Հոգեվիճակիս աղաւնական խռովքը
Չանհանգստացայ, երբ Շիշլիի հանրապետական դատախազութիւնը անձիս մասին հարցաքննութեան ձեռնարկեց «թրքութիւնը անարգելու» մեղադրանքով։
Առաջինը չէր։ Նման դատի մը արդէն ծանօթ էի Ուրֆայէն։ 2002-ին Ուրֆա կայացած խորհրդաժողովի մը ըսած էի, թէ «թուրք չեմ, թուրքիացի եւ հայ եմ», եւ այս պատճառով կը դատուէի երեք տարիէ ի վեր «թրքութիւնը անարգելու» մեղադրանքով։ Դատական նիստերու ընթացքէն իսկ տեղեակ չէի։ Չէի հետաքրքրուեր։ Ուրֆայէն փաստաբան բարեկամներ նիստերը կը վարէին իմ բացակայութեանս։
Բաւական անտարբեր էի, երբ Շիշլիի դատախազին գացի ցուցմունք տալու։ Վերջապէս կը վստահէի իմ գրութեան եւ նպատակիս։ Դատախազը, երբ ո՛չ միայն ինքնին անհասկնալի այդ նախադասութիւնը, այլ ամբողջ յօդուածը երբ քննէր, դիւրութեամբ պիտի հասկնար, որ «թրքութիւնը անարգելու» նման նպատակ մը չունիմ, եւ պիտի վերջանար այս կատակերգութիւնը։
Վստահ էի, որ հարցաքննութեան աւարտին դատ պիտի չյարուցուի։

Կը վստահէի ես ինծի
Ո՜վ զարմանք… Դատը բացուած էր։
Լաւատեսութիւնս չկորսնցուցի։
Այնքան որ, հեռատեսիլի հաղորդումի մը ժամանակ, որուն մասնակցած էի հեռաձայնով, զիս ամբաստանող փաստաբան Քերինչսիզին ըսի, թէ «թող չյուսադրուի, այս դատավարութեան աւարտին պատիժ մը պիտի չկրեմ, եւ եթէ պատժուիմ՝ պիտի լքեմ երկիրը»։ Ինքնավստահ էի. իրապէ՛ս, գրութեանս մէջ թրքութիւնը անարգելու նման նպատակ կամ դիտաւորութիւն մը -երբեք ու երբեք- չունէի։ Անոնք, որոնք կարդային յօդուածաշարքիս գրութիւնները, յստակօրէն պիտի հասկնային ասիկա։
Իսթանպուլի համալսարանէ երեք դասախօս, որոնք որպէս փորձագէտ նշանակուած էին, այս ուղղութամբ տեղեկագիր մը պատրաստած էին արդէն։ Պատճառ մը չկար մտահոգուելու. դատավարութեան այս կամ այն փուլին անպայման ետդարձ պիտի կատարուէր սխալէն։

«Համբերէ՛, հոգի՛ս, համբերէ»...
Սակայն ետդարձ չեղաւ։
Հակառակ փորձագիտական տեղեկագրին, դատախազը պատիժ պահանջեց։
Ապա, դատաւորը վեցամսեայ ազատազրկումի որոշում կայացուց։
Երբ դատապարտումի որոշումը լսեցի, ինքզինքս գտայ ցաւալի ճնշումին տակ յոյսերուս, զորս սնուցած էի դատավարութեան ողջ ընթացքին։ Զարմացած էի… Սրտաբեկութիւնս եւ ըմբոստացումս անսահման էր։
«Թող որոշումը հրապարակուի, անպարտ արձակուիմ, տեսէք այն ժամանակ ինչպէս պիտի զղջաք ձեր խօսածներուն, գրածներուն», ըսած ու դիմադրած էի օրերով, ամիսներով։
Իւրաքանչիւր դատական նիստի առթիւ, լրագրային նիւթերու, սիւնակներու մէջ, հեռատեսիլի հաղորդումներու ժամանակ կը նշուէր, թէ «թուրքին արիւնը թունաւոր է» ըսած եմ։
Ամէն անգամ քիչ մը եւս հանրայայտ կը դարձուէի որպէս «թուրքի թշնամի»։
Դատարանի միջանցքներուն, ֆաշիսթները վրաս կը յարձակէին, ցեղապաշտ հայհոյանքներով։
Պաստառներով անարգանքներ կը տեղացնէին։ Ամէն անգամուն քիչ մը եւս կը բազմանային արդէն հարիւրներու հասած ու ամիսներէ ի վեր շարունակուող սպառնալիքները՝ տեղացող հեռաձայնով, իմակով, նամակով։
«Համբերէ՛, հոգի՛ս», կ՚ըսէի այս բոլորին դիմաց ու կը դիմանայի՝ անպարտ արձակումի որոշումին սպասելով։
Երբ որոշումը հրապարակուէր ճշմարտութիւնը երեւան պիտի գար եւ այս մարդիկ պիտի ամչնային իրենց ըրածներուն համար։

Անկեղծութիւնը՝ միակ զէնքս
Ահա որոշումը ելած էր եւ բոլոր յոյսերս ցնդած էին։
Այլեւս մարդու մը պատահելիք ամէնէն նեղացուցիչ դիրքին վրայ էի։
Դատաւորը որոշումը կայացուցած էր «յանուն թուրք ժողովուրդի» եւ իրաւական կերպով ամրագրուած էր «թրքութիւնը անարգելս»։
Կրնայի ամէն ինչի հանդուրժել, սակայն անկարելի էր այս մէկուն դիմանալս։
Ըստ իմ ըմբռնողութեան, ցեղապաշտութիւն է ազգային կամ կրօնական որեւէ տարբերութեան պատճառով մէկու մը իր բնակակիցները անարգելը եւ ասիկա աններելի էր։
Ահա այս հոգեվիճակի մէջ էի, երբ հետեւեալ յայտարարութիւնները կը կատարէի դրանս առջեւ սպասող մամուլէ բարեկամներուս, որոնք կ՚ուզէին յստակեցնել, թէ «ըստ նախնական յայտարարութեանս, արդեօք պիտի լքէի՞ երկիրը». «Պիտի դիմեմ փաստաբաններուս։ Պիտի դիմեմ Վճռաբեկ ատեան եւ ի հարկին՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեան։ Եթէ այս գործընթացներու որեւէ մէկուն չարդարանամ՝ պիտի լքեմ իմ երկիրը։ Քանի որ, ըստ իս, նման յանցանքով մը դատապարտուած մէկը իրաւունք չունի բնակելու այն քաղաքացիներուն հետ, զորս անարգած է»։
Ինչպէս միշտ, այս խօսքերը արտասանած պահուն ալ դիւրայոյզ էի։ Անկեղծութիւնն էր միակ զէնքս։

Սեւ երգիծանք
Բայց եկէք ու տեսէք, որ զիս Թուրքիոյ մարդերուն առջեւ մեկուսացնել ու բաց թիրախի մը վերածել փորձող ընդյատակեայ ուժը պատրուակ մը եւս յարմարցուց իմ յայտարարութեան եւ դատ բացաւ դատական իշխանութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնել ուզելու յանցանքով։ Աւելին, այս յայտարարութիւնը հրապարակած էին բոլոր լրատուական միջոցները, սակայն «Ակօս»ի հրապարակումը դարձաւ անոնց աչքին փուշը։ «Ակօս»ի պատասխանատուները եւ ես սկսանք դատուիլ դատական իշխանութեան ազդելու պատճառով։
Երեւի ասիկա է «սեւ երգիծանք» կոչուածը։
Ես ամբաստանեալն եմ. ո՞վ կրնայ դատական իշխանութեան ազդելու իրաւունք ունենալ, եթէ ոչ ամբաստանեալը։
Բայց տեսէ՛ք սա զաւեշտը. Ամբաստանեալը կը դատուի դատական իշխանութեան ազդելու փորձով։

«Յանուն թրքական պետութեան»
Պէտք է խոստովանիմ, որ ամբողջովին կորսնցուցած եմ Թուրքիոյ «արդարադատութեան համակարգին» եւ «իրաւագիտութիւն» հասկացութեան նկատմամբ վստահութիւնս։
Ինչպէ՞ս չկորսնցնէի։ Բոլոր այս դատախազները, այս դատաւորները համալսարանաւարտ, իրաւագիտութեան ֆաքիւլթէներ աւարտած մարդիկ չե՞ն։ Պէտք չէ՞ ունենային իրենց կարդացածը հասկնալու ունակութիւնը։
Բայց եկէք ու տեսէք, որ այս երկրին դատական իշխանութիւնը անկախ չէ, ինչպէս առանց երկմտելու կը յայտարարեն պետական ու քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ։
Դատական իշխանութիւնը կը պաշտպանէ ո՛չ թէ քաղաքացիի, այլ պետութեան իրաւունքը։
Դատական իշխանութիւնը ո՛չ թէ քաղաքացիի կողքին է, այլ կը գործէ պետութեան դրդումով։
Լրիւ վստահ էի, որ իմ մասիս տրուած որոշման մէջ թէեւ «յանուն թուրք ազգի» գրուած էր, սակայն յստակ էր, թէ առնուած որոշումը
ո՛չ թէ «յանուն թուրք ազգի» էր, այլ «յանուն թրքական պետութեան»։ Ուրեմն, փաստաբաններս պիտի դիմէին Վճռաբեկ ատեան, սակայն ինչպէ՞ս կրնայինք ապահով ըլլալ, թէ չափուսահմանս ինծի սորվեցնել որոշած ընդյատակեայ ուժերը այնտեղ եւս պիտի չբանեցնէին իրենց ազդեցութիւնը։
Եւ յետոյ, Վճռաբեկ ատեանի որոշումները մի՞շտ ճիշդ էին։
Վճռաբեկ ատեանի կողմէ ստորագրուած չէի՞ն այն անիրաւ որոշումները, որոնք փոքրամասնական հաստատութիւններու ձեռքէն խլած էին անոնց կալուածները։

Հակառակ Աւագ դատախազի ջանքերուն
Ուստի դիմեցինք. Բայց ի՞նչ տարբերութիւն։
Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը ճիշդ այնպէս, ինչպէս նշուած էր փորձագէտներու տեղեկագրին մէջ, յայտարարեց, թէ պատժելի ոչ մէկ տուեալ կայ եւ պահանջեց իմ անպարտ արձակումս, բայց Վճռաբեկը հակառակ այս յայտարարութեան՝ զիս յանցաւոր հռչակեց:
Ինչքան որ ե՛ս վստահ էի իմ գրածէս, նոյնպէս Վճռաբեկ ատեանի դատախա՛զն էր վստահ իր կարդացածէն ու հասկցածէն, եւ որոշումը բողոքարկեց ու դիմեց Ընդհանուր խորհուրդին։
Բայց, ի՞նչ ըսեմ. այդ մեծ ուժը, որ վճռած էր չափուսահմանս յայտնել ինծի, եւ դատավարութեանս իւրաքանչիւր փուլին ինծի համար անիմանալի միջոցներով զգալի կը դարձնէր իր ներկայութիւնը, ահաւասիկ դարձեալ վարագոյրի ետեւն էր: Արդարեւ, Ընդհանուր խորհուրդն ալ քուէներու մեծամասնութեամբ յայտարարեց, թէ անարգած եմ թրքութիւնը:

Աղաւնիի նման
Բացայայտ է, որ անոնք, որոնք ջանք չեն խնայեր զիս մեկուսացնելու, տկարացնելու եւ անպաշտպան դարձնելու, իրենց տեսանկիւնէն, հասան իրենց նպատակին: Այժմէն իսկ, հանրութեան իրենց ներարկած կեղտոտ եւ սխալ տեղեկութիւններուն ազդեցութեամբ՝ ստեղծած են ոչարհամարհելի թուաքանակով կարեւոր խաւ մը, որ Հրանդ Տինքը կը նկատէ «թրքութիւնը անարգող» անձ մը։
Համակարգիչիս ընթացիկ էջերն ու յիշողութիւնը բեռնուած է նման քաղաքացիներու ղրկած բարկութեան եւ սպառնալիքի տողերով:
Այդ նամակներէն մէկը, որ թղթատարին յանձնուած էր Պուրսայէն, անմիջական վտանգ ներկայացնելուն՝ մտահոգեց զիս եւ հակառակ անմիջապէս Շիշլիի դատախազութեան յանձնելուս, մինչեւ օրս որեւէ արդիւնք չեմ ստացած: Քանի տեղն է՝ ուզեցի նշել։
Այս սպառնալիքները որքանո՞վ ճշմարիտ են, որքանո՞վ չեն։ Բնականաբար անկարելի է որ գիտնամ:
Ինծի համար բուն սպառնալիքը եւ անհանդուրժելին՝ հոգեկան այն տանջանքն է, զոր կ՚ապրիմ իմ մէջ:
«Այս մարդիկը հիմա ի՞նչ կը մտածեն իմ մասին». հարցում, որ կը կրծէ ուղեղս:
Դժբախտաբար, անցեալի համեմատ աւելի հանրածանօթ դարձած եմ այլեւս կը զգամ, որ մարդիկ ակնարկ մը կը նետեն դէպի ինծի եւ կ՚ըսեն. “Աաա՜, տե՛ս, ասիկա այդ հայը չէ՞”:
Եւ բնազդաբար կը սկսիմ ինքզինքս տանջելու:
Այս տանջանքին մէկ երեսը հետաքրքրութիւնն է, միւսը՝ խռովքն է:
Մէկ երեսը ուշադրութիւնն է, միւսը՝ երկչոտութիւնը:
Կը նմանիմ ճի՛շդ աղաւնիի մը…
Անոր չափ՝ աջ-ձախ, ետեւ-առջեւ աչք նետողի վիճակի մէջ եմ:
Գլուխս անոր գլխուն չափ շարժուն է… եւ մէկ պահէն միւսը իսկոյն դարձնելու չափ ալ արագ:

Ահա՛, ձեզի գինը
Ի՞նչ կ՚ըսէր արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլ: Ի՞նչ կ՚ըսէր արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչեք:
“301-ը այդքան ալ չափազանցելու չէ: Կա՞յ մէկը, որ դատապարտուած կամ բանտարկուած ըլլայ”:
Կարծես՝ գին վճարելու համար անպայման բանտ պէտք է մտնել:
Ահա՛ գինը… Ահա՛ գինը…
Ո՜վ նախարարներ, արդեօք գիտէ՞ք, թէ ինչպիսի գին է մարդ արարածը աղաւնիի երկչոտութեան մէջ բանտարկելը: Գիտէ՞ք:
Դուք բնաւ չէ՞ք դիտեր աղաւնիները:

«Մահուկենաց» ըսածնին
Դիւրին գործընթաց մը չէ, զոր կ՚ապրիմ… զոր կ՚ապրինք ընտանեօ՛ք:
Եղան պահեր, երբ լրջօրէն մտածեցի նոյնիսկ երկիրը լքել:
Յատկապէս, երբ սպառնալիքները սկսան մերձենալ հարազատներուս…
Այդտեղ միշտ անճար էի:
Այս ըլլալու է «մահուկենաց» ըսուածը: Կրնայի իմ սեփական կամքի դիմադրողն ըլլալ, բայց իրաւունք չունէի որեւէ հարազատիս կեանքը վտանգելու: Կրնայի իմ անձիս հերոսն ըլլալ, բայց ո՛չ միայն հարազատներս, նոյնիսկ որեւէ մէկը վտանգելով՝ քաջութիւն ընելու իրաւունք չունէի:
Ահա, ճարահատ նման պահերուն՝ ընտանիքս, զաւակներս հաւաքեցի, անոնց ապաստանեցայ եւ ամենամեծ նեցուկը անոնցմէ ստացայ: Կը վստահէին:
Ո՛ւր որ ես էի, անոնք ալ հո՛ն պիտի ըլլային:
«Երթա՛նք» ըսեմ՝ պիտի գային, «մնանք» ըսեմ՝ պիտի մնային:

Մնալ եւ դիմադրել
Լաւ, բայց եթէ երթայինք՝ ո՞ւր պիտի երթայինք:
Հայաստա՞ն:
Ինծի նման մէկը, որ չի հանդուրժեր անարդարութիւններու, ինչպէ՞ս պիտի հանդուրժէր այնտեղի անարդարութիւններուն:
Արդեօք հոն աւելի մեծ փորձանքներ պիտի չբարդուէի՞ն գլխուս:
Դէպի եւրոպական երկիրներ երթալը բնաւ չէր հրապուրեր զիս:
Արդարեւ, մէկն եմ, որ երբ երեք օր Արեւմուտք երթայ, չորրորդ օրը նեղութենէ գալարելով՝ «ա՛լ թող վերջանայ, վերադառնամ» կ՚ըսէ եւ իր երկիրը կը կարօտնայ։ Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէի այդ կողմերը:
Հանգիստ նստիլը զիս պիտի խանգարէր:
«Եռացող դժոխք»ները լքելով՝ դէպի «պատրաստի դրախտներ» փախչիլը ամէն բանէ առաջ բնաւ յարիր չէր իմ նկարագրիս:
Մենք այն մարդոցմէ էինք, որոնք հետամուտ են իրենց ապրած դժոխքը դրախտի վերածելու:
Թուրքիա մնալն ու ապրիլը՝ թէ՛ մեր իսկական ցանկութիւնն էր, թէ՛ ալ այդպէս կը թելադրէր այն յարգանքը, զոր կը տածէինք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան պայքար մղող, մեզի թիկունք կանգնող ծանօթ կամ անծանօթ հազարաւոր բարեկամներու նկատմամբ։
Պիտի մնայինք ու պիտի դիմադրէինք:
Սակայն եթէ օր մը ստիպուինք մեկնելու… Ճամբայ պիտի ելլենք ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ին… Մեր պապերուն նման… Առանց գիտնալու, թէ ո՛ւր կ՚երթանք… Քալելով՝ անոնց քալած ճամբաներէն… Զգալով չարչարանքը, ապրելով տանջանքը…
Ահա այսպէս դժգոհելով պիտի լքէինք մեր հայրենիքը: Եւ պիտի երթայինք դէպի հոն, ուր ո՛չ թէ մեր սիրտը, այլ մեր ոտքերը կը տանին… Ո՜ւր որ է…

Երկչոտ ու ազատ
Կը յուսամ չհարկադրուիլ ապրելու նման լքում մը: Նման բան չապրելու համար արդէն ունինք լի յոյսեր, լի պատճառներ:
Հիմա այլեւս կը դիմեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան:
Այս դատը քանի՞ տարի կը տեւէ, չեմ կրնար գիտնալ:
Ինչ որ գիտեմ այն է, որ -եւ ատիկա քիչ մը կը հանգստացնէ զիս,- գոնէ առնուազն մինչեւ այդ դատին աւարտը պիտի շարունակեմ ապրիլ Թուրքիոյ մէջ:
Եթէ ատեանը ի նպաստ ինծի վճիռ մը արձակէ՝ անկասկած շատ պիտի ուրախանամ եւ այդ ալ կը նշանակէ, որ այսուհետեւ երբեք պիտի չստիպուիմ լքելու երկիրս:
Հաւանաբար 2007-ը ինծի համար ա՛լ աւելի դժուար տարի մը պիտի ըլլայ:
Դատերը պիտի շարունակուին, նորերը պիտի սկսին: Ո՞վ գիտէ դեռ ինչպիսի՜ անիրաւութիւններու դէմ յանդիման պիտի մնամ:
Բայց մինչ այս բոլորը պատահին՝ հետեւեալ իրողութիւնը պիտի համարիմ իմ միակ երաշխիքը:
Այո՛, թերեւս ես զիս աղաւնիի խռովքի մը մէջ կը զգամ, բայց գիտեմ, որ այս երկրին մէջ մարդիկ աղաւնիներուն չեն դպչիր:
Աղաւնիները քաղաքին մինչե՜ւ խորքը, մարդկային բազմութիւններուն մէջ իսկ կը շարունակեն իրենց կեանքը:
Ճիշդ է՝ քիչ մը երկչոտ, բայց նոյնքան ալ ազատ: