ հողի կորուստը հաւասարեցնող տեսակէտ մը ներկայացուց: Այո՛, այստեղ ոչինչ կայ, ընելիք, սակայն բան մը պէտք է լաւ հասկնալ: Քիչ առաջ բացատրեցի, թէ «ցեղասպանութենէն», լաւ, այդ բառը գործածած չըլլամ, եղած դարձածի իմաստը ի՞նչ է, կամ ինչպէ՞ս կ՚ընկալենք: Արմատախիլ ըլլալ: Արմատ որ կ՚ըսեմ, այս հողերուն խորքերը կ՚իջնէ, ու մինչեւ երկինք կը բարձրանայ: Այստեղ չորս հազար տարիէ ի վեր ապրած հողերէն պոկուած մարդկանց Թուրքիոյ տեսանկիւնէն կը խօսինք: Հէքեաթով մը աւարտեմ: Հէքեաթ ալ չէ, այլ իրական դէպմք, ես անձամբ ապրեցայ ու ամէն տեղ կը պատմեմ…

***

Սեբաստիոյ գիւղաքաղաքներէն տարեց անձ մը հեռաձայնեց ու ըսաւ. «Տղա՛ս, հարցուցինք, քեզ գտանք: Այստեղ տարեց կին մը կայ, հաւանաբար ձեզմէ է: Կինը ստծոյ ողորմութեան արժանացաւ: Եթէ մերձաւոր մը ունի, ղրկէ որ առնեն, ապա թէ ոչ մեր օրէնքներով կը թաղենք»:

«Լա՛ւ, հօրեղբայր, կը փնտռեմ», ըսի: Անուն եւ մականունը ըսաւ: Տիկին Պէաթրիս անունով մէկն էր: 70 տարեկան: Ֆրանսայէն արձակուրդի գացեր է այնտեղ:

Փնտռեցի, ու տասը վայրկեանի մէջ գտայ մերձաւորները... Ի վերջոյ մենք զիրար գիտենք, քանի որ շատ քիչ մնացած ենք:

Իրենց խանութը գացի, տիկին Պէաթրիսը հարցուցի, «Այսպիսի մէկուն կը ճանչնա՞ք»։ Միջին տարիքով կին մը դարձաւ ու ըսաւ. «Ան մայրս է»: Հարցուցի, «՞ւր է մայրդ»: Պատմեց, որ Ֆրանսա կ՚ապրի, տարին 3-4 անգամ Թուրքիա կու գայ, սակայն, Պոլիս կամ կը հանդիպի, կամ ալ ուղղակի Սեբաստիա, իր ծննդավայր գիւղը կ՚երթայ: Պարզեցի եղելութիւնը։ Ան ալ ելաւ գնաց: Յաջորդ օրը զանգահարեց: Գտեր ու ստուգեր էր, որ իր մայրն է, սակայն յանկարծ սկսաւ հեկեկալ: Փորձեցի զինք մխիթարել, հարցուցի՝ թէ դիակը պիտի բերէ՞, թէ՝ ոչ: «ղբարիկ, ես պիտի բերեմ, բայց այստեղ հօրեղբայր մը կայ, բաներ մը կ՚ըսէ»,- ըսաւ եւ ընկալուչը փոխանցեց հօրեղբօրը: Բարկացած էի, «ինչո՞ւ կը լացնես աղջիկը», ըսի: «Տղա՛ս, բան մը չըսի… Աղջի՛կս, մայրդ է, կ՚առնես կը տանիս, բայց եթէ ինծի հարցնես, թող այստեղ թաղուի», ըսի, որ ջուրը իր ճեղքը գտաւ»:

Ահա այդ պահուն ես փլայ: Անատոլուցի մարդուն ստեղծած այդ ասացուածքը, այդ ընկալումը լսելով փլայ: Այո՛, ջուրը իր ճեղքը գտած էր:…

Ճիշդ է, տիկին, հայերը իրաւ ալ աչք ունին այս երկրին, այս հողերուն վրայ: Այդ ժամանակ գրածս հիմա ալ ձեզի կրկնեմ: Մեծայարգ նախագահ Տէմիրէլը կ՚ըսէր, թէ հայերուն դոյզն իսկ հող չենք տար: Ես ալ այս կնոջ պատմութիւնը գրի առած ու ըսած էի. «Այո՛, մենք՝ հայերս, աչք ունինք այս հողերուն վրայ, որովհետեւ մեր արմատները այստեղ են: Սակայն մի՛ մտահոգուիք, ոչ թէ այս հողերը առնել-տանելու համար, այլ այս հողերուն խորքը թաղուելու համար...»:


[*] 24-25 Սեպտեմբեր 2005-ին Պիլկի Համալսարանի մէջ կայացած «Օսմանեան հայերը կայսրութեան փլուզման շրջանին՝ գիտական պատասխանատուութեան եւ ժողովրդավարութեան խնդիրներ» խորագրեալ համագումարին, Հրանդ Տինքի ներկայացուցած ոչ-ակադեմական զեկոյցին կրճատուած պատճէնը: