Վայելելով Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օժանդակութիւնը, «Դէպի նոր խօսոյթ եւ երկխօսութիւն» ծրագիրը քաղաքացիական հասարակութեան ծրագիր մըն է, որ կը կիրառուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի ղեկավարութեամբ, գործակցութեամբ Հասարակութեան կամաւորներու հիմնադրամին, Կեանքի օժանդակութեան հիմնադրամին եւ Սապանճը համալսարանին։

Ծրագիրը ձեւաւորուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի «Մամուլի մէջ ատելութեան խօսոյթի հետապնդում» ծրագիրի սկզբունքներուն վրայ, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս սուրիացի փախստականներուն դէմ նախապաշարումները կ՚աւելնան, մանաւանդ 2014 թուականէն ի վեր, եւ յաճախ կը գործածուի խօսոյթ մը, որ կ՚անտեսէ մարդկային իրաւունքները։ Այս պատճառով, «Դէպի նոր խօսոյթ եւ երկխօսութիւն» ծրագիրը կը նպատակադրէ՝

  • հասարակութեան, մամուլի եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ համագործակցութիւնը աւելցնել, Թուրքիոյ մէջ համակեցութեան կարելիութիւնը զարգացնելու համար,
  • սուրիացի փախստականներու հանդէպ զատողութեան, զատողական խօսոյթի եւ ատելութեան խօսոյթի դէմ գիտակցութեան գոյացումի համար,
  • մարդկային իրաւանց վրայ հիմնուած նոր խօսոյթ մը ստեղծելու համար։

Ծրագիրին լսարանն են՝ հասարակութիւնը, մամուլը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը տեղակայուած Հաթայի, Շանլըուրֆայի եւ Իսթանպուլի մէջ՝ երեք վայրեր, որ կը հիւրընկալեն մեծ թիւով փախստական բնակչութիւն։ Ծրագիրին բուն աշխատանքն է, զարգացնել եւ տարածել չափահասներու պատրաստութեան ոչ-պաշտօնական միջոց մը, ինչպէս նաեւ իրականացնել դէմ-առ-դէմ հանդիպումներ, կլոր սեղանի նիստեր, միջազգային նիստեր, աշխատանոցներ եւ պաշտպանական աշխատանքներ, գաղթականութեան եւ փախստականներու վերաբերեալ բնագաւառի մասնագէտներու հետ։