2009 թուականէն սկսեալ, Հրանդ Տինք Հիմնարկը կը կիրարկէ Թուրքիա-Հայաստան լրագրողներու երկխօսութեան ծրագիրը, զարկ տալու Թուրքիա եւ Հայաստան լրագրողներու միջեւ յարաբերութիւններուն եւ սատարել ուղղակի եւ ճշգրիտ հաղորդակցական, տեղեկատուական եւ լրատուական միջոցներու հաստատման երկու երկիրներուն միջեւ։ Քաջ կը հաւատանք, որ դրացի երկրին մէջ ժամանակ անցնելը կը խաղայ էական դեր մը անոր ժողովուրդը ճանչնալու՝ մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական առումներով, ինչպէս նաեւ առաւել զօրաւոր մշակութային զբօսաշրջային եւ մասնագիտական կապեր հաստատելու համար։

Ամէն տարի, տասական լրագրող իւրաքանչում երկրէն կ՚այցելեն դրացի երկիրը մէկ շաբթուան տեւողութեան ծրագիրի մը ամբողջացնելու։ Այս լրագրողները աշխատակիցներն են զանազան թերթերու, հեռատեսիլներու եւ առցանց լրատուամիջոցներու։ Շնորհիւ այս ծրագիրին, լրագրողները իրենց առաջին այցելութիւնը կը կատարեն դրացի երկիր, ուր դէմ առ դէմ հանդիպումներ կ՚ունենան առնուազն 15 անձնաւորութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ներառեալ իրենց գործընկերները, լրատուական կազմակերպութիւններ, քաղաքական դէմքեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ եւ ակադեմականներ։