Հրանդ Տինք Հիմնարկը, 2015 Մարտ թուականէն ի վեր իր աշխատանքները կը շարունակէ Անարատ Յղութիւն շէնքին մէջ։

Անարատ Յղութիւն Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը հիմնուած է 1840-ական թուականներուն, նպատակ ունենալով հայ կաթոլիկ համայնքը, յատկապէս կարիքաւոր անչափահաս աղջիկները, հոգեւոր կեանքի մօտեցնելու եւ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար։ Միաբանութիւնը ծրագրուած է Հայ Կաթոլիկ Պատրիարք Պետրոս 9-րդի կողմէ եւ գործադրուած է Քոյր Հաճի Անտոնեանի ձեռամբ։

Իր կեդրոնատեղին Բերայի Վալիտէ Չէշմէ փողոցին մէջ հիմնելէն ետք, Միաբանութիւնը Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական վարժարան, ապա արեւելեան նահանգներու եւ Կիլիկիոյ քսանէ աւելի քաղաքի եւ գիւղի մէջ կը տանի կրթական գործունէութիւն։

Պէյօղլուի Անարատ Յղութիւն Հայ Կաթոլիկ Քոյրերու Վանքի եւ Դպրոցի Հիմնարկին պատկանող Փանկալթըի Անարատ Յղութիւն Վարժարանը կը բացուի 1903 թուականին։ Առաջին շէնքը անբաւարար ըլլալով, 1915 թուականին կը փոխադրուի Հարպիէ՝ Էօլչէք փողոցի (այժմ Փափա Ռոնճալլի փողոց) թիւ 198։ Դպրոցը առաջին տարինրուն կը ծառայէ որպէս նախակրթարան եւ միջնակարգ։ 1922-23 կրթական տարեշրջանին կը փակուի միջնակարքի բաժինը։ 1949 թուականին կը բացուի մանկապարտէզի բաժին։ 1949, 1956 եւ 1972 թուականներուն շէնքը անցած է վերանորոգումէ։ 2004 թուականին, հիմնարկութեան վարչութիւնը որոշում կ՚առնէ դադրեցնել դպրոցին գործունէութիւնը, աշակերտներուն թիւին սակաւութեան պատճառով։ 1961-1964 թուականներու միջեւ 12 ուսուցիչ եւ 235 աշակերտ ունեցող դպրոցը, վերջաւորութեան՝ 1995 թուականին ունեցած է 54 աշակերտ նախակրթարանի բաժինը եւ 14 աշակերտ մանկապարտէզի բաժինը։