Ակօս, Մայիսի 31 2005
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առջեւ ծառացած գլխաւոր խոչընդոտի դաշտը պատմութեան վերաբերեալ տարակարծութիւններն են: Յայտնի է որ երկու երկիրները շուտով լուծում մը չեն կրնար գտնել պատմութեան այդ տարակարծութիւններուն:
Երբ ընկալումները եւ պատգամները երկկողմանի փականքի տակ են, բնական է այս երեւոյթը:
Մնաց որ պատմութիւնը ոչ թէ պետութիւններուն այլ ժողովուրդներուն կը պատկանի: Այդ իսկ պատճառաւ ալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պետութիւններուն պատմական տարակարծութիւնները լուծելը չի նշանակեր թէ թուրքերը եւ հայերն ալ լուծած են: Վերջապէս պատմութեան մատին պետութիւնները քաղաքական համաձայնութեան մը յանգին իսկ, ժողովուրթներու միջեւ համաձայնութիւնը թիւրին չէ նման քաղաքական որոշումներով իրականացնել: Այդ մասին զգացական ու բարոյական յարաբերութիւններով անցնելիք ժամանակամիջոցի կարիքը կայ: Ժողովուրդներու միջեւ գոյացած սառոյցը հազիւ ջերմ յարաբերութիւններով կը հալին: Փոխադարձ ընկալումները հազիւ յարաբերութեան եւ երկխօսութեան միջավայրի մէջ կը փոխուին: Հետեւաբար «պատմութեան վերլուծումը» իրաւ խնդիր մըն ալ չէ: Արդէն պատմութիւնը վերլուծման կարօտ ալ չէ, այլ միայն ընկալման կարօտ: Իսկ ընկալումը ժամանակի ընթացքին սովորելով, տեղեկանալով եւ ըմբռնելով կ՛իրականանայ, այլ ոչ թէ պետական որոշումներով:
Պատմութիւնը ոչ թէ լուծելի խնդիր մը, այլ սովորելու, ընկալելու եւ գիտակցելով իւրացնելու արժանի իրողութիւն է: Կարճ խօսքով Թուրքիոյ իր պատմական իրողութեան անդրադառնալն է: Իսկ այս միայն Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան պայքարին զարգացումով կ՛իրականանայ:
Անգամ մը եւս ամփոփենք հետեւեալ իրողութիւնը:
Այսօր Թուրքիոյ առջեւ ցցուածը ոչ «ուրանալ» է, ոչ ալ «խօստովանիլ»:
Թուրքիոյ հիմնական հարցը «գիտակցիլ» է:
Գիտակցելու հասնելու համար Թուրքիան պէտք ունի պատմութեան այլընտրանքային լուրջ սերտողութեան եւ այս մէկուն համար ալ ժողովրդավար միջավայրի:
Անարդարութիւն է գիտակցելու շրջան մը բոլորող հասարակութան անհատները ուրանալու կամ խոստովանելու պարտադրող քաղաքական ճնշումներու ենթարկել:
Նման ճնշումը գիտակցելու ընթացքը խափանելու ուղեալ ամենածանր հարուածն է: Գիտակցութենէ զուրկ ուրացումը կամ խոստովանանքը ոչ մէկ նշանակութիւն չունի: Նման գիտակցութեան ընթացքը անտեսողներուն ներքին կամ արտաքին պարտադրութիւնները ընթացքը փոխանակ կարճացնելու, ալ աւելի կ՛երկարեն:
Թուրք հասարակութեան մերօրեայ իրականութիւնը իմացողները պէտք է գիտնան թէ ոչ պատմական իրողութիւնները խոստովանիլը սպասել ոչ ալ ուրացումը պարտադրելը իրաւացի չեն:
Վերջապէս հասարակութիւնը ոչ թէ իրականութիւնը գիտէ ու կ՛ուրանայ, այլ իր գիտցած իրողութիւնը կը պաշտպանէ: Այս ժողովուրդը դեռ մօտ անցեալի «Սուսուրլուքի դէպքը», հողին տակէն ելած «Հիզպուլլահի թիակները--» բացատրելու, անուանակոչելու կը դժուարանայ: Ինչպէ՞ս սպասենք որ ինիսուն տարի առաջ պատահածները ճշգրտօրէն բնութագրէ: Մանաւանդ ալ տարիներ ամբողջ այսքան ծանր ապատեղեկացման ենթարկուելէ ետք:
Կրկին մեր դիմացն է պատմութեան եւ առօրեայ—քաղաքականութեան փարթ--- յարաբերութիւնը: Բոլորս համակարծիք ենք կղպուածութեան մասին: Բայց այսօր Հայ-Թուրք յարաբերութիւնները դիտելով շփոթած—ենք թէ ո՞րն է կղպանքը, ո՞րն է բանալին:
Իրարու հակադրուած են «նախ պատմական խնդիրը լուծենք, ապա յարաբերուինք» ըսողները «նախ յարաբերութիւն մշակենք ապա պատմութեան լուծումը այդ յարաբերութեան մէջ քննարկենք» ըսողներուն հետ:
Մէկուն համաձայն քաղաքականութիւնը կղպանք իսկ պատմութիւնը բանալի է, միւսին համաձայն պատմութիւնը կղպանք, քաղաքականութիւնը բանալի:
Ես քաղաքականութեան բանալի ըլլալուն հաւատացողներէն եմ: Կը հաւատամ թէ ինչ պատճառով ալ ըլլայ պատմութեան կղպանքը բանալ ու խնդիրը շրջանցելը մեր բոլորին հիմնական պարտականութիւնն է: