Հրանդ Տինք Հիմնարկը, «Կալաթա ֆօթօկրաֆհանէսի» լուսանկարչական կաճառը, «Ֆրի փրէս անլիմիթըտ»-ը եւ «Գիւմրու երիտասարդական նախաձեռնութիւնների կենտրոն»-ը միասին կազմակերպած են «Երկխօսութիւնը զարգացնելու համար բազմամիջոց ձեռնարկներու ծրագիր»-ը, օժանդակութեամբ Հոլանտայի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Բրիտանական դեսպանութեան։ Ծրագիրին նպատակն է ուղղակի հաղորդակցութիւն հաստատել Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն լուսանկարիչներու եւ լրատուական լուսանկարիչներու միջեւ եւ անոնց զօրակցիլ հինգ արտադրական ծրագիրներու միջոցաւ միատեղ մտածելու եւ երկխօսութիւնը զարգացնելու երկու երկիրներուն միջեւ։