Ակօս, նոյեմբերի 5, 2005
Պատմութեան մրոտուած էջերը կը վերաբերին ապրուածներուն, իսկ սպիտակ էջերը՝ ապագայի ապրումներուն:
Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու իմաստով ահա անգամ մը եւս մեր առջեւ պարզուած է դարերու խորքէն եկող ու դէպի դարեր երկարող հասարակական ճակատագիրը:
Անցեալին մեր նախնիները լաւ թէ վատ մրոտեցին իրենց վիճակած էջերը:
Հիմնական հարցը այն է, թէ մենք ինչպէ՞ս պիտի լեցնենք մեր էջերը:
Անցեալի մեծ աղէտի պատասխանատուներո՞ւն նման պիտի վարուինք, թէ ոչ՝ այդ սխալներէն փորձուելով այս անգամ քաղաքակիրթ մարդու վայել պիտի գրենք մեր էջերը:
Մեր առջեւ յայտնուած ամենամեծ պատասխանատուութիւնն է այս:
Այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ խուսափողները, կամ ալ՝ դեռ տակաւին վատ ու ցաւալի ապրումներով լեցնել ուզողները, իրականութեան մէջ համազօր են անցեալի այդ վիշտերու պատասխանատուներուն:
Իսկ մենք՝ պատասխանատուութիւն ստանձնողներս, չարտօնելու ենք անոնց: Իրենց մենաշնորհին չթողելու ենք այս էջերուն ալ նոյն ձեւով գրուիլը: