Պոլսոյ հայոց հիմնարկներու արխիւները կը թուայնացուին Հրանդ Տինք հիմնարկը լայնածաւալ աշխատանք կը տանի՝ Թուրքիոյ բազմամշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու, պահպանելու եւ տեսանելի դարձնելու նպատակով։ Աշխատանքներուն կարեւոր տարրերը կը կազմեն արխիւային ուսումնասիրութիւնները։ Այդ շրջագծով, 2022 թուականէն ի վեր սկսած ենք երկարատեւ ծրագրի մը՝ Պոլսահայութեան հիմնարկներուն պատկանող արխիւները պահպանելու ու զանոնք թուային միջավայր տեղափոխելու նպատակով։
Պոլսահայ համայնքի հիմնարկները պատմութեան ընթացքին գոյատեւած են ոչ միայն որպէս կրօնական կամ կրթական հաստատութիւններ, այլ նաեւ որպէս համայնքի մշակութային շարունակականութիւնը ապահովող յիշողութեան տարածքներ։ Այս իմաստով, Պոլսոյ փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու արխիւները հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն Օսմանեան եւ Հանրապետական շրջաններու հասարակական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին վերաբերեալ։
Արխիւային աշխատանքը արխիւներու ֆիզիքական դասաւորման ու պահպանութեան առընթեր, կը ներառնէ նաեւ փաստաթուղթերու թուայնացումը՝ անոնց երկարաժամկէտ եւ կայուն պահպանութիւնը ապահովելու նպատակով։
Ծրագիրը տեսանելի կը դարձնէ Պոլսահայութեան կրթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ թուային արխիւի միջոցով կը նպաստէ այդ ժառանգութեան շուրջ հետազօտական եւ յիշողութեան ուսումնասիրութիւններու զարգացմանը։
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Կերտա Հենքէլ հիմնարկին՝ այս ծրագրի
իրականացման հնարաւորութիւնը ընձեռելու, SALT-ին՝ թուայնացման գործընթացին սարքերով աջակցութիւն ցուցաբերելու, նաեւ բոլոր կամաւորներուն՝ իրենց արժէքաւոր ներդրման համար։
