Հրանդ Տինք Հիմնարկի գրադարանը հիմնուած է Հիմնարկի յարկին տակ հաւաքուած հատորները ունենալով որպէս սկզբնական հաւաքածոյ։ Գրադարանը այսօր ունի 6000 հատոր, որուն մեծ մասը կը կազմեն թրքերէն եւ հայերէն գիրքերը, իսկ մնացածը կազմուած է անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, արաբերէն, յունարէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներով գիրքերէ։ Հրանդ Տինք Հիմնարկի գրադարանը կ՚ընդունի եւ կը շարունակէ զարգանալ գիրքերու եւ արխիւային նիւթերու նուիրատուութիւններով։ Ակնկալուած նիւթերը կը վերաբերին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն, հայագիտութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, լեզուին եւ գրականութեան։

Հրանդ Տինք Հիմնարկի գրադարանին այցելուները կրնան օգտուիլ բոլոր նիւթերէն եւ աղբիւրներէն տեղւոյն վրայ։

Գրացուցակը հասանելի է այս յղումով:

Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը հաւաքագրէ եւ կը փաստագրէ հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ շօշափելի եւ անշօշափելի մշակութային ժառանգութիւնը։ Հիմնարկին տարած ուսումնասիրութիւնը կը շարունակէ զարգացնել ցանկը այս մշակոյթներուն պատկանող կառոյցներուն՝ պաշտամունքի վայրեր, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, որբանոցներ, գերեզմաններ։ Հիմնարկին աշխատանքները նաեւ կը ներառնեն ծրագիրներ այս կառոյցները պահպանելու համար, նպատակ ունենալով երեւան հանել եւ ծանօթացնել բազմամշակոյթ ժառանգութիւնը։ Այլ աշխատանքներ են՝ բանաւոր պատմութեան, անձնական արխիւներու, լուսանկարներու, վաւերաթուղթերու եւ գիրքերու հաւաքագրումը եւ թուայնացումը, նպատակ ունենալով հաւաքական յիշողութիւնը պահպանել եւ այս աղբիւրները հասանելի դարձնել հետաքրքրուած ուսումնասիրողներուն։

Արխիւը հասանելի է այս յղումով: