Ակօս, Հոկտեմբերի18, 1996
Տարեցները կը պատմէին, մեծհայրս լաւ կ’ընթերց է եղեր: Կը յափշտակէ եղեր գիրքերը: Ամառուան արեւէն հեռու շուքի մը տակ, մանաւանդ ալ բակի որթատունկին ներքեւ կը քաշէ եղեր խսիր աթոռակը ու կ’սկսի եղեր էջերը թղթատել: Օդին խոնաւէն իրար փակած էջերը լեզուին թուքով թրջած մատներով կը դարձնէ, մէկ կողմէ ալ շուրջի թոռներուն աղմուկէն կ’անհանգստանայ եղեր: Այդ անհանգստութեան բարկութիւնն ալ բզզացող ճանճերէն կը հանէ եղեր:
Մանուկներու լաց ու կոցէն խանգարուելով մեծ մօրս կը պոռայ եղեր «ներս ար սա գետինը սողացողները»: Այն ատեն կը գուշակեն եղեր որ կարդացած մէկ բանէն չղայնացած է:
Իր փաթթած ծխախոտը կարծես սոսինցով փակած ըլլայ շրթներուն: Քանի անգամներ այդ իսկ պատճառաւ այրեր է շուրթը:
Հայերէն կը կարդայ եղեր մեծհայրս, Հայերէն եւ Անգլերէն:
Հայրն ալ այդպէս եղեր մեծհօրս:
Ու կ’ըսեն թէ իմ մեծհայրերս, իրենց գլխուն վրայ երբ ճանճեր կը բզզային ու փակի պատին շուքին ներքեւ խսիրեայ աթոռակներու վրայ նստած կ’ընթերցէին, 4000 է աւելի դպրոցներ ունեցեր ենք Անատօլուի տարածքին:
Անցեալ շաբաթուայ ԱԿՕՍին մէջ լոյս տեսած Ակնի օրի մասին գրութիւնը ողջ վկան էր Անատօլուի մօտ անցեալի պատմութեան: Անատօլուի հայոց թողած մշակոյթի հետքերը անոնք ջնջելու անիմաստ ու տարածուն ջանքերով հանդերձ, հոգ չէ թէ տողերու առանքով, այլ կը ցոլանայ կը փայլատակէ: Իրենց հարազատ բնակավայրերէն աքսորուած մէր նախնիները ինչե՞ր թողեցին, ինչե՞ր տարին: Այդ հաշուեհարթարը ցարդ չէ եղած թերեւս ալ պիտի չըլլայ:
Հիները կը պատմէին կրկին.
Երբ «Հաւաքուէք՝ պիտի երթաք այս տեղերէն» ըսուեցաւ, հաւաքեցին իրենց տանելիքները: Թերեւս կարասնելով ոսկիներ թաղեցին բայց շալկեցին իրենց գիրքերը:
Ու տարին մինչեւ ուր որ կարենան:
«Որդիս» կ’ըսէին աւագները, «Մեր նախնիները թողեցին ոսկին, բայց գիրքերնին տարին»:
Վերջին քանի մը տարիէ ի վեր Մխիդարեանցի երիտասարդ ընկերները բարի աւանդութիւն մը գոյացուցին: Գրքի տօնավաճար կը կազմակերպեն իրենց միութեան երդիքին ներքեւ: Քան՞ի գրողներ ունինք որ: Մէկ ձեռքի մատներուն չափ հազիւ:
Բայց ահա այդ քանի մը հոգին, առանց նկատի առնելու իրենց տարիքը. կը շալկեն իրենց գիրքերը, միութիւն կը վազեն: Կը դիզեն սեղաններու վրայ: Անոնց հոգը ոչ այդ գիրքերու վաճառքն է, ոչ ալ գոյանալիք մի քանի ղրուշը: Այլ շալկել այդ գիրքերը, դիզել սեղաններու վրայ: Յետոյ դիտել եկող ընթերցասէրերը: Քանի մը գիրք մակագրել:
Ապա կրկին հաւաքել,յետոյ կրկին շալկել:
Ողջոյն կարասով ոսկին թողելով գիրքերը շալկած նախնիներուս:
Ողջոյն այդ բեռը այսօրուան հասցնողներուն:
Եւ ողջայն իրենց յաջորդողներուն: