Ակօս, նոյեմբերի 21, 1997
Սուրբ Գիրքի համաձայն՝ մարդ արարածը արգիլուած պտուղը ուտելով վտարուեցաւ դրախտէն: Եւան արգիլուած խնձորենիի պտուղը մատուցելով Ադամին, ուշքի եկան, սկսան լաւն ու վատը զանազանել, անդրադարձան մերկութեան ու ամօթը զգացին: Վախազդու էր Աստուծոյ բարկութիւնը և պատիժը: Կինը դատապարտուած է ցաւ ու տառապանքով ծննդաբերելու, իսկ մարդը՝ ցկեանս աշխատելու: Հետզհետէ աճեցաւ ու բազմացաւ մարդ արարածը, ու զարգացաւ անոր ֆիզիքական ու ընկերային յեղաշրջումը:
Մեր երկիրը անաղարտ հասարակութեան պահանջի մը ընթացքէն կ'անցնի: Անձեռնմխելիութեան պատեանը, նոյնինքն պետութեան անաղարտութեան առջեւ արգելք մըն է: Միասնաբար կը հետեւինք զարգացումներուն: Հարցը դադրած է անհատներու անձեռնմխելիութեան խնդիր ըլլալէ ու վերածուած՝ պետութեան անձեռնմխելիութեան մասին բանավէճի: Ո՛չ դատական համակարգը կրնայ դպչիլ այս անձեռնմխելիներուն, ո՛չ ալ պետական որևէ մարմին: Բայց յայտնի դարձաւ, թէ՝ հասարակութեան անձեռնմխելիներուն դպչելու կամքը անզիջելի է: Այս շաբաթ Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ պատգամաւորները աննախադէպ փորձի մը պիտի ենթարկուին: Շատ կարեւոր զոհողութեան մը պիտի դիմեն, «մեզի ալ դպչեցէ՛ք» ըսելով: Միթէ կ'իրականանա՞յ անձեռնմխելիութիւններու վերացումը: Ձայներու հաւասարակշռութեան յարատեւ փոփոխութիւններ ապրած խորհրդարանի մէջ նման օրինագծի անյապաղ վաւերացումը ակնկալել, չափազանց լաւատեսութիւն կը նշանակէ: Բայց իրողութիւն է, որ, եթէ ոչ այսօր, վաղը կամ մօտ ապագային պիտի վերանան անձեռնմխելիութիւնները: Պէտք է վերանան:
Քանի նիւթը ընթացաւ անձեռնմխելիութիւններու մասին, պէտք է քանի մը տողով ալ անդրադառնալ մեր համայնքային կեանքէն ներս առկայ անձեռնմխելիութեան: Համայնքային կեանքէ ներս ալ, անձի մը կամ հաստատութեան մը ուղղեալ ամենափոքր քննադատութիւնը պատճառ կ'ըլլայ թապուներու գործելուն: Կարծեմ թէ համայնքային կեանքէ ներս ալ անձեռնմխելիութեան տեղի չտալու պահը հասած է: Մենք մեր հաշուոյն, մեր կարողութիւններու սահմանով կը փորձենք թապուներուն դպչելու: Կը գիտակցինք, թէ որքան դժուար գործ մըն է այս: Գիտենք, թէ քննադատութեան սովորութիւն չունեցող հասարակութենէ մը ներս այդ հասկացողութիւնը մտցնելը որքան բարդ խնդիր է: Բայց մինչեւ վերջ պիտի շարունակենք այս պայքարը:
Թէ ինչո՞ւ պէտք չէ վախնալ դպչելէ: Էթօլոկ1 Տէսմոնտ Մորրիս իր «Սիրելը դպչիլ է» անուն գիրքին մէջ կը քննարկէ թէ օրըստօրէ բազմացող երկրագունդի վրայ կը կորսնցնենք իրարու դպչելու հնարաւորութիւնը: Կը նշէ այս երեւոյթի անպատեհութիւնները: Երբեմն բարեկամաբար կռնակին իջնող ապտակը որքան մարդկային շարժում մըն է, որ բարձր կը գնահատուի. երկար տողերով կը մեկնաբանէ Մորրիս: Կը բացատրէ թէ այս շարժումը իրականութեան մէջ սիրոյ արտայայտութիւն է: «Դպչիլը մեր հիմնկան զգայարանն է, զգայարաններու գլխաւորն է: Ափսոս որ հետզհետէ աւելի քիչ դպչելով կը հեռանանք իրարմէ»: Կը ձայնակցինք Մորրիսի դպչիլը և դպչուիլը սիրոյ հետ նոյնացնող հաստատումին: Ու եթէ կը սիրէք, իսկապէս կը սիրէք, դպչեցէք: Դպչեցէ՛ք ու դպչուիլէ ալ մի՛ խուսափիք: Դպչեցէ՛ք, մի՛ վախենաք: Կը ժողովրդավարանաք: