Ակօս, յունիսի 4, 2004
Արեւմտեան աշխարհը դեռ նոր կը ծանօթանայ «բազմամշակոյթ» հասկացողութատն հետ: Ամերիկան՝ որ բազմաթիւ տարբեր մշակոյթեր կը պարունակէ, հազիւ 200 տարուայ անցեալ ունի:
Իսկ Եւրոպան կարծես տարրալուծարանի մէջ փորձելով կ՛արտադրէ «այլի հատ միասին ապրիլ»:
Զուրկ ըլլալով բազմամշակութային աւանդութենէ, մեզի համար շատ հասարակ ու պարզ նիւթերու, օրինակի համար լաչակի խնդրին դէմ կը շուարի:
Ֆրանսան յատկանշական օրինակ մըն է: Դեռ կը տառապի դպրոցներէ ներս կրօնական խորհրդանիշներու գործածութիւնը արգիլող օրէնքի պատճառած ցնցումներով:
Բայց չենք կրնար մեղադրել զիրենք քանի որ փորձարութիւն չունենալով հանդերձ օր ըստ օրէ կը յառաջանան միամշակութենէ դէպի բազմամշակոյթ:
Իսկ մենք փորձարութիւն ունինք թէեւ բայց ցանկութիւն չունինք:
Բաւական մտահոգ են բազմամշակոյթ հասկացողութենէն խրտչողները: Մտահոգ են կարծելով թէ տարբերութիւնները ընդգծելով կը խորտակուի միասնականութիւնը:
Իրականութեան մէջ միասնականութիւնով քօղարկուածը մենատիրութիւնն է:
Ուր է «ինչ խճանկար--- ծօ, մարմարիոն» ըսած էր, մենատիրութիւնը շեշտելու համար:
Այսպէս ըլլալով հանդերձ կը սիրենք պահել «մենք արդէն բազմամշակութային ենք, ի՞նչ պէտք ունինք նորի մը եւս» ըսող կեցուածքը:
Կը պատմեն թէ ատենօք այնքան ուժեղ է եղեր որ միասին ապրելու տրամադրութիւնը, իրարու հետ կը ծիծաղինք եղեր մեր տարբերութիւնները շեշտող անեքդոտներ պատմելով:
«Երեք ընկերներ՝ քիւրտ մը, թուրք մը ու հայ մը ճամբայ ելէր ...» ըսելով կը սկսինք եղեր զիրար ծիծաղելու: Երանելի օրեր: Տարբերութիւններէ զուարճախօսութիւն հիւսել՝ թերեւս քաղաքակրթութեան իրաւ չափանիշն է սա:
Բայց ապա... Օր է եկեր, վախցեր ենք իրարմէ: Անեքդոտներէ իսկ խուսափեր ենք: Միատնութեան համար կորսնցուցեր ենք բազմաթիւ հարստութիւններ, որոնց կարգին մեր ուրախութիւնը:
Կարելի է՞ վերագտնել այդ օրերը:
Ո՞ւրկէ սկսիլ վերագտնելու համար:
Միթէ՞ թողենք «քաղաքականութեան» սոսկալի դաշտը ու մեր տարբերութիւնները անչնչելիօրէն քանդակելու համար սկսինք կրթութենէ՞:
Թերեւս այբենարանով պէտք է սկսինք:
«Ալի գնդակը Վէլիին նետէ»ին քով կցենք «Ալի գնդակը Յակոբին նետէ» մը:
«Պէյօղլու» թերթի կազմակերպած ու փոքրամասնութիւնները մէկտեղող ժողովին հայցեցի այս հարցումները:
«Ափօյէվմաթինի» թերթի գլխաւոր խմբագիր իմ բարեկամ Միխաիլ Վասիլեատիս ծիծաղեց «Ալի գնդակը Յակոբին նետէ» առաջարկիս: «Փորձանկաբեր խօսքեր կ՛ընես» ըսաւ:
«Հապա Ալին սխալի ու զէնքի գնդակը կարծէ՞»: Բաւական խնդացինք այս զուարճախօսութիւնով:
Ես ներքուստ «ահա այս» կ՛ըսէի, «ահա այս»:
Որքան որ այլի մը մէկ ուրիշին նկատմամբ սնուցած թրաումաթիկ եւ փարանոյակ հոգեվիճակի ապացոյցը ըլլայ, ահա մենք այս միասնականութիւնը պէտք է վերագտնենք:
Տարբերութիւնները ծիծաղի վերածել...