Հրանդ Տինք Հիմնարկը «Մամուլի մէջ ատելութեան խօսոյթի հետապնդում» ծրագիրը կը շարունակէ իրականացնել 2009 թուականէն ի վեր։ Կրօնական ինքնութիւններու դէմ զատողական լեզուի եւ սեքսիստ ու համասեռականութեան ատելութեան խօսոյթի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար կեանք առած է այս ծրագիրը։ Ինչպէս նաեւ նման հրատարակութիւններու նկատմամբ գիտակցութեան զարգացման, եւ մաս կազմելու մամուլի մէջ ատելութեան խօսոյթի նուազեցման ջանքերուն։ Ծրագիրը կը նպատակադրէ գիտական մօտեցում գոյացնել «ատելութեան խօսոյթի» յղացքին շուրջ, ստեղծել հարթակ մը զատողական եւ ազգայնամոլ խօսոյթին դէմ պայքարելու մեթոտներուն շուրջ քննարկումներ ընելու համար եւ ծանուցել աւելի յարգանքի եւ գիտակից լեզուի մը գործածութիւնը, ի դիմաց համամարդկային իրաւանց եւ փոքրամասնութիւններուն։

Այս աշխատանքի ծիրէն ներս, բոլոր երկրի մակարդակի թերթերը եւ 500-ի շուրջ տեղական թերթեր կը հետապնդուին, նախապէս որոշուած բանալի բառերու հիման վրայ (օրինակ՝ դաւաճան, դաւանափոխ, փախստական, քրիստոնեայ, հրեայ, բաժանարար, եւայլն)։ Ինչպէս նաեւ կը նշուին այն սիւնակները, որ կը պարունակեն զատողական, լուսանցքայինացնող եւ թիրախաւորող խօսոյթ։ Այս նիւթերը արխիւի կը վերածուին Հրանդ Տինք Հիմնարկի Գրադարանին մէջ օրական դրութեամբ եւ որոշ նիւթեր կը հրատարակուին հասարակական ցանցերու միջոցաւ հակիրճ մեկնաբանութիւններով։ Ըստ ուսումնասիրուած նիւթերուն, ի յայտ կու գայ թէ ուր (որ թերթին մէջ), ինչպէս եւ ինչ աղբիւրներ կ՚արտադրեն ատելութեան խօսոյթը ամենէն մեծ յաճախականութեամբ եւ ով են անոնց թիրախները։ Չորս ամիսը մէկ, տեղեկագիր մը կը հրատարակուի, որ կը պարունակէ տուեալ ժամանակահատուածի թուական եւ որակական ուսումնասիրութիւններ ատելութեան խօսոյթի շուրջ։ Այս ուսումնասիրութիւններուն նպատակն է երեւան հանել զատողութեան խօսոյթը, որ աւելի ներքուստ արտայայտուած է, քան ատելութեան խօսոյթը։